«Այն լիբանանցիք, որոնք կերտեցին ու իրագործեցին Հարաւի ազատագրութեան յաղթանակը 2000 թուականին, կարող են այսօր շրջանցել տարակարծութիւնները եւ միջլիբանանեան համերաշխութեան յանգիլ», յայտարարեց վարչապետ Թամմամ Սալամ` շնորհաւորելով լիբանանցիները Հարաւի ազատագրութեան 15-ամեակին առիթով: «Այս յաղթանակը կարելի եղաւ շնորհիւ լիբանանցի մարտիկներու զոհաբերութեան ու ժողովրդային զօրակցութեան», ընդգծեց Սալամ` վերյիշելով այդ շրջանին տիրող ժողովուրդ-Դիմադրութիւն սերտ կապերն ու համաժողովրդային խանդավառութիւնն ու վճռակամութիւնը թշնամիին դէմ պայքարելու: Վարչապետը մաղթեց, որ լիբանանցիք համերաշխ ոգիով գործակցին` վասն սահմանադրական հաստատութիւններու վերակենդանացման: