Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Փառատօնը Անթիլիասի Մէջ
Աւելի Քան 25 Հազար Հայեր Ներկայ Եղան
Սրբալոյս Միւռոնի Օրհնութեան
Վեհափառ Հայրապետի Գլխաւորութեամբ, Արարողութեան Մասնակցեցան
Երուսաղէմի Պատրիարքը Եւ Բարձրաստիճան Եկեղեցականներ
Երէկ` կիրակի, 30 մայիս 1965, Անթիլիասի կաթողիկոսարանին մէջ, մեծահանդէս արարողութեամբ, տեղի ունեցաւ սրբալոյս միւռոնի օրհնութիւնը:
Ս. միւռոնի նուիրական սրբութիւնը, որ նշանակն է Հայաստանեայց եկեղեցւոյ անխտիր բոլոր զաւակներուն հոգեւոր եղբայրութեան եւ քրիստոնէական սիրոյ, ամիսներէ ի վեր, մագնիսական ուժով Անթիլիասի վրայ կը կեդրոնացնէր ամբողջ սփիւռքի հայութեան ուշադրութիւնը եւ նոր առիթ մը կը դառնար հայ ժողովուրդի հաւատքի արտայայտութեան` հանդէպ մեր ազգային-կրօնական սրբութիւններուն եւ արժէքներուն: Անխախտ եւ հաստատուն հաւատք, որ դարերէ ի վեր կանգուն կը մնայ հայ հաւատացեալի սրտին ու հոգիին մէջ, եւ որ գլխաւոր ազդակն է մեր ժողովուրդի գոյատեւման եւ պահպանման:
Արդարեւ, աւելի քան 25 հազար հաւատացեալներու բազմութիւն մը, առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ, ալիք առ ալիք մուտք գործեց կաթողիկոսարանէն ներս, խմբուեցաւ դպրեվանքի ու վեհարանի տանիքներուն վրայ, սենեակներու պատուհաններուն առջեւ, լեցուեցաւ ընդարձակ բակերուն մէջ եւ ջերմեռանդ երկիւղածութեամբ հետեւեցաւ հոգեպարար արարողութիւններուն` առանց կարեւորութիւն տալու կիզիչ արեւի այրող ու անտանելի տաքին:
ՀՄԸՄ-ի սկաուտներն ու արենուշները, Լիբանանահայ օգնութեան խաչի արծուիկները, ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս հսկեցին անթերի կարգապահութեան:
Ժամը 9:00-ին մայր տաճարի զոյգ զանգակներու ուրախ ղօղանջիւններով փառաշուք թափօրը սկսաւ իջնել վեհարանէն: Դպիրներ ու սարկաւագներ խաչ ու մոմակալ բռնած, որոնց կը հետեւէին Ս. Նշանի դպրաց դասն ու «Կոմիտաս» երգչախումբը, սարկաւագներ քառասուն քահանայ հայրեր, տասնվեց աբեղայ ու վարդապետներ, Գարեգին ու Արտաւազդ եպիսկոպոսները` հին միւռոնի ու բալասանի սրուակները բռնած, Սահակ, Հրանդ, Արտակ, Տաճատ, Հայրիկ ու Ղեւոնդ արքեպիսկոպոսները սրբազան մասունքներ բռնած, ապա, ամպհովանիի տակ, պատարագիչ վեհափառ հայրապետը, Խորէն Ա. կաթողիկոս, Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Աջը բռնած, կողքին ունենալով Երուսաղէմի պատրիրաք` Եղիշէ արքեպիսկոպոսը, իսկ ամէնէն ետքը, Ս. Միւռոնի շապիկազգեստ կնքահայրը`ամերիկահայ ուխտաւոր Լեւոն Թիւֆենկճեան: Ամպհովանին բռնած էին պարսկահայ ուխտաւորներ` Ճիպրայէլ Սահակեան եւ Գուրգէն Սարգիսեան, պէյրութահայ ազգային Գէորգ Չաթալպաշեան եւ կիպրահայ ուխտաւոր Վարդգէս Սարաֆեան:
Հանդիսաւոր արարողութեամբ կը սկսէր Ս. պատարագը` Նահատակաց յուշարձան-մատուռին առջեւ կառուցուած բացօթեայ փայտակերտ խորանին առջեւ: Սքանչելի էր եւ տպաւորիչ պատկերը, զոր կը ներկայացնէին Հայաստանեայց եկեղեցւոյ ինը իշխանաւորները իրենց լրիւ զգեստաւորումով, վեհափառ հայրապետի երկու կողմերը կանգնած:
Ճաշու գիրքի ընթերցման պահուն, սրբալոյս միւռոնի կաթսան, մայր տաճարի խորանէն թափօրով եւ քահանայ հայրերու առաջնորդութեամբ, վարդապետներու կողմէ կը բերուի բացօթեայ խորանին առջեւ:
Ճաշու ընթերցումէն ետք կը հասնի ողջոյնի պահը:
Վեհափառ հայրապետը, շրջապատուած եպիսկոպոսներով, կը դառնայ դէպի կաթսան: Մայր տաճարի զանգակներուն ղօղանջիւններով կը սկսի միւռոնօրհնութեան այնքան ցանկալի պահը:
Կանոնական ընթերցումներէ ետք, որոնք յաջորդաբար կը կատարեն վեհափառ հայրապետը, ամենապատիւ պատրիարքը եւ արքեպիսկոպոսներն ու եպիսկոպոսները, խնդրելով Աստուծմէ Ս. Հոգւոյն առաքումը Ս. Միւռոնի վրայ, վեհափառ հայրապետը կը վերցնէ թափանցիկ քողը կաթսային վրայէն, իսկ կնքահայր Լեւոն Թիւֆենքճեան կափարիչը: Վեհափառը կը թափէ նախ բալասանը, յետոյ հին միւռոնը երեք անգամէն կը հեղու կաթսային մէջ «Առաքելոյ աղաւնոյ» շարականի երգեցողութեամբ:
Հաւատացեալներու բազմութիւնը հասած էր հոգեկան յուզման գերագոյն աստիճանին, մագնիսացած, առինքնուած կատարուող խորհուրդի վեհութենէն, լուռ կը հետեւի վեհափառ հայրապետին, որ մեր հաւատոյ հօր` Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի սրբազան Աջով, միւռոնին կու տայ վերստին կնիք ու օրհնութիւն` երգելով «Օրհնեսցի եւ սրբեսցի միւռոնս այս նշանաւ»:
Այնուհետեւ վեհափառ հայրապետը Ս. Միւռոնին մէջ թաթխուած Աջովը Ս. Լուսաւորչի կ՛օրհնէ հաւատացեալ ժողովուրդը:
«Ողջո՜յն տուք միմիանց»… յուզիչ է պահը, սրբալոյս միւռոնի կաթսայէն առնուած ողջոյն: Վեհափառ հայրապետը կը փոխանցէ ողջոյնը պատրիարք հօր, կը փոխանցուի ողջոյնը եպիսկոպոսական դասուն, կը փոխանցուի խուռներամ հաւատացեալներու:
Ապա վեհափառ հայրապետը կը խօսի հոգեշունչ քարոզ մը: «Գոհութիւն եւ փառք կու տանք ամենակարող Աստուծոյ, որ արժանի ըրաւ մեզ այսօր, կատարելու սրբալոյս միւռոնի օրհնութիւնը Ս. Լուսաւորչի Աջով, ի ներկայութեան Երուսաղէմի պատրիարքին, լուսարարապետին, Տանն Կիլիկիոյ եպիսկոպոսական դասուն, թեմերու հոգեւորական եւ աշխարհական պատգամաւորներուն եւ բազմահազար ուխտաւորներու»:
«Միւռոնի օրհնութիւնը Հայաստանեայց եկեղեցւոյ մեծահանդէս արարողութիւններէն մէկն է: Հայ հաւատացեալին համար ամէնէն նուիրական եւ խորհրդաւոր սրբութիւնը Ս. միւռոնն է: Ս. միւռոնով կ՛օծուին ու կը սրբագործուին երեխան, եկեղեցականը, եկեղեցին ու եկեղեցւոյ սրբութիւնները: Ս. Միւռոնը, Ս. Լուսաւորչէն սկսած` ժառանգաբար սերունդէ սերունդ եկած հասած է մեզի մեր հայրապետներու կարգադրութեամբ:
«Ս. միւռոնը կը հանդիսանայ հոգեւոր միութեան անքակտելի կապը աշխարհի բոլոր կողմերը ապրող հայութեան: Հանդիսաւոր այս պահուն մեր սրտագին մաղթանքն է, որ մեր օրհնած այս Ս. միւռոնը ըլլայ ազգային միութեան եւ սիրոյ գեղեցիկ առիթ մը»:
Ս. պատարագը կը շարունակուի քառաձայն սքանչելի երգեցողութեամբ, Ս. Նշանի դպրաց դասուն եւ «Կոմիտաս» երգչախումբին կողմէ` ղեկավարութեամբ Գէորգ Գանտահարեանի:
Ս. սեղանին կը սպասարկէին Գարեգին ու Արտաւազդ եպիսկոպոսները:
Յաւարտ Ս. պատարագի, վեհափառ հայրապետը, ամպհովանիի տակ, թափօրով կ՛առաջնորդուի վեհարան: Վեհարանի առջեւ եւ ներսը անգամ մը եւս կ՛օրհնէ հաւատացեալ ժողովուրդը: Կը խմբերգուի «Երբ որ բացուին» երգը եւ տեղի կ՛ունենայ աջահամբոյր:
Մայիս 28
Փառաշուք Տօնակատարութիւնը Պէյրութի Մէջ
Շաբաթ գիշեր Ճեմարանի պարտէզին մէջ շքեղ հանդիսութեամբ մը տօնուեցաւ Հայաստանի անկախութեան 47-րդ տարեդարձը:
Մեծ թիւով ընկերներ, համակիրներ եւ այլ գաղութներէ միւռոնօրհնութեան առթիւ Պէյրութ ժամանած հայրենակիցներ ներկայ եղան հանդիսութեան, որուն բացումը կատարեց տոքթ. Եղիկ Գոնիալեան, յանուն ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին:
Տօնակատարութեան նախագահեց Կարօ Սասունի, որ իր բացման ճառին մէջ շեշտեց, թէ ապրիլեան Եղեռնի յիսնամեակին յուշատօնէն ետք, այսօրուան տօնը յարութեան տօնն է հայութեան, որ Եղեռնէն երեք տարի ետք կերտեց իր անկախ պետականութիւնը:
Օրուան առաջին բանախօսն էր Յակոբ Իսկենտերեան, որ կուռ ճառով մը ընդգծեց մայիս 28-ի պատմական արժէքը` հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, պահանջելով, որ ներկայ սերունդը, ինչպէս նախորդները, իր պարտականութիւնը կատարէ հանդէպ հայ ժողովուրդին` բարձր բռնելով մայիս 28-ի իտէալին դրօշը:
Երկրորդ բանախօսն էր Հրաչ Տասնապետեան, որ բովանդակալից ճառով մը ամբողջական պատկերը տուաւ Եղեռնէն ետք ստեղծուած կացութեան: Մայիս 28-ը բնորոշեց ազգային, քաղաքական, պատմական եւ համաշխարհային տեսանկիւնէն եւ շեշտեց, թէ Սեւրի դաշնագրով հայութիւնը տարաւ դիւանագիտական մեծ յաղթանակ մը, ու Սեւրը կը հանդիսանայ հայ ժողովուրդի քաղաքական պահանջներուն հիմը` իբրեւ պատմական անջնջելի փաստաթուղթ:
Խաչիկ Արարատեան խոր ապրումով արտասանեց «Սասունցի Դաւիթ» դիւցազներգութենէն հատուած մը եւ Յովհաննէս Շիրազի «Կտակը» մեծապէս գնահատուելով:
Փակման խօսքը ըրաւ Կարօ Սասունի` յայտնելով իր խոր հաւատքը հանդէպ հայ ժողովուրդի լուսաւոր ապագային:
Յայտարարութիւն
Այսօր, 1 յունիս 1965, «Ազդակ» կը դառնայ պաշտօնական օրկանը ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէութեան:
Արդէն 38 տարեկան է «Ազդակ»: Ամբողջ 38 տարի կատարած է կիսապաշտօնական օրկանի իր պարտականութիւնը` դառնալով բանբերը Լիբանանի մեր կազմակերպութեան, արտայայտելով մեր կուսակցութեան տեսակէտներն ու գաղափարները: Ան դարձած է արդէն արտասահմանեան հայ կեանքի ամենալայն տարածում գտած օրաթերթերէն մէկը եւ իր կարեւոր տեղը ունի լիբանանեան մամուլի պատմութեան մէջ:
Այս թուականէն սկսեալ, դառնալով կուսակցական պաշտօնաթերթ, «Ազդակ» առաւել եւս պիտի աշխուժանայ ու տարածուի` իր լիակատար ծառայութիւնը բերելով հայ ժողովուրդին: Ան լաւագոյն կերպով պիտի շարունակէ տարածիչը ըլլալ ՀՅ Դաշնակցութեան տեսակէտներուն ու գաղափարաբանութեան:
Հայութեան գերագոյն շահերու աննկուն պահակի իր ուխտով` «Ազդակ» այս նոր հանգրուանի սեմին, երբ իր բուն տիրոջ սեփականութիւնը կը դառնայ, պիտի շարունակէ իր սրբազան առաքելութիւնը` նոր թափով ու յաւելեալ զոհողութիւններով:
Այս հաւաստիքը կու տանք հայ ժողովուրդին մեր ամբողջական պատասխանատուութեան լրիւ գիտակցութեամբ:
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