Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայերը Այսուհետեւ Հատուցման Պահանջներուն Վրայ Պիտի Կեդրոնանան. «Միլլիյէթ»

June 10, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՄԱՐՄԱՐԱ»

Կիւրսել
Կիւրսել

«Միլլիյէթ»-ի մէջ, Քատրի Կիւրսելի ստորագրութեամբ հրատարակուած է հայ-թրքական յարաբերութիւններուն նուիրուած յօդուած մը, որ դիտել կու տայ, թէ Թուրքիա այսուհետեւ դէմ յանդիման պիտի մնայ հայերու կողմէ հատուցման դատերու ու պահանջներու հետ: Յօդուածագիրը կը նշէ, որ Թուրքիոյ մէջ այլեւս փուլ եկած է Հայկական հարցին մասին խօսելու թապուն, ու կ՛աւելցնէ. «Թուրքիա հիմա չի գիտեր, թէ ինչպէ՛ս գլուխ պիտի ելլէ շիշէն դուրս եկած այն ուրուականին հետ, որ յայտնուեցաւ թապուին փլուզումէն ետք: Այս պատճառով Թուրքիա կը խուսափի Հայկական հարցին հետ առերեսուելէ: Թուրքիա 24 ապրիլ 2015-ը դիմաւորեց դրական ու ժխտական կէտերու կողմէ ստեղծուած խոր մթութեան մը մէջ: Կալիփոլիի ճակատամարտին յաղթանակը, որ ամէն տարի կը տօնուէր մարտ 18-ին, այս տարի ապրիլ 24-ին փոխադրուեցաւ պարզապէս Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ձեռնարկները շուքի մէջ ձգելու նպատակով: Ասիկա խորամանկ միջոցառում մը կրնար նկատուիլ, բայց կարելի չէ ըսել, որ ասիկա բարոյական բարենիշ մը կը շահեցնէր Թուրքիոյ: Թուրքիա նմանօրինակ խորամանկութիւններով պիտի չկրնայ կուրծք տալ հայկական նոր մարտահրաւէրներուն, որոնք պիտի բաղկանան նիւթական հատուցում ու կալուածներու վերադարձ պահանջող դիմումներէ»:

Այս խորհրդածութիւններէն ետք յօդուածագիրը կը գրէ, որ Հրանդ Տինքի անուան հիմնարկին հրաւէրով Երեւան գացած ու տեսակցութիւններ ունեցած է մտաւորականներու եւ քաղաքական գործիչներու հետ` հարցնելով, թէ 24 ապրիլ 2015-էն ետք ի՞նչ պիտի ըլլայ անոնց օրակարգը: «Ստացուած բոլոր պատասխաններուն հասարակաց կէտը այն էր, որ յառաջիկայ շրջանին իրերայաջորդ կերպով պիտի բացուին դատեր ու ետ պիտի պահանջուին օսմանեան շրջանի հայերուն լքեալ հարստութիւնները: Անշուշտ առաջին գիծի վրայ պիտի գան եկեղեցապատկան կալուածներն ու ինչքերը», կը գրէ ան:

Ըստ անոր, Թուրքիոյ ներկայ դիրքը աւելի վատ է, քան` 2009-ին, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ այդ թուականին ստորագրուած արձանագրութեանց ներկայ վիճակին պատասխանատու նկատելով Անգարան: «Արձանագրութեանց զամբիւղ նետուած ըլլալը իրարու մօտեցուց նաեւ սփիւռքահայութիւնն ու Հայաստանը: Եթէ անոնք գործադրուած ըլլային եւ Թուրքիոյ ու Հայաստանի միջեւ աշխուժ յարաբերութիւններ սկսէին, սփիւռքն ալ այս խնդիրներէն հեռու պիտի մնար: Այժմ արտաքին աշխարհը Թուրքիոյ վրայ ճնշում կը գործադրէ, որպէսզի Թուրքիա խոր մթութենէն դուրս գայ ու իրապաշտ մերձեցումով առերեսուի Հայկական հարցին հետ»:

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Բարձր Մակարդակի Շփումներէ Ետք` Զինադուլի Համաձայնութիւն Պուրճ Համուտի Հայկական Թաղերէն Ներս

Յաջորդը

Արտըչի Ծաղրական Յօդուածը Թրքական Սուտերուն Մասին

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Բ. Պաղ Պատերազմէն Մինչեւ Արեւի Խուզարկու

December 9, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Ա. Աղեքսանդրիոյ Հերոնէն Մինչեւ Սփութնիք

December 8, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

March 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.