Հայ Ժողովուրդին
Դահիճները Կը Խօսին…
Հայաստանը միշտ եղած է ռուսերու հետ, իսկ ռուսերը կը հանդիսանան մեր երդուեալ ու պատմական թշնամիները, այդ պատճառով ալ մենք մեր ճամբուն վրայ կը սրբենք այն բոլորը, որ կը խանգարէ դէպի արեւելք տարածուելու մեր նպատակը: Մենք պէտք է ճամբայ հարթենք դէպի Ազրպէյճան, Տաղստան ու Թուրքեստան, իսկ դուք, հայերդ, կեցած էք այդ ճամբուն վրայ:
Այսպէ՜ս բարբառած էր Ճեմալ փաշա, Պաթումի մէջ, 1918 մայիսի վերջերը գումարուած ժողովին առջեւ` խօսքը ուղղելով հայկական պատուիրակութեան, առանց ծամծմելու բառերը եւ հայկական նոր կոտորածներու սպառնալիքով:
Այսպէ՜ս բարբառած էր արիւնկզակ ճիւաղը, որուն «մարդասիրական բարեմասնութեանց» վրայ ալ շա՜տ խօսուեցաւ զինադադարէն ետք, եւ որ սակայն տասնեակ հազարաւորներու կարգին նաեւ մեր աննման Զօհրապին ու Վարդգէսին ալ դահիճը եղած էր:
Այսպէս բարբառած էր գարշելի մարդասպանը, որ հրճուանքէն իր արիւնոտ թաթերն էր շփած, երբ Պէյրութի ու Դամասկոսի կեդրոնական հրապարակներուն վրայ կախել տուած էր երկու տասնեակ արաբ երեւելի հայրենասէրներ:
Ահա՛ այս ոճրագործն էր, որ պէտք էր պատուհասուէր միանգամ ընդ միշտ, հայու վրիժառու բազուկով եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան արձակած մահավճիռով:
Եւ պատուհասուեցաւ Թիֆլիսի մէջ, այնքան յանդգնութեամբ, որ ափ ի բերան ձգեց բոլորը:
*
* *
Ուրիշ հրէշ մը` Էնվեր փաշա, պատերազմական նախարարի իր հանգամանքով, Պոլսոյ ամերիկեան դեսպան Հենրի Մորկընթաուի երեսն ի վեր արձակած էր հետեւեալ խօսքերը.
– Եթէ յաղթական ըլլանք, ոեւէ մէկը պիտի չհամարձակի մեր ըրածներուն հաշիւը պահանջել մեզմէ. իսկ ընդհակառակն, եթէ պարտուինք, նոյնիսկ եթէ միանգամ ընդմիշտ անհետանանք, հայկական հարցը լուծուած պիտի ըլլայ սա պարզ իրողութեամբ, որ հայերը այլեւս գոյութիւն պիտի չունենան: Ատենօք մեզի պատկառանք պարտադրող ձեր մարտանաւերը հիմա այլեւս ոչ մէկ վախ կը պատճառեն մեզի: Դուք ձեր գործերով զբաղեցէք ու միջամուխ մի՛ ըլլաք մեր գործերուն:
Նոյն այդ Էնվերը «բացատրելով» հայասպան ոճիրներուն բնոյթը` մէկ այլ անգամ յայտարարած էր ամերիկեան «Եունայթըտ Փրես» գործակալութեան Պոլսոյ թղթակից Հենրի Վուտին.
– Երկու միլիոն հայերու մէջէն անմեղները եւ յանցաւորները զանազանելը շատ դժուար է մեզի համար, ասոնց ամէնը բնաջնջելով` վստահ ենք, որ յանցաւորները ձեռք անցուցած կ՛ըլլանք:
*
* *
Երբ բացարձակօրէն անզօրութեան դատապարտուած Թուրքիոյ հայոց պատրիարքը Զաւէն արքեպիսկոպոս դիմած էր օրուան վարչապետ Սայիտ Հալիմին` հակահայ հալածանքներուն վերջ տալու խնդրանքով, անկէ հետեւեալ պատասխանը ստացած էր.
– Պատերազմէն առաջ դուք միացաք Համաձայնական պետութեանց` ուզելով անջատուիլ Օսմանեան կայսրութենէն: Հետեւաբար, ինչ որ այսօր կը պատահի հայոց, արդիւնքն է ծրագրի մը, որ գլուխ պիտի հանուի:
Երգի-Պարի Անսամպլի
Փայլուն Յաջողութիւնը
Հաղորդագրութիւն
Լիբանանահայ երգի-պարի անսամպլի նախագահ Նինա Ճիտեճեանի ստորագրութեամբ ստացանք հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.-
Լիբանանահայ երգի-պարի անսամպլը փայլուն յաջողութեամբ աւարտեց դէպի Փորթուգալ կատարած իր տասնօրեայ շրջապտոյտը: Հրաւիրուած` «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան կողմէ, բացումը կատարելու համար Լիզպոնի «Կիւլպէնկեան» երաժշտական փառատօնի 9-րդ հանդիսութեան, Լիբանանահայ երգի-պարի անսամպլը մայիսի 15-ին ելոյթ ունեցաւ` ներկայութեամբ Փորթուգալի նախագահին եւ կնոջ, կառավարութեան անդամներուն, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան նախագահին եւ տիկին Փերտիկաոյի, տէր եւ տիկին Ռոպերթ Կիւլպէնկեաններու եւ 5000 հանդիսականներու: 45 երգողներէ կազմուած երգչախումբը բացումը կատարեց փառատօնին` երգելով փորթուգալեան եւ լիբանանեան ազգային քայլերգները, եւ որ արժանացաւ բուռն ծափահարութիւններու: Միջնարարին լիբանանեան եւ հայկական հագուստներ ներկայացնող պուպրիկներ նուէր տրուեցան հանրապետութեան նախագահին եւ կառավարութեան անդամներուն` լիբանանեան եւ հայկական ազգային տարազներ կրող պարողներու ձեռամբ:
Լիբանանեան եւ հայկական պարերու եւ երգերու շարք մը կատարուեցաւ 103 հոգինոց խումբին կողմէ, որ արժանացաւ թնդացնող ծափահարութիւններու: Քորէակրաֆ Սարգիս Փասքալեան փառատօնին համար մասնաւոր կերպով պատրաստած էր փորթուգալեան ֆոլքլորիք պար մը, որ տեսակ մը համադրութիւնն էր Սանթա Մարթա Տը Փորթիւզելոյի եւ Նազարի: Նախ անակնկալի եկած` հանդիսականները լուռ հետեւեցան, ապա խանդավառ կերպով ծափահարեցին` գնահատելով Ս. Փասքալեանին նախաձեռնութիւնը, որ կը նշանակէր, թէ մենք հոս` Լիբանանի մէջ նմանապէս հետաքրքրուած ենք իրենց գեղեցիկ երկրի ֆոլքլորով:
Լիզպոնի բացման հանդիսութեան հետեւեցաւ շրջագայութիւն մը եւ ելոյթներ` Փորթուգալի միւս քաղաքներուն մէջ: Մինչեւ 5000-ի հասնող լեցուն սրահներու մէջ լիբանանահայ երգի-պարի անսամպլին երիտասարդ պարողներն ու երգողները այնպիսի անկեղծութեամբ եւ փայլուն կերպով մեկնաբանեցին իրենց պարերն ու երգերը, որ Ֆարոյի, Քոյմպրայի եւ Փորթոյի մէջ անոնք արժանացան երկար եւ յոտնկայս «օվացիա»-ներու:
Աւանդութիւններով լի համալսարանական Քոյմրա քաղաքին մէջ Քոյմպրայի համալսարանի ուսանողները իրենց համազգեստներով եւ սեւ քեփիներով լեցուցած էին թատրոնին անցքերն ու ետեւի մասը եւ ոտքի կը ծափահարէին Լիբանանի այս երիտասարդ դեսպանները: Համալսարանական երաժշտական ճիւղի ուսանողներու եւ Ժէօնես Միւզիքալներու կողմէ տրուած մասնաւոր ընդունելութենէ մը ետք, ուսանողները ոտքի կենալով, համալսարանի աւանդական ծափահարութեան արժանացուցին խումբը: Փորթոյի մէջ 4000 ունկնդիրներու խուռն բազմութեան մը առջեւ յաջողութիւնը եղաւ այնքան մեծ եւ ծափահարութիւնները այնքան երկար, որ արուեստի քննադատներ գրեցին, թէ առաջին անգամն էր, որ Փորթոյի մէջ այսքան բուռն ծափահարութիւն կը լսուէր: Փորթոյի թատրոնի մուտքին զետեղուած էր Գալուստ Կիւլպէնկեանի կիսանդրին, եւ սրահը ամբողջութեամբ զարդարուած էր ծաղիկներով:
Լիբանանահայ երգի-պարի անսամպլը մեծապէս պատուըուած կը զգայ, որ Գալուստ Կիւլպէնկեանի մահուան տասներորդ տարեդարձին առթիւ հիմնարկութիւնը հրաւիրուած էր բանալու փառատօնը յիշեալ քաղաքներուն մէջ: Իրենց կարգին մեր պարողներն ու երգողները տուին իրենց կարելին` յարգելու համար յիշատակը այս մեծ մարդուն, որ իր օժանդակութիւնը մեծ չափով բերած է Փորթուգալին եւ աշխարհի: Մեծապէս ազդուած «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան իրենց նման սիրողներու վրայ ունեցած վստահութենէն եւ հաւատքէն, լիբանանահայ երգի-պարի անսամպլի անդամները Փորթուգալի մէջ իրենց ունեցած անկեղծ եւ խանդավառ ելոյթներով փաստեցին, որ այս ձեւի մշակութային գործունէութիւններով կարելի է տարբեր ազգութիւններու ժողովուրդներուն միջեւ ստեղծել աւելի լաւ փոխադարձ հասկացողութիւն: