Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (6 Յունիս 1965)

Յունիս 6, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համերաշխ Մթնոլորտի Մէջ Ազգային
Ընդհանուր Ժողովը Վերջացուց Իր Աշխատանքները

Կանոնագրութեան Կարգ Մը Յօդուածներ
Սրբագրութեան Ենթարկուեցան

Միաձայնութեամբ Ընտրուեցան Ազգային
Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Եւ
Քաղաքական Ժողովներու Նոր Անդամները

Նախագահութեամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսի, Թեմական Ազգային Ընդհանուր ժողովը իր չորրորդ եւ վերջին նիստը գումարեց շաբաթ, յունիս 1965, կէսօրէ առաջ ժամը 9:00-ին, կաթողիկոսարանի վեհարանին մէջ:

Ժողովը վարեցին դիւանի Ա. ատենապետ Վահէ Սէթեան եւ Բ. ատենապետ Եդուարդ Սահակեան:

Շարունակելով քննարկութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կանոնագութեան, որ կը բաղկանայ 40 յօդուածներէ, ժողովը, առաջարկուած եւ քննարկուած փոփոխութիւնները կատարելէ ետք, միաձայնութեամբ քուէարկեց կանոնագրութիւնը, որ ստացաւ վերջնական ձեւ: Ապա փոխանցեց վեհափառ հայրապետին, որպէսզի յատուկ կոնդակով վաւերացնէ եւ անմիջապէս գործադրութեան դրուի:

Միաձայն քուէարկութեամբ վաւերացուեցաւ նաեւ հետեւեալ բանաձեւը.

Ազգային Ընդհանուր Ժողովը

1.- Շնորհակալութիւն կը յայտնէ վեհափառ հայրապետին, որ իր իմաստուն ղեկավարութեամբ յառաջդիմութեան ճամբուն մէջ առաջնորդած է Աթոռը:

2.- Լսելով Կեդրոնական վարչութեան երկու տարուան նիւթական եւ բարոյական գործունէութեան տեղեկագրերը` ըստ ամենայնի գոհացուցիչ կը նկատէ կատարուած աշխատանքը:

3.- Խիստ փափաքելի կը գտնէ Կիլիկեան Աթոռի միջազգային գիրքի ամրապնդման համար տարուած աշխատանքները շարունակել եւ մասնաւորապէս միջեկեղեցական յարաբերութիւնները զարգացնել:

Հինգ վայրկեանի դադարէ մը ետք ժողովը միաձայնութեամբ ընտրեց յառաջիկայ երկու տարիներուն համար Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու նոր անդամները:

Վեհափառ հօր առաջարկով Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ժողովի անդամ ընտրուեցան` Ղեւոնդ արք. Չէպէեան, Տաճատ արք. Ուրֆալեան, Գարեգին եպս. Սարգիսեան, Երուանդ ծ. վրդ. Աբէլեան, Տաթեւ վրդ. Սարգիսեան, Մեսրոպ վրդ. Աշճեան եւ Մաշտոց վրդ. Յովսէփեան:

Գաղտնի քուէարկութեամբ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի անդամ ընտրուեցան` Ռուբէն Մավիսագալեան, Գէորգ Չաթալպաշեան, Ներսէս Ներսէսեան, տոքթ. Մելքոն Էպլիղաթեան, Սուրէն Խանամիրեան, տոքթ. Եղիկ Գոնիալեան եւ Յակոբ Գարաօղլանեան:

Փակման խօսքին մէջ վեհափառ հայրապետը շնորհակալութիւն յայտնեց Թեմական Ազգային Ընդհանուր  ժողովի բոլոր յարգոյ անդամներուն, որոնք իրենց մօտեցումով ջանացին, որ օրակարգի բոլոր կէտերը գտնեն իրենց արժանի լուծումը:

Շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովի նախորդ անդամներուն, որոնք իրենց կարելին ըրին օգտակար հանդիսանալով: Յաջողութիւն մաղթեց նորընտիր վարչականներուն: Օրհնեց ու քաջառողջութիւն մաղթեց բոլորին:

Աղօթեց առ Աստուած, որպէսզի պահէ Հայաստանեայց Ս. եկեղեցին, Կիլիկեան Աթոռը, թեմակալ  առաջնորդները, ժողովականներն ու հաւատացեալ հայ ժողովուրդը:

Համերաշխ մթնոլորտի մէջ կատարելէ ետք իր աշխատանքները, ժողովը վերջ գտաւ կէսօրէ ետք ժամը 2:15-ին, վեհափար հօր «Պահպանիչ»-ով:

 

Երէկ` Կիրակի, Հոգեգալստեան Հանդիսաւոր
Պատարագին, Անթիլիասի Մէջ

Փառահեղ Ընդունելութիւն Նախագահ Հելուի

«Այս Հանդիսաւոր Պահուն Կը Վկայեմ, Որ Հայ Ժողովուրդը
Ամենախոր Հաւատարմութեամբ, Զոհողութեամբ Եւ
Գիտակցութեամբ Կը  Կատարէ Իր Դերը Լիբանանի Հանդէպ», Ըսաւ Նախագահը

 Ներկայ Եղան` Վարչապետը, Նախարարներ, Երեսփոխաններ,
Բարձրաստիճան  Սպաներ Եւ Երեւելի Անձնաւորութիւններ

Երէկ` կիրակի, 6 յունիս 1965, Հոգեգալստեան տօնին առթիւ, կաթողիկոսարանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ հանդիսաւոր արարողութեամբ տեղի ունեցաւ տարիներէ ի վեր աւանդութիւն դարձած նախագահական Ս. պատարագ:

Մեծ պատրաստութիւններ տեսնուած էին արժանավայել շուքով դիմաւորելու եւ յարգելու հանրապետութեան նախագահ Շարլ Հելուն, որ առաջին անգամ ըլլալով պիտի այցելէր կաթողիկոսարան, նախագահ ընտրուելէ ետք:

Մայրուղիի անկիւնադարձէն մինչեւ կաթողիկոսարանին մուտքը ամբողջութեամբ դրօշազարդուած էր լիբանանեան ազգային դրօշակներով: Ճամբու երկու կողմերուն եւ ամբողջ երկայնքին ծաղկեփունջեր զետեղուած էին: Նախագահին բարի գալուստ մաղթող երկու յաղթական կամարները նոյնպէս շքեղօրէն դրօշազարդուած էին:

Ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս հաւատացեալ հայ ժողովուրդը խուռներամ բազմութեամբ կաթողիկոսարան եկած էր` իր հաւատարմութիւնն ու համակրանքը յայտնելու նախագահին:

Անթերի կարգապահութեան կը հսկէին ՀՄԸՄ-ի սկաուտներն ու արենուշները: Նախագահին ժամանումն ու մեկնումը զինուորական պատիւներու արժանացնելու համար կաթողիկոսարան եկած էին նախագահական պալատի զինուորական ջոկատն ու նուագախումբը:

Հանդիսաւոր Ս. պատարագը սկսաւ ժամը 9:00-ին: Պատարագիչն էր Բերիոյ թեմի հայոց առաջնորդ Ղեւոնդ արք. Չէպէեան: Ս. պատարագը սքանչելիօրէն խմբերգուեցաւ քառաձայն, Եկմալեան եղանակով, «Կոմիտաս» երգչախումբին կողմէ, ղեկավարութեամբ Գէորգ Գանտահարեանի:

Շարլ Հելու մոթորսիքլիստներու առաջնորդութեամբ կաթողիկոսարան ժամանեց ժամը ճիշդ 10:00-ին եւ մայրուղիէն մինչեւ մայր տաճար ժողովրդային խանդավառ ծափերու եւ զինուորական պատիւներու արժանացաւ:

Նուագախումբը հնչեցուց Լիբանանի ազգային քայլերգը, որմէ ետք նախագահը առաջնորդուեցաւ մայր տաճար:

Ս. պատարագին եւ պաշտօնական ընդունելութեան ներկայ եղան վարչապետ Ուէյնի, խորհրդարանի փոխնախագահ Էտիպ Ֆըրզլի, ներքին գործոց նախարար Թաքիէտտին Սոլհ, հանրօգուտ շինութեանց նախարար Փիեռ Ժեմայէլ, ծրագրաւորումի նախարար Նեժիպ Սալհա, աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Էտուար Հընէյն, հանրապետութեան նախագահութեան դիւանապետ Ժորժ Հայմարի, Լեռնալիբանանի կուսակալ Ֆաուզի Պարտաուիլ, ապահովութեան սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն Ժոզեֆ Սալամէ, ելեկտրականութեան եւ ջրային սպասարկութեանց ընդհանուր տնօրէն Աֆիֆ Պըզրի, Մեթնի գայմագամ Համիտ Խուրի, պետական երեսփոխաններ` Ժեմիլ Լահուտ, Ժոզեֆ Չատըր, Մովսէս Տէր Գալուստեան, մեթր Խաչիկ Պապիկեան եւ Սուրէն Խանամիրեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Յակոբ Աշճեան, պետական եւ զինուորական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, Ազգային ընդհանուր ժողովի պատգամաւորներ, Ազգային իշխանութեանց անդամներ եւ երեւելի անձնաւորութիւններ:

Յաւարտ Ս. պատարագի տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն վեհարանի դահլիճին մէջ:

Երգչախումբը խմբերգեց Լիբանանի ազգային քայլերգն ու «Կիլիկիա» երգը:

Խորէն Ա. կաթողիկոս կարդալ իմաստալից ճառ մը` ուղղուած նախագահ Շարլ Հելուի:

Ճառին արաբերէն թարգմանութիւնը կարդաց Հայկ Թովմասեան եւ պատճէնը յանձնեց նախագահին:

Շարլ Հելու պատասխանելով վեհափառ հօր ճառին` յայտնեց, թէ վերջին աստիճան տպաւորուած է եղած ջերմ ու սիրալիր ընդունելութենէն: Մեզի համար մեծ բախտ է, որ այս ընդունելութիւնը տեղի կ՛ունենայ Աստուծոյ տան մէջ, որովհետեւ հաւատացող ենք, որ երջանկութեան եւ ազգի բարգաւաճման ու վերելքին միջոցներն են` զոհողութիւնը, հաւատքն ու սէրը: Նաեւ մեծ բախտ է, որ կը գտնուինք այսօր այն համայնքին մէջ, որ իր բոլոր ներկայացուցիչներով եւ ամէն տեսակի մարզերու մէջ լիբանանցի ժողովուրդի այն համայնքներու զաւակներուն հետ ձեռք ձեռքի տուած` կը մասնակցի այս երկրի վերելքին ու բարգաւաճման:

«Կը վկայեմ այս հանդիսաւոր պահուն, որ հայ ժողովուրդը ամենախոր հաւատարմութեամբ, զոհողութեամբ եւ գիտակցութեամբ կը կատարէ իր դերը մեր այս հայրենիքին հանդէպ», եզրակացուց նախագահը:

Բուռն ծափերու արժանացաւ նախագահին այս հոյակապ ճառը:

Քանի մը նախարարներ եւ ռատիոկայանի պատասխանատուն յայտնեցին, թէ այլ ընդունելութիւններու առթիւ ընկերակցած են նախագահին, բայց չեն հանդիպած իր այսքան ջերմ ու սրտաբուխ խօսքերուն:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ շնորհաւորութիւն:

Իրենց մեկնումին նախագահ Շարլ Հելու, վարչապետ Հիւսէյն Ուէյնի եւ նախարարներ դարձեալ արժանացան զինուորական պատիւներու եւ խանդավառ ծափերու:

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Յունիս Ամսուան Տօներէն Աշխարհին Շուրջ (Ա. Մաս)

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In