Նոր Գիտութիւն Մը
Երիտասարդագիտութիւնը
(Սեփական Թղթակցութիւն «Ազդակ»-ի)
Բառը տակաւին չի գտնուիր գործածական բառարաններու մէջ, ո՛չ ալ համապատասխան գիտութիւնը` համալսարաններէ ներս: Սակայն երիտասարդութեան շուրջ կատարուող հետզհետէ աւելի խորունկ եւ ընդարձակածաւալ ուսումնասիրութիւնները որոշակիօրէն անոր կարեւորութիւնն է, որ կ՛ընդգծեն ընկերային արդի կեանքին մէջ, ու բնա՛ւ անհաւանական չէ, որ շատ մօտիկ ապագային համալսարանական նոր ամպիոններ հիմնուին այս նոր գիտութեան ուսումնասիրութեան համար:
Մինչ այդ քանի մը ընդհանուր գաղափարներ` քաղուած Շաւարշ Նարդունիի մէկ դասախօսութենէն, զոր կազմակերպած էր Փարիզի ՀՅԴ Ռուբէն ուսանողական միութիւնը` իր վերակազմութեան նոր հանգրուանին առիթով, հինգշաբթի, յունիս 3-ի երեկոյեան:
Տ. Շ.
Երիտասարդագիտութիւնը ըլլալով երիտասարդութեան ուսումնասիրութիւնը անոր բոլոր երեսներով` նախ եւ առաջ անհրաժեշտ է ճշդել, թէ ի՛նչ կը նշանակէ երիտասարդ:
Ստուգաբանօրէն երիտասարդ բառը կու գայ պահլաւերէն րետակ=դեռահաս եւ սարդ=տարի արմատներէն, որոնք լեզուաբանական փոփոխութեանց ենթարկուելով եւ հայացուելով` տուած են երիտասարդ բառը, որ կը նշանակէ դեռահաս տարիք ունեցող:
Բայց ի՞նչ չափով կարելի է ճշդել այս դեռահաս տարիքին սահմանները:
Ըստ հին իմաստութեան, մարդկային կեանքի մէջ իւրաքանչիւր եօթը տարին անգամ մը փոփոխութիւն մը տեղի կ՛ունենայ: Այսպէս, մինչեւ եօթը տարեկանը մարդ կը կոչուի մանուկ, 7 – 14 տարեկանը` պատանի, եւ 14 – 21 տարեկանը` երիտասարդ: Կայ նաեւ այլաբանական տեսակէտ մը, որ պատասխանն է Եգիպտոսի մեծ սֆինքսին եղած մէկ հարցումին: Ըստ սֆինքսի տեսակէտին, մանկութիւնը 4 ոտքով քալելու շրջանն է, ծերութիւնը 3 ոտքով, իսկ երիտասարդութիւնը` 2 ոտքով:
Սակայն, երիտասարդութիւնը կարելի չէ միայն տարիքով սահմանել, որովհետեւ դժուար չէ գտնել 20 տարեկան ծերեր եւ, ընդհակառակն, 50 տարեկան երիտասարդներ: Տարիքը բացարձակ չափանիշ մը չէ: Կան այլ ազդակներ եւս:
Հոգեբնախօսական գետնի վրայ մանկութիւնը մարսողական գործարաններու կազմութեան շրջան մըն է, պատանեկութիւնը` սեռային գործարաններու կազմութեան շրջան մը, իսկ երիտասարդութիւնը` մարմնական աճումի եւ մտաւոր հասունութեան վերջին հանգրուան մը` լի հոգեկան տագնապներով: Ու ճիշդ այս հոգեկան տագնապներուն պատճառով է, որ անցեալին, ու նաեւ` ներկայիս, երիտասարդութեան շուրջ կազմուած են երբեմն շատ սխալ եւ թերի կարծիքներ:
Նախ` անցեալին մէջ: Երկու տեսանկիւնէ կարելի է մօտենալ հարցին` ժխտական եւ դրական:
