Ատանայի Ողբերգութենէն
Հերոս Հելլենուհի Մը
Աթէնքի մեր պաշտօնակից «Ազատ օր» այս յուզիչ եւ իսկապէս հերոսական դրուագը թարգմանած է Ք. Ֆ. Սքոքոսի 1910-ի տարեգիրքէն, որ ազնուօրէն իր տրամադրութեան տակ դրած է ցարդ անծանօթ մնացած` հերոս հելլենուհի, մեծ մարդասէր եւ հայասէր Փիփինա Արթեմիի թոռնուհին` տիկին Փոլիխրոճի:
Մարդկային ո՞ր խիղճը չցնցեց 1909 ապրիլին Կիլիկիոյ Ատանա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած սահմռկեցուցիչ, աներեւակայելիօրէն ահաւոր ողբերգութիւնը: Պատմութիւնը` ապշահար, զայն ամենամութ ու գարշելի գոյներով պիտի արձանագրէ եւ յետնորդներու անաթեմիային (նզովքին) պիտի յանձնէ` իբրեւ դարուս ամէնէն եպերելի խարանը:
Քսան հազար հայեր` այր, կին, ծեր, երիտասարդ, տղայ, մանուկ, ջարդուեցան ամէնէն գազանային կերպով, մոլեգնած թուրք խուժանին կողմէ, որ հայկական թաղամասը քարիւղով օծելէ եւ բոցերուն յանձնելէ ետք, հրդեհի մոլեգնութենէն ճողոպրած զոհերը սուրէ անցուց, յափշտակումի եւ թալանի անձնատուր եղաւ` շուրջբոլորը մահ եւ սարսափ սփռելով: Օրեր ու գիշերներ շարունակ կը լսուէին ողբերն ու հեծեծանքները զոհերուն ու Սարոս գետը` անմեղներու արիւնով կարմրած, հեռուն, դէպի ծով կը տանէր ահատեսիլ եւ անկերպարան դիակներ:
Ջարդի եւ աղէտի տեսարաններուն մէջէն ահա՛ կը ցցուի կնոջական դէմք մը` իբրեւ սփոփարար հրեշտակ, պաշտպան ու փրկիչ:
Յարգելի ալեհեր տիկին Փիփրինա Ռ. Արթեմին է ան:
Իր իշխանական տունը կը գտնուի սկիզբը հայկական թաղամասին, որուն վրայ կ՛իշխէ իր պատկառազդու զանգուածով: Կը գործածուի նաեւ իբրեւ ռուսական հիւպատոսարան, զոր կը վարէ իր զաւակը` Եուաննիս:
Աղէտի դեւը շուրջը սարսափ ու գլխապտոյտ կը սփռէ: Խուճապը փախուստի կը մատնէ ամէնքը: Խելացնոր կը փախչին ամէնքը` փրկութեան ապաստան փնտռելով մոլուցքէն արիւնածարաւ մարդ-գազաններուն, որոնք վարը, ճամբուն վրայ կ՛աղաղակեն: Վտանգը կը սպառնայ իր կեանքին ալ: Մինակ է մեծ ջարդին օրը: Մինակ` երկու սպասաւորներու եւ երկու սպասուհիներու հետ: Տղան կը բացակայի, Մերսին կը գտնուի: Բայց չի հեռանար հերոս պառաւը: Իր փրկութեան մասին չի՛ մտածեր: Իր սիրտը կ՛արիւնեն ու կտոր-կտոր կ՛ընեն ողբերն ու հեծեծանքները ջարդուող հայերուն, որոնց թաղամասը կցուած է իր տան մեծ շրջափակին: Օ՜, եթէ կարենար փրկել խեղճ արարածներ, անոնց պաշտպանութեան համար անթափանց զրահ ընել իր տկար կուրծքը, որ այդ պաշտօնական պահուն կը թրթռար այլասիրութեան եւ ինքնազոհողութեան սուրբ տրոփներով:
* * *
Յանկարծ լուսաւոր գաղափար մը կը լուսաւորէ անձկութեան մատնուած իր հոգին: Եւ սպասաւորներուն կը հրամայէ, որ տան ետեւի շրջափակի պատին վրայ անտեսանելի պզտիկ ծակ մը փութան բանալ գաղտնօրէն: Ու քիչ ետք մեծ մարդասէրի յարկին տակ ապաստան կը գտնեն չորս հազար կիներ ու տղաք, որոնց ժամէ ժամ կը սպառնային կրակն ու դանակը:
