Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան աշխատանքային այցելութեամբ երէկ Ֆրանսա հասաւ:
Քաննի մէջ Սերժ Սարգսեան ներկայ պիտի գտնուի «Միտեմ» միջազգային աշխարհահռչակ երաժշտական փառատօնին, որուն Հայաստան այս տարի կը մասնակցի պատուոյ հիւրի կարգավիճակով, կը տեղեկացնէ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատու ծառայութիւնը: