Մայիս 28-ի Փառաշուք Տօնակատարութիւնը Աթէնքի Մէջ
Տոքթ. Բ. Փափազեանի Հոյակապ Ու
Խանդավառ Ճառը
Աթէնքի մեր պաշտօնակից «Ազատ օր»-էն կը տեղեկանանք, թէ Հայաստանի անկախութեան հռչակման տարեդարձի փառաշուք հանդիսութիւնը տեղի ունեցած է կիրակի, 6 յունիս, Աթէնքի «Քենտրիքոն» թատերասրահին մէջ, ի ներկայութեան 1500 աթէնահայերու խանդավառ տրամադրութիւններով:
Ներկայ եղած են` կրօնական դասը, յարանուանութեանց պետերն ու ներկայացուցիչները, ազգային բոլոր մարմինները եւ կազմակերպութեանց ու միութեանց ներկայացուցիչները:
Հանդէսը ունեցած է գեղարուեստական շատ ճոխ բաժին մը` տպաւորիչ ելոյթներով:
Յանուն Ազգային Կեդրոնական վարչութեան, ատենապետ Ներսէս Յակոբեան կարդացած է խնամուած ուղերձ մը` առաւելաբար շեշտելով ամբողջական, ազատ եւ անկախ Հայաստանի գաղափարականին իրագործման համազգային ճիգերով տարուելիք աշխատանքներուն անհրաժեշտութիւնը:
Յանուն ՀՅԴ երիտասարդացի, Յարութիւն Մխիկեան կարդացած է գեղեցիկ ու խանդալի ուղերձ մը:
Ապա բեմ հրաւիրուած է յայտնի ազգային գործիչ եւ մտաւորական տոքթ. Բաբգէն Փափազեան, որ Պէյրութէն յատկապէս հրաւիրուած էր խօսելու համար այս հանդէսին: Որոտընդոստ ծափահարութիւններու տարափին տակ Բ. Փափազեան բարձրացած է բեմ եւ մօտաւորապէս 40 վայրկեան տեւած էր հոյակապ եւ խանդավառ բանախօսութեամբ ելեկտրականացուցած է մթնոլորտը` լոյսի, հաւատքի ու լաւատեսութեան ալիքներով ողողելով հանդիսականներուն հոգիները:
«Հայոց պատմութեան անկիւնադարձը կազմող այս լուսաւոր թուականին տօնակատարութիւնը,- ըսած է Բ. Փափազեան,- պէտք է տեղի ունենար ո՛չ թէ այսպիսի փակ վայրերու մէջ, այլ` Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի հրապարակներուն վրայ ու փողոցներուն մէջ: Պէտք էր տողանցէր հայկական բանակը, եկեղեցիներու զանգակները պէտք էր ղօղանջէին, թնդանօթներ արձակուէին եւ ժողովուրդը պարէր ու երգէր մեր մայրաքաղաքի բոլոր անկիւններուն մէջ:
«Լուռ է, սակայն, այսօր Երեւանը: Լուռ է Հայաստանի ժողովուրդը, որմէ խլուած է ազատութիւնը եւ անկախութիւնը:
«Բայց մենք վստահ ենք, որ մայիս 28-ի օրը Հայաստանի երկու միլիոն հայութիւնը իր հոգիին աչքերով կը դիտէր Արարատը եւ Արարատի ետին մեր պապենական հողերը, որոնք այսօր կը գտնուին մեր թշնամիին ձեռքը:
«Դուք կը յիշէք, թէ ի՛նչ պատահեցաւ 1915-17-ին: Հայոց ժողովուրդը բնաջնջուեցաւ իր դարաւոր հողերուն վրայ: Մէկուկս միլիոն զոհեր տուինք: Իսկ մէկ միլիոն մնացորդացը տարտղնուեցաւ եւ մեծ մասամբ անցաւ դէպի Արեւելեան Հայաստան, դէպի Կովկաս:
«1917-ին թշնամին իր 30 հազարնոց բանակով սկսաւ խուժել դէպի Երեւանի նահանգը: Այս ահարկու ուժին դէմ մենք ունէինք միայն տասը-տասնհինգ հազար անկազմակերպ ֆետայական ուժեր: Հայութիւնը իր պապենական հողամասերուն վերջին քառակուսի քիլոմեթրին վրայ սեղմուած էր` իր ճակատին եւ կռնակին ունենալով անխուսափելի մահը: Թշնամին կ՛ուզէր տապանաքար դնել նաեւ հայութեան մնացորդացին վրայ:
«Հայութեան մնացորդացին համար ճակատագրական այդ օրերուն մենք լքուած ու մոռցուած էինք մեր բարեկամներէն, քաղաքակիրթ աշխարհէն եւ կեցած էինք միս-մինակ` ահարկու թշնամիին առջեւ, որ կը խուժէր դէպի Կովկաս` վերջնականապէս գերեզմանելու համար Հայոց ժողովուրդը:
«Այդ ճգնաժամային պահուն է, որ լսելի եղաւ Արամ Մանուկեանի վճռաշեշտ «ՈՉ»-ը: Հայոց ժողովուրդը արձագանգ տուաւ այդ «Ոչ»-ին: Եւ այն ժամանակ էր, որ անապատներու մէջ մահացած մեր մէկ միլիոն նահատակները միս ու ոսկոր ստացան, յարութիւն առին եւ եկան ու կեցան Արարատեան դաշտին մէջ, Արարատի շուքին տակ: Այդպիսով է, որ կռուող մեր տասը-տասնհինգ հազար հերոսներուն թիւը բարձրացաւ եւ եղաւ մէկ միլիոն տասնհինգ հազար հոգիով բանակ: Ահա այս ուժն է, որ կասեցուց եւ ջախջախեց թշնամին: Եւ շիրիմաքարը, որ պիտի փակուէր հայութեան մնացորդացին վրայ, փշրուեցաւ, եւ փոխանակ վերջնական թաղումին` մենք ունեցանք վերջնական յարութիւն:
«Այս հրաշքը տեղի ունեցաւ շնորհիւ այն իրողութեան, որ հայոց սառած սրտերը տաքցան, հայոց աշխարհը տաքցաւ: Եւ այս տաքութիւնը ստեղծեց ՀՅ Դաշնակցութիւնը, որ եղաւ բռունցք, եղաւ պողպատեայ կամք, եղաւ պաշտամունք` ժողովուրդի եւ հայրենիքի:
«Մայիս 28-ի հրաշքին պատիւը` վերագրուեցաւ Դաշնակցութեան: Բայց Դաշնակցութիւնը այդ պատիւը վերադարձուց իր բուն իրաւատիրոջ` հայ ժողովուրդին:
«Մայիս 28-ի հրաշքով մենք ունեցանք մեր ազատ եւ անկախ հայրենիքը, 11 հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածութեամբ եւ ընդհանուր բնակչութեան վրայ 55 առ հարիւր հայութեամբ: Իսկ երկու տարի յետոյ, երբ ծանօթ դէպքերու բերումով իշխանութիւնը յանձնեցինք համայնավարներուն, Հայաստանի տարածութիւնը 30 հազար քիլոմեթր էր եւ բնակչութեան համեմատութիւնը` 85 առ հարիւր հայ (բուռն ծափեր):
«Ժողովուրդներու պատմութիւնը շղթայում մըն է: Եւ պատմութիւնը միայն անցեալ չէ, այլ օղակ մը` ներկան ապագային շղթայող: Ժողովուրդները,- ըսած է Հայաստանի խորհրդարանի նախագահ Լեւոն Շանթ,- իրենց անկախութեան ձգտելնուն համար չէ, որ կը մեռնին, այլ կը մեռնին ապրելու կամք ու վճռականութիւն չունենալնուն համար:
«Այսօր հայոց ժողովուրդը ունի վճռակամութիւնն ու կամքը` ազատ ու անկախ ապրելու: Ունի նաեւ հաւատքը, որ անկարելի կարծուածը կրնայ կարելի դարձնել:
«Հայրենիքի մէջ այսօր շնչող երկու միլիոն միատարր հայութիւնը եւ անոր պետութիւնը թէեւ լուռ են, բայց իրենց սրտին խորը կը պահեն ազատութեան կայծերը: Իսկ սփիւռքի հայ բազմութիւնները գօտեպնդուած են ազատ եւ ամբողջական Հայաստանը անպայման իրագործելու հաւատքով:
«Եղէք հպարտ մեր ժողովուրդին ունեցած այդ հաւատքին համար: Եղէք հպարտ` մեր ցեղային արժանիքներով եւ այդ հպարտութիւնն ու հաւատքը փոխանցեցէք նոր սերունդներուն:
«Այդ հպարտութեամբ, հաւատքով եւ տաքցած ու միացած սիրտերով, վստահ եղէք, որ հայոց ժողովուրդը անպայմանօրէն պիտի կերտէ նոր մայիս 28-ը Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանը:
ՀՅ Դաշնակցութեան Օրկանը
Քանի մը խօսք` դաշնակցական մամուլին եւ հետապնդած գաղափարներուն մասին:
Ակնարկ մը դէպի ետ` կտրուած ճամբան չափելու:
ՀՅ Դաշնակցութեան օրկան «Դրօշակ»-ի Ա. խմբագրականէն` քանի մը հատուածներ միայն. «Չմնաց աշխարհիս երեսին ո՛չ մի տեսակ բարոյական կսկիծ, ո՛չ մի տեսակ մարդկային դժբախտութիւն, որ չտեսնէր հայը, մահու եւ աւերման սեւ քողը տարեց տարի պատեց ամբողջ Հայաստանը` չթողնելով եւ ոչ մի անկիւն, որը ամայացած ու պղծուած չլինէր: Եւ սակայն չնայելով այս իրար հետ շաղկապուած պայմանների սպաննիչ ուժին` հայը դեռ կանգուն է: Նրա հայեացքը դեռ չի պղտորուել այն վիհի առջեւ, որի ծայրին նա գտնում է, նրա գիտակցութիւնը դեռ պարզ է, նա դեռ յոյս ունի վաղը միւս օրը մի հսկայական թռիչքով իր յետին թողնել այդ անյատակ, մթին անդունդը…»:
Կը տեսնէ՞ք մարգարէութիւնը:
Կը թարմացնենք Դաշնակցութեան անցեալը մեր յիշողութեան մէջ, կը գնահատենք` պանծացումի արժանի գտնելով զայն:
Դարերու ընթացքին թմրած էր ժողովուրդին դիմադրութեան, ինքնապաշտպանութեան բնազդը:
Մարդիկ թեւեր ունէին, բայց կը վախնային վերցնել, երբ թշնամին անխնայ կը զարնէր:
Դաշնակցութիւնը սորվեցուց ոչ միայն թեւերը վերցնել, այլեւ` զարնել:
Այսօր մեր աչքին առջեւ կը գծուի ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադիրներուն լուսապատկերը:
«Եթէ Քրիստափորը ազնուագոյն միտքն էր հայ ցեղին, Սիմոնը նրա գերագոյն խիղճն էր, եւ Ռոստոմը նրա անընկճելի կամքը»:
Ահա Ա. Ահարոնեանի խօսքը` մեր երրորդութեան մասին:
Ասոնք եղան Դաշնակցութեան իսկական առաքեալները եւ սրբազան ուսուցչապետները:
«Դրօշակ»-ին մէջ կը գտնենք ՀՅ Դաշնակցութեան անձնուէր եւ անձնազոհ ընտրանիին իմաստուն պատգամներն ու կտակները: Նոյն զոհաբերող ուղին ունին դաշնակցական բոլոր թերթերը: Այսօր` նաեւ մեր թերթը: Պատմութեան անիւը կը թաւալի բնականոն ուղիէ մը: Վա՜յ անոնց, որ ազատութեան բագինին կը մօտենան մուրացկանի հոգեբանութեամբ: Մեր թերթը եղած է դաստիարակչական ու բարոյական բարձր սկզբունքներու առաջնորդ եւ ուղեցոյց, քարոզիչ ու տարածող:
Գաղափարական ամուր կռուան ունեցող մամուլը միայն կրնայ տոկալ բոլոր անպատմելի դժուարութիւններուն:
Այսօր, աւելի քան հզօր, պատնէշի վրայ է ան` ՀՅԴաշնակցութիւնը, որ արթուն կը հետեւի հայ ժողովուրդի ճակատագրին: