
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւննրը:
Հանդիպումէն ետք Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ նոյնիսկ եթէ պաշտօնապէս չէ յայտարարուած, սակայն փաստօրէն թեւակոխած ենք անդամահատուած կառավարութեան մը հանգրուանը, ուր քաղաքական հարցերը տակաւին չեն հասունցած:
Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ «երկրին մէջ կայ ապահով ցանց մը` շնորհիւ Պըրրիի, որուն նկատմամբ մեծ վստահութիւն ունինք եւ կը զօրակցինք անոր հովանաւորած երկխօսութեան, յատկապէս Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ տեղի ունեցած երկխօսութեան»:


