Խմբագրական
Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչը
(21-րդ Պատգամաւորական Ժողովին Առթիւ)
Այսօր` շաբաթ, 5 յունիս, կը բացուի Լիբանանահայ օգնութեան խաչի 21-րդ Պատգամաւորական ժողովը, որ ամէն տարի, կանոնաւորաբար, յունիսի առաջին շաբաթը կու գայ քննելու Շրջանային վարչութեան միամեայ գործունէութիւնը, նոյն ատեն կը տեղեկանայ զանազան մասնաճիւղերու կեանքին` ընդհանուր գաղափար մը կազմելով այն աշխատանքներուն մասին, որ կանացի այս մեծ կազմակերպութիւնը ունեցած է մէկ տարուան ընթացքին, իր բազմաճիւղ գործունէութեան բոլոր մարզերէն ներս:
Լիբանանահայ օգնութեան խաչը հայ կեանքին մէջ գործող այն կազմակերպութիւնն է, որ ամէնէն քիչ պէտք ունի ծանօթացուելու: Ան իր կենդանի գործին վկայութեամբ, ամէն օր ժողովուրդին հետ է, անոր կեանքին անբաժանելի մասը կը կազմէ, բաժնեկից անոր ուրախութիւններուն եւ մտահոգ` անոր դժուարութիւններով ու ցաւերով:
Օգնութեան խաչի բոլոր ձեռնարկները ամենալայն ժողովրդականութիւն կը վայելեն մեր գաղութին մէջ` արժանանալով անխտիր բոլոր խաւերու անվերապահ գնահատանքին: Փաստ, որ ամէն անգամ, երբ Օգնութեան խաչը կը դիմէ ժողովուրդին, բոլորը իրենց առաւելագոյն չափով կը մասնակցին` լաւապէս գիտնալով թէ իրենց ընծայաբերումը աւելիով կը վերադարձուի` իբրեւ դեղ ու դարման, ուսում եւ դաստիարակութիւն:
Բայց ինչ որ ամէնէն աւելի կարեւոր է Օգնութեան խաչի գործունէութեան մէջ, ատիկա այն հանրային դաստիարակութիւնն է, որ անոր մեծ ընտանիքին մաս կազմող բազմահազար հայուհիներ կը ստանան` զոհողութեան եւ նուիրումի ճամբով:
Հայ կինը Օգնութեան խաչին միջոցով այսօր լրիւ կերպով կը մասնակցի մեր հանրային կեանքին, իր դերին ու կոչումին խոր գիտակցութեամբ: Լաւապէս ըմբռնելու համար այս պարագան, կը բաւէ բաղդատութիւն մը ընել երեք տասնամեակ առաջ տիրող վիճակին ու այսօրուան միջեւ` հաստատելու համար այն հսկայ տարբերութիւնը, որ գոյութիւն ունի` հասարակական կեանքին իգական սեռի մասնակցութեան տեսակէտէն:
Անկախ Օգնութեան խաչի մասնաճիւղերու կեանքէն, պատգամաւորական ժողովները, առաւելագոյն չափով կը կատարեն իրենց դաստիարակչական դերը եւ այդ ժողովներուն այսօրուան պատկերը, բաղդատած 40-ական թուականներու պատկերին հետ, ցոյց կու տայ, թէ որքան բան փոխուած է հայ իգական սեռի հանրային դաստիարակութեան տեսակէտէն:
Այսօր Օգնութեան խաչի Պատգամաւորական ժողովին մասնակցող հայուհիները, բացարձակ մեծամասնութեամբ, գիտեն լրջօրէն մօտենալ օրակարգի բոլոր հարցերուն, կարծիք կը բանաձեւեն եւ յստակօրէն կը յայտնեն իրենց գաղափարները:
Բարեշրջումի այս հոլովոյթը անընդհատ կը շարունակուի տարիներէ ի վեր ու պատգամաւորական ժողովները համապատասխան չափով կ՛արդիւնաւորուին` արդիւնաւորելով նաեւ անոնցմէ բխող շրջանային վարչութիւններու գործունէութիւնը:
Օգնութեան խաչի 18 մասնաճիւղերէն մօտ 75 պատգամաւորուհիներ, որոնք աւելի քան 2000 անդամուհիներու ներկայացուցիչները կը հանդիսանան, երկու օր ամբողջ իրենց մտածման միակ առանցքը պիտի դարձնեն այս սիրելի կազմակերպութիւնը, որուն վերելքին ու բարգաւաճման ուրախութիւնն ու հպարտութիւնը ունին:
Ժողովի աշխատանքներուն պիտի հետեւին Ամերիկայի ՀՕՄ-ի անդամուհիներ, որոնք միւռոնօրհնութեան առթիւ Լիբանան ժամանեցին վերջերս եւ անձնական շփումներ հաստատեցին Օգնութեան խաչի վարիչներուն հետ:
Վստահ ենք, որ անոնք լաւագոյն տպաւորութիւնները պիտի ստանան Պատգամաւորական ժողովէն եւ այդ տպաւորութիւնները պիտի փոխանցեն ՀՕՄ-ի քոյր կազմակերպութեան:
Կ՛ողջունենք Օգնութեան խաչի Պատգամաւորական ժողովը` յաջողութեան ջերմ մաղթանքներով:
Թատերական
Վերջինը…
Էշրեֆիէի «Ազատամարտ» թատերախումբը այս շաբաթ օր անմահն Լեւոն Շանթի «Ճամբուն վրայ» թատերակը 10-րդ եւ վերջին անգամ ըլլալով պիտի ներկայացնէ:
Տասներորդը անշուշտ չափանիշ մըն է յաջողութեան:
Տասներորդը կ՛ենթադրէ տասը անգամ լեցուած սրահ:
Տասներորդը փաստն է բեմադրիչի անսահման զոհողութեան, խումբի անդամներու սիրոյն:
Տասներորդը խօսուն է նաեւ` որպէս թատերակի ժողովրդականութիւն, մատչելիութիւն եւ հետեւաբար` նաեւ տեղին ընտրութիւն:
Ժաք Լուսարարեան բեմադրիչը անծանօթ մը չէր արդէն ու իր ստեղծած ուժերով բան մը աւելցուց իր վաստակին վրայ:
Այս բոլորով հանդերձ, ամէն ինչ կատարեալ չէր, կատարեալ չէր կրնար ըլլալ:
Առաջին անգամ ըլլալով բեմ բարձրացող այս խումբը (գրեթէ լրիւ կազմով) ցուցադրե՛ց ճաշակ, յայտնաբերեց կիրք, յուսադրե՛ց:
Կա՛ն, որոնք ատակ չեն: Կը փոխուի՛ն: Կը փոխարինուի՛ն, կամ կը յոգնեցնեն քիչ մը աւելի:
Բայց ընդհ. հաշուեկշիռով մը լաւ էր, յարաբերաբար նաեւ կրնանք ըսել` շա՛տ լաւ:
Տասներորդն է այս շաբաթ օր ներկայացուելիքը: Տակաւին առիթ չունեցողներուն առիթ մը կա՛յ:
Յայտարարուած է. վերջին անգամ ըլլալով:
***
Թատերական այս ձեռնարկի շահը.-
Ա.- Հազարաւոր ազգայիններ հաստատեցին, որ որպէս շէնք, բեմ, Էշրեֆիէի «Ազատամարտ» ակումբին սեփականութիւնը ներկայանալի թէաթրը տը փոշ մըն է նուազագոյնը, ուր կարելի է, առանց բարդոյթի, նմանօրինակ ներկայացումներ տալ:
Կոկիկ բեմ, նորակերտ եւ գեղեցիկ սրահ, նոր աթոռ:
Ո՜հ ի՛նչ հանգստաւէտ.
Բ.- Բեմէ եւ սրահէ զուրկ մօտիկ շրջաններ տեսան իրենց տունը: Վարժութեան առաջին գործնական միջոցը ստեղծուեցաւ այս առիթով:
Գ.- Երիտասարդութիւնը արուեստի, թատրոնի, բարձր թռիչքներու աշխատանքի լծուեցաւ:
Շարժում մըն է` օգտակար եւ շինիչ, որ վարակեց ու կը վարակէ տակաւ իրենց բախտին ձգուած երիտասարդութիւնը:
Դ.- Ժողովուրդը հոգեկան գոհացում ստացաւ: Յիշատակ կապեց, բաժին վերցուց մեծ եւ զօրեղ նկարագիրներէ:
Վերեւի հաստատումները իրաւ են բոլոր նման յաջող ձեռնարկներու համար: Եթէ շեշտուեցաւ այս առիթով, պատճառը այն է, որ շրջանը կարելի է ըսել, նոր իր սեփական ուժերը գործի մղեց:
Փոքր հասարակաց շահ մը չէ այս:
***
Վերջինը…
Ուրուագծային ու ոստոստուն վերեւի հաստատումներէն ետք, խտացած, կարելի է եզրափակել.
Աշխատանքը արդիւնաւորուեցաւ, յոյսերը իրականացան, հաւատքը ամրացաւ:
Ճիշդ է` ա՛յս ներկայացումին վերջինն է տասներորդը:
Սակայն առաջինն է գալիք աւելի՛ յաջող, աւելի՛ ներկայանալի, աւելի խանդոտ արդիւնքին:
Այս վստահութեամբ, շնորհաւորել արդար է առնուած հունձքը, եւ առնուելիք բերքին պահանջը արձանագրել այժմէն, աճապարանք չէ:
ՎԱՀԱԳՆ Բ.