Ճանչնանք Լիբանանը
Եւ
Լիբանանի Հայութիւնը
Պոսթընի մեր պաշտօնակից «Հայրենիք»-ի աշխատակիցներէն Գ. Մելիտինեցի վերջերս երկար այցելութիւն մը տուաւ Մերձաւոր Արեւելքի հայ գաղութներուն: Վերադարձին ընկերը կը գրէ իր տպաւորութիւնները, որոնց` Լիբանանի յատկացուած մասը կը հրատարակենք յոյժ շահեկան գտնելով զայն, իբրեւ հեռուէն եկած այցելուի մը, բայց Լիբանանի հանդէպ ջերմ համակրանքով լեցուած հայու մը հաստատումներ.
Գոհարի մը պէս փոքրիկ, բայց հազուագիւտ գոհարի մը պէս թանկագին երկիր մըն է Լիբանանը, ուր կ՛ապրի սփիւռքի հայութեան անմենահոծ զանգուածը, ուր հաստատուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը Մեծ եղեռնի սեւ օրերէն ի վեր, եւ ուր հայ ժողովուրդը, շնորհիւ արաբ ժողովուրդին ցոյց տուած եղբայրական ընդունելութեան ու ասպնջականութեան, իր ցեղային ստեղծագործ ոգիի ամբողջական թափով լծուած է որդեգրած երկրին ազգային, մշակութային ու պետական շինարարութեան մեծ գործին` առաւելագոյն չափով յայտնաբերելով իր երախտագիտութիւնը:
Լիբանանը արաբական երկիրներու ամէնէն փոքրիկ ասիական հանրապետութիւնն է, որ ունի 10,500 քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւն, եւ մօտաւորապէս երկու միլիոն բնակչութիւն: Իր սահմանակից պետութիւններն են` հիւսիսէն եւ արեւելքէն` Սուրիան, հարաւէն Պաղեստինը, եւ արեւմտեան կողմը կը գտնուի Միջերկրական ծովը:
Լիբանան ֆրանսական տիրապետութենէն իր անկախութիւնը ստացաւ 22 նոյեմբեր 1943-ին: Իր մայրաքաղաքն է Պէյրութը, որ այնքան մեծ անուն ունի, որ շատեր Լիբանան ըսելով` Պէյրութ կը հասկնան: Եւ իրաւ ալ, այդ գեղեցիկ երկրին ազգային կեանքի զարկերակը, բնակչութեան ճնշող մեծամասնութիւնը, մշակոյթի կեդրոնը, պետական կեանքի ուժն ու ղեկավարութիւնը, մամուլը, մահմետական թէ քրիստոնեայ կրօնապետներն ու կրօնական հաստատութիւնները, երկրի վաճառականութիւնն ու հարստութիւնը կեդրոնացած են Պէյրութի մէջ:
Չկայ աշխարհի վրայ ուրիշ երկիր մը, որուն մայրաքաղաքը այսքան մօտաւոր հոմանիշ ըլլայ ամբողջ երկրին, որքան Պէյրութը` Լիբանանին: Միւս գլխաւոր քաղաքներն են` Թրիփոլին, Սիտոնը, Թիրը եւ Զահլէն:
Լիբանանը, հակառակ լեռնային իր դիրքին, իր զաւակներուն ծով քրտինքով կրցած է քար առ քար իրարու վրայ հիւսելով, պատերով ու պատնէշներով մշակելի դարձնել իր լեռները, բարեբախտաբար ջրառատ, առաւելագոյն ուժ տալու համար երկրագործութեան, պարտիզամշակութեան եւ անասնապահութեան, բաւարարելու համար իր փոքրիկ երկրին պահանջները, որոնք որ կարելի ըլլայ:
Ճարտարարուեստն ու գործարանային արտադրութիւնը փոքր է ու համեստ, որ չի կրնար մրցիլ որեւէ մեծ երկրի հետ, բայց բաւարարութիւն կու տայ իր ժողովուրդի պահանջներուն: Կ՛արտադրէ լուցկի, մետաքս, բամպակէ հիւսուածեղէններ, ձէթ, գինի, օճառ եւ կրաղիւս:
Ընդհանուր բնակչութեան մօտաւորապէս կէսէն քիչ մը աւելին քրիստոնէական, իսկ մնացեալն ալ մահմետական կրօնին կը պատկանին: Քրիստոնեաները կը պատկանին մարոնիներու, յոյն օրթոտոքս եւ յոյն կաթոլիկ եկեղեցիներուն: Հայերու ճնշող մեծամասնութիւնը կը պատկանի Հայ Առաքելական եկեղեցիին, ապա կու գան հայ կաթոլիկներն ու հայ բողոքականները: Մահմետական արաբներուն մէջ մեծամասնութիւն կը կազմեն սիւննիներն ու տիւրզիները:
Կրթական դրութիւնը, բաղդատմամբ արաբական երկիրներուն, թէեւ աւելի լաւ է բայց սահմանափակ է: Ընդհանուր դպրոցներուն միայն կէսն է, որ կառավարութեան կողմէ կը հոգացուի: Մասնաւորապէս 300,000 աշակերտներ կը յաճախեն ու կ՛ուսանին գրեթէ 3000 դպրոցներու մէջ: Վերջին աւելի քան 75 տարիներու ընթացքին Պէյրութի մէջ հաստատուած ֆրանսական եւ ամերիկեան համալսարանները անսահման լոյս, գիտութիւն եւ բարիք սփռած են ոչ միայն Լիբանանի, այլ նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի բոլոր երկիրներուն:
Լիբանանի Հանրապետութիւնը կը ղեկավարուի օրէնսդիր տունով, նախագահով եւ վարչապետով, համաժողովրդական քուէարկութեամբ կ՛ընտրուին երեսփոխանական ժողովի անդամները: Այդ գերագոյն մարմինը կ՛ընտրէ նախագահը, որ մարոնի մը կ՛ըլլայ: Նախագահը կը նշանակէ վարչապետը, որ իր կարգին կ՛ընտրէ իր նախարարները:
22 նոյեմբեր 1943-ին, ժողովրդական բոլոր խաւերուն համագործակցութեամբ կազմուած է Լիբանանի Հանրապետութիւնը, եւ ֆրանսական զինեալ ուժերը ամբողջութեամբ հեռացած են այդ երկրէն, 31 դեկտեմբեր 1946-ին:
Լիբանանը Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան անդամակցած է 1945-ին, ապա նոյն տարին անդամակցած է նաեւ Արաբական լիկային միշտ հետեւելով հաշտարար ու խաղաղ համակեցութեան քաղաքականութեան: Այս վերջին նախադասութիւնը կ՛ընդգծեմ անոր համար, որ անվարան կարելի է ըսել, թէ փոքրիկ, այլ գեղեցիկ Լիբանանը այդ խաղաղ համակեցութեան ու համագործակցութեան քաղաքականութեան շնորհիւ է, որ հասած է իր ներկայ բարգաւաճ ու ծաղկեալ վիճակին` դառնալով Միջին Արեւելքի ամէնէն հարուստ (պահելով բոլոր համեմատութիւնները), ամէնէն ազատ ու երջանիկ եւ ամէնէն հիւրընկալ երկիրը:
Լիբանան ունի բարեխառն կլիմայ: Իբրեւ ձմեռ` ունի անձրեւային քանի մը ամիսներ: Ծովի մակերեսէն աւելի քան ութ հազար ոտք բարձր լեռներուն վրայ է, որ ձիւն կը տեղայ: Ամառները կ՛ըլլան շատ տաք ու նեղացուցիչ, եւ անշուշտ ատոր համար է, որ Պէյրութի հոծ բնակչութիւնը, մասաւորապէս` ի վիճակի եղողները, ամրան ամիսներուն լեռներու իրենց տուները կ՛ապաստանին, վարձու պանդոկները կը լեցուին` զովանալու եւ հանգստանալու համար:
Առանց կորսնցնելու չափի գիտակցութիւնը կարելի է ըսել, որ աշխարհի վրայ թերեւս չկայ ուրիշ նաւահանգիստ մը, ուր քաղաքն ու լեռը իրարու այնքան մօտեցած, միացած ըլլան, որքան` Պէյրութն ու իր բարձրաբերձ լեռները: Չտեսնողներ այնպէս կը կարծեն, թէ օրերով, առնուազն ժամերով ինքնաշարժ պէտք է վարել ամարանոցները երթալու համար: Բայց այդպէս չէ: Ոչ միայն հարուստները, որ իրենց սեփական պալատները ունին, այլ եւ սովորական գործաւորները ցորեկին կրնան գործել քաղաքին մէջ, ապա երեկոյեան 30-50 վայրկեան քշելով իրենց ինքնաշարժները կրնան հասնիլ լեռներու կողերուն ու կատարներուն վրայ գտնուող տուներն ու տնակները:
Պէյրութը շրջապատող լեռները աննման են նաեւ իրենց ջրառատութեամբ: Ծանօթ է, որ ընդհանրապէս աշխարհի բոլոր լեռներու ստորոտները առատ կ՛ըլլան ջուրի ակունքները: Բայց Պէյրութի այլազանութիւնն ու աննմանութիւնը հոն է, որ բազմաթիւ աղբիւրներ կան լեռներու կատարներուն վրայ, որոնց օրհնաբեր գոյութեամբ կը զօրանան մայրիներու տունկերն ու ծառերը, փոքրիկ այգիներն ու ծաղկանոցները, եւ լեռը կը դարձնեն դրախտավայր` ամրան այրող տաքէն փախչող Պէյրութ քաղաքի բնակչութեան համար:
Գուցէ ոմանց համար չափազանցութիւն, կամ նոյնիսկ անհաւատալի թուի այս պատկերացումը, սակայն իրականութիւն է: Ինչպէ՞ս կը բացատրուի մայր բնութեան ընծայած այդ անսահման բարիքը: Անշուշտ` շնորհիւ այն լեռնաշղթաներուն, որոնք ձմեռները ձիւնով ծածկուած են:
Ամէն անոնք, որոնք Պէյրութէն Հալէպ գացած են ինքնաշարժով, ոչ միայն ըմբոշխնած են այդ ձիւնապատ լեռներուն հրաշալի տեսարանները, այլեւ դիւրութեամբ ըմբռնած են Լիբանանի ջրառատ լեռներուն գաղտնիքը: Պէյրութ քաղաքէն բաժնուելէն ետք, երբ ճամբորդը իր ինքնաշարժով կը յառաջանայ բարձունքներն ի վեր, դիտելով իր տեւողութեան սահմանին մէջ ինկած տարածութիւնը` կը կարծէ, որ եթէ լերան գագաթը հասնի, պիտի վերջանայ վերելքը, եւ պիտի սկսի վայրէջքը: Սակայն ոլոր մոլոր ճամբայէն վեր սուրալով` հիացումով կը տեսնէ, թէ լերան վրայ նոր լեռ մըն է, որ կը բարձրանայ: Ահա այդ բարձրաբերձ լեռներուն վրայ տեղացող ձիւներուն եւ անձրեւներուն ջուրերն են, որ աւելի ցած գտնուող լեռներու կողերէն դուրս կը հոսին եւ ապառաժուտ բարձունքներն ու բլուրները կը վերածեն օդասուն ու զով հանգստավայրերու` Պէյրութի նեղացուցիչ տաքէն փախչող բնակչութեան համար:
Դարերէ ի վեր Պէյրութը, շնորհիւ իր աշխարհագրական դիրքին, եղած է Միջերկրականի գլխաւոր նաւահանգիստներէն մէկը: Հիմա ատոր վրայ աւելցած է նաեւ գլխաւոր օդակայան մը ըլլալու իրողութիւնը: Ամերիկեան թէ եւրոպական մեծ ընկերութիւններու օդանաւերը իրենց թռիչքը կը կատարեն Նիւ Եորք, Փարիզ, Հռոմ, Պէյրութ, Թեհրան ճամբով, նոյնպէս` անգլիական մեծ օդանաւերը:
Արդեօք միայն աշխարհագրական նպաստաւոր դի՞րքն է, որ փոքրիկն Լիբանանը հասցուցած է իր ներկայ նախանձելի դիրքին, ամբողջ միջերկրականեան երկիրներուն մէջ:
Գեղեցիկ Լիբանանի հարստութեան, բարգաւաճման ու երջանկութեան գաղտնիքը հոն է, որ այդ փոքրիկ երկրին մէջ ամէնէն առաջ եւ ամէնէն աւելի ազատութիւն կայ, եւ բնակչութեան բաղկացուցիչ տարրերը իրենց պետութեան իմաստուն ղեկավարութեան ներքեւ, ամբողջական նուիրումով լծուած են իրենց հայրենիքի զօրացման ու վերելքին, որ միաժամանակ իրենց զօրացումն ու վերելքն է:
Սրտագին մաղթանք, որ չքնաղ Լիբանանը մնայ միշտ ազատ, միշտ անկախ ու միշտ երջանիկ:
Գ. ՄԵԼԻՏԻՆԵՑԻ