«Փրենսա Սենթրօ Արմենիօ» կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ խորհրդարանի վերին տան պաշտօնական կայքին վրայ տեղադրուած օրակարգին մէջ նշուած է, որ Լորտերու տունը 16 յունիսին պիտի քննարկէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը:
Լորտերու տան անդամ, պարոնուհի Քերոլայն Քոքս խօսք մը արտասանելով պիտի ներկայացնէ «Հայերու, յոյներու եւ ասորիներու` 1915-ի կոտորածները իբրեւ ցեղասպանութիւն ճանչնալու մասին» հարցը: