Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօր. Քահուաժի Օրուան Հրամանին Մէջ Հաստատեց Լիբանանեան Բոլոր Հողերը Ազատագրելու Յանձնառութիւնը

May 23, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Զօր. Ժան Քահուաժի
Զօր. Ժան Քահուաժի

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի Դիմադրութեան տօնին եւ Հարաւի ազատագրման 15-ամեակին առիթով օրուան հրամանը ուղղեց բանակին` շեշտելով, որ այս տարի հարաւային Լիբանանի ազատագրման տօնը կը զուգադիպի հանրապետութեան թափուր մնացած նախագահութեան, լիբանանեան ներքին վտանգաւոր մարտահրաւէրներու եւ շրջանային սուր տագնապներու:

«Սակայն այս բոլորին զուգահեռ, դուք դիմագրաւեցիք բոլոր մարտահրաւէրները եւ ձեր ազգային պարտականութիւնը քաջաբար կատարեցիք: Ձեր պայքարով եւ ժողովուրդին դիմադրութեամբ կրցաք իրագործել ազատագրումը եւ ձախողեցնել թշնամի Իսրայէլի դաւադրութիւնները: Ձեր յանձնառութեամբ, զոհողութիւններով եւ թափած արեամբ պաշտպանեցիք Լիբանանը եւ անոր կայունութիւնը` ահաբեկչութեան վտանգներէն: Դուք դարձաք նաեւ երկրին ազգային միասնականութեան խորհրդանիշը եւ ձեր կամքով պահպանեցիք Լիբանանի ազատութիւնը, անկախութիւնը եւ գերիշխանութիւնը», ըսաւ ան:

Զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ Լիբանանի ազգային համերաշխութեան, իսլամ-քրիստոնեայ գոյակցութեան պահպանումն ու Ազգային ուխտին գործադրութեան նկատմամբ ցուցաբերուած նախանձախնդրութիւնը ազգային վեհ նպատակներ են, որոնք կ՛երաշխաւորեն Լիբանանի գոյութիւնը: «Հետեւաբար, կոչ կ՛ուղղեմ ձեզի շարունակելու ազգային այս ուղին, որպէսզի կարելի ըլլայ փրկել Լիբանանը` քաոսէն եւ բաժանումէն: Ձեր դիմաց կը գտնուին մեծ դժուարութիւններ, եւ պահանջուածը այն է, որ դուք դիմագրաւէք զանոնք, ինչպէս կատարած էք նախապէս», շեշտեց ան:

Զօր. Քահուաժի նշեց, որ հարաւային Լիբանանը Իսրայէլի յարձակումներուն թիրախ մը եւ ներքին առումով սադրանքներու դարպաս մը ըլլալէ ետք, այս հանգրուանին դարձած է ապահովական կայունութեան հասցէ մը:

«Այս առիթով մենք կը յիշենք բանակին բոլոր նահատակները, որոնք զոհուեցան ի խնդիր Լիբանանին: Մենք կը խոստանանք, որ յանձնառու պիտի մնանք լիբանանեան բոլոր հողերը ազատագրելու», եզրափակեց զօր. Քահուաժի:

 

Նախորդը

Հարաւային Լիբանանի Ազատագրման Առիթով Պըրրի Կ՛ընդգծէ «Ոսկեայ Երրորդութեան» Անհրաժեշտութիւնը

Յաջորդը

«Թրքական Դիմակը Ինկած Է` Հակառակ Էրտողանի Կողմէ Թուրքիան Ահաբեկչութեան Դէմ Մարտկոցի Վերածելու Բեմականացումներուն» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.