Ֆրանսահայ ծանօթ պատմաբան Ռեմոն Գէորգեանի Հայոց ցեղասպանութեան նիւթին շուրջ կատարած ուսումնասիրութիւնները ամփոփող «Հայոց ցեղասպանութիւն» գիրքը թարգմանուած էր թրքերէնի եւ լոյս տեսած` 2015 մարտին:
«Իլեթիշիմ» հրատարակչատան լոյս ընծայած հատորին ամբողջ տպաքանակը` 3000 օրինակ արդէն սպառած է:
Հատորին թրքերէն տարբերակին խմբագրական աշխատանքը կատարած են Ահմեթ Ինսել եւ Քերեմ Իւնիւվար: Թարգմանութիւնը կատարած է Այշեն Թաշքենթ Էքմեքչի:
1167 էջնոց գիրքը, որ ֆրանսերէնով լոյս տեսած էր 2006-ին, կը բաղկանայ հիմնական 6 բաժիններէ, որոնց մէջ կը խօսուի 19-րդ դարավերջի իրադարձութիւններէն մինչեւ Հայոց ցեղասպանութիւնն ու Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութիւնը: