Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բնակարանային Վարձքի Նոր Օրէնքը Բողոքարկելու Եւ Բարեփոխելու Իրաւաբաններու Յանձնախումբը Կոչ Կ՛ուղղէ Անմիջապէս Սառեցնելու Քաղաքացիներուն Դէմ Յարուցուած Դատական Հարցերը

Յունիս 5, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-04-15_pasdapan-fԲնակարանային վարձքի նոր օրէնքը բողոքարկելու եւ բարեփոխելու իրաւաբաններու յանձնախումբը լրագրողներու ակումբին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ բնակարանային վարձքի նոր օրէնքին, շեշտելով անոր գործադրութեան մերժումը:

Յանձնախումբին կողմէ հրապարակուեցաւ հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.

«Երբ Սահմանադրական խորհուրդը, որ վարձուորներուն եւ կալուածատէրերուն պահանջները վաւերացնող հիմնական հաստատութիւնը կը նկատուի, որոշեց բնակարանային վարձքի օրէնքին գործադրութիւնը սառեցնել եւ ծրագիր մը մշակեց զայն բարեփոխումի ենթարկելու համար` պահպանելով բնակութեան իրաւունքը, ոչ ոք անսաց անոր: Այս իրականութենէն մեկնելով, այդ օրէնքին հրատարակութիւնը` պետական պաշտօնաթերթով, հակաօրինական էր, իսկ արդարութեան նախարարը, օրէնսդրութեան յանձնախումբը եւ Սահմանադրական խորհուրդի նախագահը յայտարարեցին, որ վարձքի այդ օրէնքը պէտք չէ գործադրուի, հետեւաբար այդ օրէնքը վերադարձուեցաւ խորհրդարան` բարեփոխումի ենթարկուելու նպատակով: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի բազմիցս հաստատեց, որ այդ օրէնքը գործադրելի չէ` ընդգծելով, որ այդ օրէնքը բարեփոխման նպատակով փոխանցուած է արդարութեան եւ վարչական հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբին, իսկ այդ գծով դատական իշխանութիւններուն արձակած վճիռները անարդար են, անտրամաբանական եւ մերժելի:

«Ոմանք շարունակեցին վերոնշեալ տեսակէտներուն հակադրուող յայտարարութիւններ կատարել եւ լիբանանեան հանրային կարծիքը շեղել, այս անհիմն ու հակասահմանադրական օրէնքին գործադրութիւնը կասեցնելու իմաստով գործնական ոչ մէկ միջոցի դիմուեցաւ, մինչդեռ նիւթական ծանր բեռի տակ գտնուող վարձուորներուն դէմ դատական հարցերը կը շարունակուին յարուցուիլ, իսկ նոր օրէնքին զուգահեռ ստեղծուելիք Վարձուորներուն օժանդակութեան սնտուկը մնացած է ցնորքի սահմաններուն մէջ: Նկատի ունենալով այս բոլորը` կալուածատէրերուն կողմէ բոլոր զգուշացումները եւ տանտիրոջ ու վարձուորին միջեւ ստորագրուած «Փոխադարձ հասկացողութեան» բոլոր համաձայնագիրները եւ փորձագէտներու նշանակումները չեղեալ կը սեպուին: Միւս կողմէ, նկատի ունենալով, որ բոլոր ժամկէտները` ի մասնաւորի օրէնքին 18-րդ յօդուածով ճշդուած երեք ամսուան ժամկէտները վերջ գտած են, վերոնշեալ գործառնութիւններէն որեւէ մէկը աւելի քան մէկ միլիոն լիբանանցի քաղաքացիներու բնակարաններուն դէմ ոտնձգութիւն կը նկատուի եւ պէտք է անմիջապէս վերջ տալ այդ հոլովոյթին` հաշուի առնելով անոր գործած նիւթական եւ բարոյական վնասները` այնպիսի պայմաններու մէջ, երբ երկրին բնակիչներուն կէսէն աւելին գաղթականներ են:

«Կը պահանջենք Լիբանանը լքեալ յայտարարել նախագահական աթոռին թափուր մնալուն եւ խորհրդարանի աշխատանքներուն բացակայութեան պատճառով: Այս իրականութեան կողքին, կ՛արժէ նշել նաեւ, որ Լիբանանը լքեալ է ընկերային առումով, տիրող անգործութեան եւ գաղթականներուն հսկայ թիւին պատճառով, ինչպէս նաեւ լքեալ կը նկատուի լիբանանցի քաղաքացիներուն բնակարանները պահպանելու իմաստով:

«Կը պահանջենք անմիջապէս սառեցնել յարուցուած դատական հարցերը` նկատի ունենալով, որ այս օրէնքը կարելի չէ գործադրել, յատկապէս խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի այն հաստատումներէն ետք, թէ այդ օրէնքին գործադրութիւնը անկարելի է, իսկ այդ գծով արձակուած դատական վճիռները կասկածելի են, անարդար, անտրամաբանական եւ մերժելի: «Խորհդարանը կազմող երեսփոխանական պլոքներուն մեծամասնութիւնը իր կարգին մերժած է այդ օրէնքին գործադրութիւնը, հետեւաբար պէտք է կասեցնել զայն եւ առիթ տալ պատասխանատուներուն` վերատեսութեան ենթարկելու այդ թղթածրարը: Այդ վերատեսութեան ձախողութեան պարագային ամբողջ Լիբանանի տարածքին գտնուող խնդրոյ առարկայ բոլոր հաստատութիւններուն դիմաց բողոքի նստացոյցեր պիտի կատարուին, ոեւէ մէկուն կողմէ լիբանանցի քաղաքացիներու բնակարաններ մուտքը, անոնց դէմ դատական հարցեր յարուցելն ու զանոնք դատարան կանչելը պիտի արգիլուին, որովհետեւ այդ օրէնքը անգործադրելի է եւ գործադրուելու պարագային աւելի քան մէկ միլիոն լիբանանցի անպատսպառ մնալու վտանգին դիմաց կը գտնուի:

«Հետեւաբար, յանձնառու պէտք է մնալ չգործադրելու այդ օրէնքը` նկատի ունենալով, որ սահմանադրութեան համաձայն, այդ օրէնքին գործադրութիւնը մերժելի է նաեւ պաշտօնական հաստատութիւններու եւ հեղինակութիւններու կողմէ»:

 

 

Նախորդը

«Ամօթ Է, Որ Օտարներ Աւելի Յանձնառու Ըլլան Երկրին Սահմանադրական Հաստատութիւններուն, Քան Լիբանանցիները» Շեշտեց Միշել Սլէյման

Յաջորդը

Միւֆթի Շաար Այցելեց Թրիփոլիի Ազգ. Նուպարեան-Խրիմեան Վարժարան

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?