Նախագահ Սերժ Սարգսեան Քաննի մէջ ընդունեց Ֆրանսայի մշակոյթի նախարար Ֆլէօր Փելերենը: Հանդիպումին մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան: Քննարկուեցան հայ – ֆրանսական մշակութային համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան իր գոհունակութիւնը յայտնեց ապրիլին Փարիզի «Շաթլէ» թատրոնին մէջ տեղի ունեցած «Համաշխարհային հայկական նուագախումբ»-ի համերգին առիթով: Սարգսեան յոյս յայտնեց, որ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը ոգեկոչելու եւ յարգանքի տուրք մատուցելու նպատակով համաշխարհային լաւագոյն նուագախումբերուն մէջ հանդէս եկող ծագումով հայ երաժիշտներու կազմած ժամանակաւոր նուագախումբի համերգները շարունակական կը դառնան: