Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Անզերծ Զեղծարարութիւն

Յունիս 2, 2015
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-02-15_zeghdzԳրեթէ երկու տարի անցած էր այդ թուականէն, եւ կը կարծուէր, թէ կատարեալ անցեալի հետքերով հարցը փակուած էր, սակայն քոնկրեսական բարոյագիտութեան գրասենեակին համար` «Ո՛չ»:

Ընդհակառակը, եօթանասուն էջերէ բաղկացած զեկոյց-թղթածրարին հարցը նոր սկսած կը թուի ըլլալ:

Հարցը… թնճո՞ւկը… Ուրեմն, ըստ քոնկրեսական բարոյագիտութեան գրասենեակի պատրաստած այդ թղթածրարին, Ազրպէյճանի քարիւղի պետական «Սոքար» ընկերութիւնը, Նոր Աշխարհէն ներս գործող ոչ շահաբեր ընկերութիւններու անունին տակ, աւելի քան 750 հազար տոլար յատկացուցած է Պաքուի մէջ 2013-ին գումարուած Կասպից ծովու հարցերուն նուիրուած գիտաժողովին: Արդարեւ, ամենայն խորհրդապահութեամբ եւ գաղտնապահութեամբ, կարելի եղած է հոգալ ծախսերը տասը քոնկրեսականներու եւ անոնց անձնակազմի անդամներուն:

Անշուշտ պարզ ճամբորդութեան եւ կեցութեան ծախս չէ կատարուածը, այլ շռայլօրէն մսխուած գումարին առիւծի բաժինը խլած է սիրաշահելու, տպաւորութիւն ձգելու եւ ներգրաւելու աշխատանքը:

Վերոյիշեալ 750 հազար տոլարին միայն 115 հազարը տրամադրուած է ճամբորդութեան եւ կեցութեան: Մնացեալ աւելի քան վեց հարիւր հազարը տրամադրուած է թանկագին նուէրներու: Արդարեւ, այս «գնուած» հրաւիրեալներուն ձօնուած են արժէքաւոր նուէրներ, որոնց կարգին` մետաքսեայ զարդարանքներ, սպասներ, զմրուխտներ, յարգի եւ ձեռագործ գորգեր, նաեւ…  ձկնկիթ:

Այս եղելութիւնները ցոյց կու տան, թէ ինչպիսի՛ սադրիչ գործունէութիւն կը կատարէ Ազրպէյճանի քարոզչական եւ լոպիինկի մեքենան, որ ըստ լաւատեղեակ աղբիւրներու, անցեալ տարի, եւ այդ ալ` միայն Միացեալ Նահանգներու մէջ, տրամադրած է 2,3 միլիոն տոլար…

Ազերի քարոզչական մեքենային աշխատելաձեւը յստակ է եւ կը կատարուի առաջին հերթին դեսպանատան ճամբով, որ գործի լծած է Ազրպէյճան-Ամերիկա դաշինք անունով կազմակերպութիւնը: Իսկ երկրորդ գործելաձեւը վերոնշեալ հանրածանօթ քարիւղի պետական «Սոքար» ընկերութեան միջոցով է, որ Ուաշինկթընի մէջ Սպիտակ տան մօտակայքը օժտուած է յատուկ գրասենեակով մը: Այս վերջինին գործունէութեան դաշտը աւելի առարկայական է, այսինքն տնտեսական եւ նիւթական բաժինն է, որ կը կատարէ: Հետեւաբար, այս տեղեկութիւններուն լոյսին տակ, «Սոքար»-ն է, որ մատակարարած էր վերոյիշեալ տասնեակ մը քոնկրեսականներուն ու իրենց պաշտօնեաներուն փոխադրութիւնն ու վայելքը: Մինչդեռ Ազրպէյճան-Ամերիկա դաշինքը ենթակայական բաժինն է, որ կը կատարէ, այսինքն`  ենթահողի պատրաստութիւն եւ քարոզչական աշխատանք: Այս դաշինքն է, որ գործի լծուած է ի շահ եւ ի նպաստ Ազրպէյճանի մթնոլորտ եւ միջավայր ստեղծելու եւ իրագործելու «ազրպէյճանամէտ» քոնկրեսականներ` Սթիւ Սթոքմենի (հանրապետական – Թեքսաս), Ճիմ Պրայտընսթայնի (հանր. – Օքլահոմայ), Թետ Փոյի (հանր. – Թեքսաս), Այվեթ Քլարքի (դեմոկրատական – Նիւ Եորք), Շիլա Ճեքսընի (Դեմոկր. – Թեքսաս), Միշէլ Կրիշըմի ((դեմոկր. – Նիւ Մեքսիքօ), Տենի Տէյվիսի (դեմոկր. – Իլինոյ), Լենըրտ Լենսի (հանր. – Նիւ Ճըրզի), Ռուպէն Հինոխոսայի (դեմոկր. – Թեքսաս) եւ Կրեկըրի Միքսի (դեմոկր. – Նիւ Եորք) , Պաքու այցելութիւնը:

Դեռ ասոր կողքին, տեղին է նշել, թէ բազմիցս աշխատանք կը տարուի նմանօրինակ «ծախուած» քոնկրեսականներու հետ գործակցելով` Խոճալուի «ջարդերուն» ի նպաստ բանաձեւերու պատրաստութիւնն ու այդ գծով լոպիինկի աշխատանքը:

Այս գործելաձեւը Պաքուի եւ իր ղեկավար Ալիեւի ծաւալողապաշտ քաղաքականութեան եւ անզերծ զեղծարարութեան մէկ մասնիկն է:

Բնականաբար քոնկրեսական բարոյագիտութեան գրասենեակին լայնածաւալ թղթածրարը պիտի նշէ վերոյիշեալ հաստատումը:

18 մայիս, 2015

Նախորդը

Գիրքի Մը Ոդիսականը` «Մեծ Մօրս Հեքիաթները»

Յաջորդը

Սրբոց Հռիփսիմեանց Տօնը Առիթ` Անդրադառնալու Սուրբերուն Կեանքի Խորհուրդին

RelatedPosts

Արցախի Մասին Հայ Դատի Յանձնախումբի Պատրաստած Թղթածրարը Յանձնուեցաւ Քանատայի Պաշտպանութեան Նախարար Հարժիթ Սաճճանի
Հայ Դատ

Արցախի Մասին Հայ Դատի Յանձնախումբի Պատրաստած Թղթածրարը Յանձնուեցաւ Քանատայի Պաշտպանութեան Նախարար Հարժիթ Սաճճանի

Մարտ 12, 2020
Կլոր Սեղան Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին Մէջ.   «Հայութիւնը Ներկայ Աշխարհաքաղաքական Եւ Ներազգային Մարտահրաւէրներու Դէմ Յանդիման»
Հայ Դատ

Կլոր Սեղան Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին Մէջ. «Հայութիւնը Ներկայ Աշխարհաքաղաքական Եւ Ներազգային Մարտահրաւէրներու Դէմ Յանդիման»

Յունուար 23, 2017
Նիքոլա Սարքոզի Հանդիպում Ունեցաւ Փարիզի Եւ Լիոնի Շրջանի Հայութեան Հետ
Հայ Դատ

Նիքոլա Սարքոզի Հանդիպում Ունեցաւ Փարիզի Եւ Լիոնի Շրջանի Հայութեան Հետ

Նոյեմբեր 19, 2016

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In