Բայց դուրսէն եղելութեան կ՛անդրադառնայ վայրագ խուժանը: Կը տեսնէ, որ որսը խոյս կու տայ ու կ՛ընդվզի, եւ արեան ծարաւը աւելի կը կատղեցնէ զայն: Քիչ կը մնայ, որ խորտակէ դուռը: Եւ այն ատեն աղէտը ներս պիտի խուժէ անզուսպ կերպով: Բայց համբերատար տիկինը կ՛ընդդիմանայ անվեհեր: Ամէն ինչ կ՛արհամարհէ: Մէկ ձեռքը յունական ու միւս ձեռքը ռուսական դրօշակները բռնած` մինակը պատշգամ կ՛ելլէ: Կորովի կերպով կը կենայ այսահար խուժանին դէմ: Կը բողոքէ, անոնց կոչ կ՛ընէ, կը պաղատի:
Թուրքերը զայն կը ճանչնան: Անոնց համար միշտ յարգելի հիւպատոսուհին է: Մինչեւ երէկ իր անունը յարգանք կը պարտադրէր: Անցած ատենը` ամէնքը ճամբայ կը բանային: Բայց հիմա՞: Իր ձայնը կը խեղդուի աննկարագրելի աղմուկին մէջ: Իր տեսքը, պահ մը կը զսպէ մարդակերներու խոյանքը: Բայց իր ապաստանարանի պաշարումը հետզհետէ աւելի կը սաստկանայ:
Մինչ այդ, Ատանայի վալին, Արթեմի ընտանիքին ընտանեկան բարեկամը, ահաւոր տեսարանին կը տեղեկանայ եւ շտապով իր վստահելի մարդիկը ղրկելով` վտանգի տակ եղող տիկնոջ, անոր կը թելադրէ իր ապարանքի կիներու բաժինը (գոնաքի հարելիքը) ապաստանիլ ու փրկուիլ: Բայց ան կը մերժէ հպարտօրէն: Ու գրաւոր կը պատասխանէ, թէ կը նախընտրէ իր դժբախտ հիւրերուն հետ մեռնիլ: Բարբարոսները, ներս խուժելու եւ անցնելու համար, նախ իր դիակին վրայ պիտի կոխեն: Եւ անկէ (վալիէն) կը պահանջէ` յանուն մարդասիրութեան եւ իրենց ընտանեկան բարեկամութեան, փութալ իր պաշտպանութեան տակ գտնուող դժբախտ արարածները փրկել:
Վալին կը յուզուի: Ու քիչ յետոյ, շտապով քառասուն ձիաւոր ոստիկան-զինուորներ կը ղրկուին` իր տան անձեռնմխելիութեան հսկելու համար:
Եւ հիւրընկալ տունը քսան օր հսկողութեան ու պաշտպանութեան տակ կը մնայ: Կիներն ու մանուկները կը փրկուին մահասփիւռ դանակէն, որ մօտեցած էր իրենց յուսահատ գլուխներուն: Բայց, ինչպէ՞ս պիտի ազատին սովամահութենէ:
Եւ սակայն մեծասիրտ բարերարուհին առաջին վայրկեանէն այդ մասին ալ խորհած էր: Կը հեռագրէ Մերսինի ռուս հիւպատոսին` նոյնպէս ծանօթ ու սիրուած մարդասէր Պ. Անտոնիոս Մաւրոմաթիսին, որպէսզի ուտելիք ղրկէ շուտով: Պատահմամբ Մերսին կը գտնուի իր զաւակն ալ, որ կ՛օգնէ առաքումին: Ահագին բեռները կը շարունակեն ղրկուիլ երկաթուղիով:
* * *
Եւ կ՛աւարտի իր սուրբ գործը, զոր վերէն կ՛օրհնէ ողորմածութեան ու գթասրտութեան Մեծ Աստուածը:
Չորս հազար կիներ ու տղաք կը փրկուին ապահով աղէտէ` մարդասէր հելլէնուհիի հերոսութեան ու ինքնաուրացման շնորհիւ:
Թող օրհնեալ ըլլայ իր անունը: Թող լուսաւոր տառերով քանդակուի սպիտակ էջի մը վրայ, սեւ եւ ահաւոր ողբերգութեան մէջ: Հելլէնուհի տիկինը` Մայր Նախախնամութիւնը ներկայացուց ու մարմնաւորեց: Քաղաքակիրթ աշխարհի աչքին բարձրացուց հելլենական մարդասիրութիւնը եւ հպարտօրէն պատուեց ազգային անունը:
Թող երիցս օրհնեալ եւ անմահ ըլլայ իր անունը: