Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

1915-ի Մասին Պատրաստուած Ժապաւէնի Մը Կալայի Ընթացքին, Պետրէտտին Տալան Երդում Ըրաւ, Որ Թուրքերը Հայկական Հարց Մը Չունին

Յունիս 5, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

Տալան
Տալան
Պաշպուղ
Պաշպուղ

Օրթագիւղի «Ֆերիյէ» սրահին մէջ կայացաւ Սերքան Քոչի կողմէ նկարահանուած «Հայկական փաստաթուղթերով 1915» անուն վաւերագրական ժապաւէնի կալան, որուն ներկայ գտնուեր են Պոլսոյ նախկին քաղաքապետ Պետրէտտին Տալան եւ սպայակոյտի նախկին նախագահ Իլքեր Պաշպուղ: Երկուքն ալ ժապաւէնին ցուցադրութենէն առաջ յայտարարութիւններ ըրած են լրագրողներուն ու մերժողական մերձեցումով է, որ խօսած են 1915-ի պատահարներու առնչութեամբ: Նոյնիսկ Պետրէտտին Տալան ըսած է, որ կրնայ երդում ընել, որ թուրքերը Հայկական հարց մը չունին:

Տալան այսպէս խօսած է.

«Կ՛երդնում, որ թուրքերը իսկապէս Հայկական հարց մը չունին: Հայկական հարցը արեւմուտքցիներուն խնդիրն է: Ասիկա արեւմուտքցիներուն` հայերու վրայով խաղացած խաղն է: Երանի՜ թէ հայերն ալ նշմարեն այս խաղը ու բանան իրենց աչքերը: Երանի՜ թէ գիտնան, թէ ուրկէ կու գան գրգռութիւնները: Ամբողջ պատմութեան ընթացքին թուրքերը երբեք օտարներուն օտարի վերաբերում ցոյց չտուին: Ասիկա արդէն թեքնիք տեսակէտէ ալ կարելի չէ: Երբ Ա. Աշխարհամարտը սկսաւ, հայերը յանձնուեցան երազի մը, որ չէր կրնար իրականանալ: Այս երազին պատճառով արեւելեան ու հարաւարեւելեան Անատոլուի մէջ երկու կողմերն ալ կորուստներ տուին»:

Տալան իր ելոյթը շարունակած է հետեւեալ ոճով.

«Ո՞վ է, որ ամէնէն շատ տառապեցաւ այն հայերուն սպանութենէն: Մե՛նք տառապեցանք: Դեռ ալ կը տառապինք: Երանի՜ թէ պատահած չըլլար: Բայց երանի՜ թէ իմ նախնիներս ալ հայերու կողմէ սպաննուած չըլլային: Կասկած չկայ, որ սպանդները փոխադարձ էին: Հոս իրական իմաստով ո՛չ թուրքերը յանցաւոր են, ո՛չ ալ հայերը: Գրգռիչներն են, որ յանցաւոր են: Է՜յ Արեւմուտք, յանցանքդ ընդունէ, այլեւս մի՛ գրգռեր թէ՛ թուրքերը, թէ՛ հայերը: Որովհետեւ տակաւին Թուրքիոյ վրայ նոյն խաղերը կը սարքուին: Ձեզի պատմութեան առջեւ կ՛երդնում, որ Թուրքիա Հայկական հարցի մէջ որեւէ յանցանք չունի: Մեր հայ հայրենակիցներէն մէկը այս երկրին համար ինքզինք կրցաւ հրկիզել Թաքսիմի հրապարակին վրայ»:

Պոլսոյ նախկին քաղաքապետ Պետրէտտին Տալանի այս անստգիւտ խօսքերուն առընթեր, սպայակոյտի նախկին նախագահ Իլքեր Պաշպուղն ալ ըսաւ, որ այս հարցին մէջ Թուրքիա յստակ կերպով իրաւացի է: Ան գանգատեցաւ, որ այսպիսի խնդիրներու մէջ թուրքերը իրաւացի ըլլալով հանդերձ, չեն յաջողիր իրենց իրաւացիութիւնը փաստել միջազգային հրապարակներու վրայ:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Տարբերութիւն Տինքին Սպաննող Սամասթի Եւ 1915-ի Սամասթների Միջեւ. Աքչամ

Յաջորդը

«Մուսուլմանի Նման Վարուեցինք, Բայց Մեզ Դարձեալ «Կեաւուր» Կոչեցին»

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 27, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 25, 2025
Գիտական Նորութիւններ
Գիտութիւն

Գիտական Նորութիւններ

Փետրուար 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?