Անցեալին մէջ երիտասարդութիւնը ընդհանրապէս նկատուած է որպէս առասպել մը: Հիներու մօտ ուրիշ բան չէր երիտասարդը, եթէ ոչ` իր ծնողքին մէկ սեփականութիւնը: Այսպէս, Աբրահամ նահապետ կը զոհէ իր զաւակը` Իսահակ, ինչպէս պիտի զոհէր ոչխար մը կամ ընծայէր որեւէ ուրիշ նուէր մը` Աստուծոյ: Նոյն գաղափարը տիրական եղած է նաեւ հայոց մէջ: Հայ ծնողքին համար իր երիտասարդ զաւակը պարզապէս աշխատող ձեռք մըն էր, որ կ՛ապրէր ու կը մեծնար ընտանիքին մօտ եւ ամուսնանալէն ետքն իսկ չէր բաժնուեր իր ծնողքէն: Ուրանալով կամ արհամարհելով երիտասարդութիւնը` հիները կը հաւատային, թէ իմաստութիւնը միայն ծերերու մօտ կը գտնուի: Ուրկէ շատ խիստ պայմաններու կացութիւնը երիտասարդներու առջեւ` պետական կամ ազգային պատասխանատու պաշտօններու հասնելու համար: 19-րդ դարու Գերմանիոյ մէջ նախարարները պէտք էր 60 տարեկանէն վեր ըլլային: Թուրքիոյ մէջ` նոյնիսկ մինչեւ 70: Մինչեւ այսօր տակաւին այս պայմաններու հետքերը կը գտնուին մասնաւորաբար եկեղեցական կեանքին մէջ Հռոմի պապը 60 տարիքը լրացուցած պէտք է ըլլայ: Հայոց կաթողիկոսը` 40 տարիքը:
Սակայն այս գիտակից կամ անգիտակից ուրացումը արգելք չէ եղած, որ երիտասարդութեան յաճախ շատ մեծ կարեւորութիւն տրուի. նոյնիսկ պատմական ամէնէն հին շրջաններէն սկսեալ հռովմէացիներու մօտ զինուորագրութեան տարիքն էր 15-25. Մեծն Աղեքսանդր 33 տարեկան հազիւ կար, երբ մեռաւ աշխարհին տիրապետելէ ետք: Նոյնպէս` մեր ոսկեդարու սերունդը գլխաւորապէս երիտասարդներէ կը բաղկանար: Եզնիկ մօտ 21 տարեկան էր, ինչպէս նաեւ` իր ընկերները, երբ ձեռնարկեց Աստուածաշունչի թարգմանութեան: Մեր նորագոյն պատմութեան մէջ եւս երիտասարդներն էին, որ ծնունդ տուին 19-րդ դարու Զարթօնքի շարժումին եւ շարունակեցին ազգային ղեկավար դիրքերու վրայ մնալ մինչեւ ապրիլեան Եղեռն, ու անկէ ետքն ալ, որոշ չափով: «Թիկունքդ լայն, թեւերդ հուժկու» երգը լաւագոյն ապացոյցն է ֆետայիներու տարիքին:
Տեսնելէ ետք երիտասարդութիւնը անցեալին մէջ, այժմ փորձենք ներկայացնել անոր կարեւորութիւնը ներկայ ընկերութեան մէջ: Կրկին պիտի մօտենանք ժխտական եւ դրական տեսանկիւններէ:
Ներկայիս երիտասարդութիւնը, աւելի քան երբեք, կարեւորութիւն կը ստանայ: Բայց նաեւ, աւելի քան երբեք, ենթակայ է թունաւորումի եւ խաթարումի: Հեռու պահելու համար զայն որեւէ պատասխանատու պաշտօնէ (աթոռի յաւիտենական կռիւներ) արդի ընկերութիւնը ստեղծած է ամէն տեսակ հաճոյքի, զուարճութեան եւ զբօսանքի միջոցներ, որոնց ետեւէն կը վազէ երիտասարդութիւնը` առանց անդրադառնալու իր պարտականութեանց եւ իր դերին:
Բարեբախտաբար, այս թունաւորումին դէմ հակառակ հոսանք մըն ալ կայ, որ կ՛աշխատի ազատագրել երիտասարդութիւնը դարաւոր նախապաշարումներու շղթաներէն եւ անոր անհատնում եռանդն ու խանդավառութիւնը օգտակար բաներու ի սպաս դնել: Բ. Համաշխարհային պատերազմէն առաջ Գերմանիա եւ Իտալիա առաջին անգամ ըլլալով կը ստեղծէին երիտասարդութեան մասնաւոր նախարարութիւններ: Մուսոլինի նոյնիսկ կը յայտարարէր, թէ 40 տարեկանէն վեր նախարարներ չ՛ուզեր: Պատերազմէն ետք, քիչ մը ամէն տեղ, երիտասարդութեան կարեւորութիւնը սկսաւ տիրական դառնալ: Համալսարանական ամպիոններէն սկսեալ մինչեւ ուսանողական շարքերը, պետական բարձրագոյն պաշտօններէն մինչեւ ազատական բոլոր ասպարէզները` երիտասարդութեան թիւը անհամեմատօրէն բարձրացած է: Այսօր` երիտասարդութիւնը դարձած է քաղաքական շատ կարեւոր ազդակ մը` աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրներուն մէջ:
Երիտասարդական տարրին վերարժեւորումի այս շարժումէն անմասն պէտք չէ մնայ նաեւ հայ ժողովուրդը, մասնաւորաբար սփիւռքեան մեր պայմաններուն մէջ: Ընդունելով հանդերձ, որ երիտասարդութիւնը գերազանցապէս զգացումի շրջան մըն է, պէտք է գիտնանք օգտագործել անոր եռանդը եւ անոր թարմ կարողութիւնները` մեր ազգային կեանքի առաւել վերելքին ի նպաստ եւ մեր արդար իրաւունքներու հետապնդումին ի խնդիր:
Եւ իր կարգին, հայ երիտասարդութիւնն ալ պէտք է գիտակցի իր պարտականութեանց եւ իր դերին, որովհետեւ, աւելի քան երբեք, այսօր պատմութիւնը երիտասարդութեան ուսերուն է, որ կը ծանրանայ:
Համազգային Պուրճ Համուտ
Երգահանդէս
Կոմիտասի Եւ Կանաչեանի Յիշատակին
Համազգայինի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած երգահանդէսը, նուիրուած` անմահանուն Կոմիտասի եւ իր վաստակաւոր աշակերտին` Բարսեղ Կանաչեանի, տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 9 յունիս 1965, երեկոյեան ժամը 9:00-ին, Պուրճ Համուտի Ժողովրդային տան թատերասրահին մէջ:
Գեղարուեստասէր հասարակութիւն մը լեցուցած էր սրահը:
Կը նախագահէր ամերիկահայ ազգային Եղիշէ Մելիքեան:
Յայտագիրը, բաժնուած` երկու մասերու եւ կազմուած` Կոմիտասի ու Կանաչեանի երգերով, ամբողջութեամբ մենակատարեց ազգային երաժշտանոցի դասատու եւ ծանօթ երգչուհի Արփինէ Փեհլիվանեան:
Առաջին մասը նուիրուած էր Կոմիտասի երգերուն: Ա. Փեհլիվանեան մեներգեց տասը երգեր, որոնցմէ` «Ջինար ես»-ը, «Ծիրանի ծառ»-ը, «Զինչ ու զինչ»-ը, մասամբ «Կաքաւի երգը» եւ մանաւանդ «Կռունկ»-ը յաջողութեամբ մեներգեց եւ արժանացաւ երկարատեւ ծափերու:
Յայտագրի երկրորդ մասին Ա. Փեհլիվանեան Կանաչեանի հինգ երգերը, բացի «Օրօր»-էն, աւելի յաջողութեամբ մեներգեց: «Ալվարդի երազը» մանաւանդ բուռն ծափեր խլեց, եւ երգչուհին յայտագրէն դուրս մեներգեց նաեւ «Եար նազան»-ին:
Երգահանդէսին յաջողութեան առանձնապէս նպաստեց դաշնակահարուհի Սոնա Տօնապետեան-Քիւփելեան` վկայեալ Փարիզի ազգային երաժշտանոցէն, որ գրաւիչ նուագումով յաջողեցաւ տալ իւրաքանչիւր երգին հարազատ մեկնաբանութիւնը` յաճախ ունկնդիրները իր վրայ կեդրոնացնելով:
Երգահանդէսի վերջաւորութեան երկու արուեստագիտուհիներն ալ արժանացան ծաղկեփունջերու եւ երկարատեւ ծափերու:
Երգահանդէսի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն` ի պատիւ նախագահին, երգչուհիին եւ դաշնակահարուհիին:
ՀՐԱԶԴԱՆ