Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան հրամանագիր ստորագրած է «Հայապահպանութեան գործին մէջ ունեցած մեծ վաստակի, սփիւռքի մէջ հոգեւոր արժէքներու պահպանման, զարգացման եւ տարածման գործին մէջ ներդրած բացառիկ աւանդի համար» «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը պարգեւատրելու մասին:
Գիտութեան, արուեստի, կրթութեան, տնտեսութեան, մշակոյթի եւ այլ մարզերուն մէջ ակնառու հասարակական գործիչներու տրուող պարգեւին արժանացնելով Արամ Ա. կաթողիկոսին` հանրապետութեան նախագահը պետականօրէն գնահատած է վեհափառ հայրապետը, որ իր հոգեւոր գերագոյն ղեկավարի հանգամանքով` նման գնահատանք ստանալու ակնկալութիւն կամ սպասում դժուար թէ ունենայ:


