Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մշոյ Սուրբ Կարապետ Վանքի Վերականգնման Համար Դիմում Ներկայացուած Է Կառավարութեան

Յունիս 9, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սուրբ Կարապետ վանքը 1915-էն առաջ եւ...
Սուրբ Կարապետ վանքը 1915-էն առաջ եւ…
այսօր:
… այսօր:

Մշոյ Եուքարըեոնկալ գիւղին մէջ գտնուող Սուրբ Կարապետ հայկական վանքի տարածքը այնտեղ գտնուող տուներէն ազատելու եւ վանքի վերանորոգման աշխատանքները իրականացնելու համար Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան, ինչպէս նաեւ ներքին գործոց նախարարութիւններուն դիմում  ներկայացուած է:

Դիմումը ներկայացուցած «Սասուն, Պիթլիս, Պաթման, Մուշ, Վան, Պոլիս եւ միւս բոլոր նահանգներու, շրջաններու, գիւղերու հայերու եւ Սասունի շրջանի գիւղերու հայկական ընկերային փոխօգնութիւն ու մշակութային համերաշխութիւն» միութեան նախագահ Ազիզ Տաղճըն յայտնած է, որ  Ս. Կարապետը շատ կարեւոր եւ պատմական վայր է:

ermenihaber.am-ի փոխացմամբ, թրքական «Միլլիյէթ» թերթը կը յայտնէ, որ Տաղճըն  անցեալին եւս դիմած էր վանքի վերակառուցման համար, սակայն մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան գրաւոր պատասխանէն տեղեկացած էր, որ վանքի տարածքին կան 48 տուն եւ 6 խոտամբար: Տաղճըն նշած է, որ 23.03.2012 թուականին ստացուած նամակին մէջ (համար 2012-65584) իրենց տեղեկացուցած էին, որ 6 ամսուան ընթացքին տարածքը կ՛ազատեն: «Բայց 2012-էն մինչեւ 2015թ. եկեղեցին եւ անոր տարածքը չեն ազատուած», ըսած է միութեան նախագահը:

Վերջինը նաեւ յիշեցուցած է, որ թրքական պետութիւնը Լոզանի պայմանագիրի 42/3 կէտով պարտաւորուած է  պահպանութեան տակ առնել փոքրամասնութիւններու եկեղեցիները,  սինակոկները, գերեզմանները եւ այլ կրօնական հաստատութիւնները:

Տաղճըն նշած է պահպանութեան կարիք ունեցող եւ մշակութային ժառանգութիւն հանդիսացող վայրերուն մէջ կառուցապատում իրականացնող անհատներուն պատասխանատուութեան ենթարկելու անհրաժեշտութեան մասին, յիշեցնելով, որ օրէնսդրութեան համաձայն, պատմամշակութային կառոյցներուն դիտաւորեալ կերպով վնաս հասցնողներուն, ապօրինի կառուցապատում իրականացնողներուն կը սպառնայ 2-5 տարուան բանտարկութիւն:

Տաղճըն մշակոյթի ու զբօսաշրջութեան եւ ներքին գործոց նախարարութիւններէն դրական պատասխան կ՛ակնկալէ: Ան յայտնած է, որ պատասխանը ստանալուն պէս պիտի սկսին տարածքի մաքրման եւ վերականգնման աշխատանքները:

 

Նախորդը

Ռեմոն Գէորգեանի «Հայոց Ցեղասպանութիւն» Թրքերէնի Թարգմանուած Գիրքը Թուրքիոյ Մէջ Սպառած Է

Յաջորդը

Յայտարարութիւն

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 27, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 25, 2025
Գիտական Նորութիւններ
Գիտութիւն

Գիտական Նորութիւններ

Փետրուար 21, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?