Սպանական Էլչէ ֆութպոլի ակումբը, որ «Լա լիկա»-ի 2014-2015 տարեշրջանի ախոյեանութեան գրաւեց 13-րդ դիրքը, փոխադրուեցաւ Ա. դասակարգ, յայտնեց այդ մրցաշարքը կազմակերպող կառոյցին պաշտօնական կայքը:
Նման որոշումին պատճառ կը հանդիսանան ակումբին ունեցած հսկայական պարտքերը:
Առայժմ յայտնի չէ, թէ նոր տարեշրջանին ո՛վ պիտի ըլլայ Էլչէն փոխարինողը: