Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Սալամ Հանդիպում Մը Ունեցաւ Սալման Պըն Ապտել Ազիզ Թագաւորին Հետ

June 4, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Վարչապետ Սալամ եւ Սալման Պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը
Վարչապետ Սալամ եւ Սալման Պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը

Վարչապետ Թամմամ Սալամ, որ պաշտօնական այցելութեամբ մը կը գտնուի Սէուտական Արաբիա, երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին հետ:

Սալման պըն Ապտել Ազիզ ընդարձակ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Սալամի եւ անոր ընկերակցող պաշտօնական պատուիրակութեան հետ, ապա տեղի ունեցաւ դռնփակ հանդիպում մը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Մոհամետ պըն Նայեֆ:

Հանդիպումին ընթացքին Սալման պըն Ապտել Ազիզ շեշտեց Սէուտական Արաբիոյ յանձնառութիւնը լիբանանեան պետութեան եւ անոր հաստատութիւններուն հզօրացման նկատմամբ` կոչ ուղղելով լիբանանցիներուն դուրս գալու իրենց քաղաքական տագնապէն եւ ընտրելու համախոհական նախագահ մը, որ օգտակար պիտի ըլլայ թէ՛ Լիբանանին եւ թէ՛ շրջանին:

Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը դրուատեց Սէուտական Արաբիոյ մէջ գործող լիբանանցիներուն աշխուժութիւնը, ինչպէս նաեւ անոնց ունեցած ներդրումը երկրին զարգացումին եւ բարգաւաճումին համար:

Ան հաստատեց, որ լիբանանեան կարգ մը կողմերուն հնչեցուցած յայտարարութիւնները ոչ մէկ ձեւով պիտի ազդեն երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող եղբայրական յարաբերութիւններուն վրայ:

Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ իր կեցութեան վայրին մէջ ընդունեց Սէուտական Արաբիոյ ելեւմուտքի նախարար Իպրահիմ Ասսաֆը, որուն հետ քննարկեց Սէուտական Արաբիոյ կողմէ ֆինանսաւորուած ծրագիրներ, որոնք Լիբանանի մէջ պիտի գործադրուին:

Նշենք, որ վարչապետ Սալամ ողջունեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի միջեւ հանդիպումը եւ զօրակցութիւն յայտնեց անոնց` մաղթելով, որ անոնց միջեւ մերձեցումը շարունակուի:

 

Նախորդը

Ռայի Պատրիարքը Կիրակի Օր Պիտի Ուղղուի Դամասկոս

Յաջորդը

Հըզպալլա Իր Հակակշիռին Տակ Առաւ Արսալի Բարձունքներէն Որոշ Տարածքներ

RelatedPosts

Աուն Սալամը Տեղեակ Պահեց Փարիզի Մէջ  Իր Հանդիպումներու Արդիւնքներէն
Լիբանանեան

Աուն Սալամը Տեղեակ Պահեց Փարիզի Մէջ Իր Հանդիպումներու Արդիւնքներէն

September 19, 2026
Իսա. «Տակաւին Յանձնառու Ենք Լիբանանի  Գերիշխանութեան Եւ Բանակի Կարողութեան  Ամրապնդման Նկատմամբ»
Լիբանանեան

Իսա. «Տակաւին Յանձնառու Ենք Լիբանանի Գերիշխանութեան Եւ Բանակի Կարողութեան Ամրապնդման Նկատմամբ»

September 19, 2026
Սուրիական Թեքնիք Պատուիրակութիւն Մը  Լիբանան Այցելած Է` Երկու Երկիրներուն Միջեւ  Երկաթուղային Ցանցի Վերամիացման Նախագիծի  Իրականացման Հետեւելու Համար
Լիբանանեան

Սուրիական Թեքնիք Պատուիրակութիւն Մը Լիբանան Այցելած Է` Երկու Երկիրներուն Միջեւ Երկաթուղային Ցանցի Վերամիացման Նախագիծի Իրականացման Հետեւելու Համար

September 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.