Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարաւային Լիբանանի Ազատագրման Առիթով Պըրրի Կ՛ընդգծէ «Ոսկեայ Երրորդութեան» Անհրաժեշտութիւնը

May 23, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մուքպել եւ Պըրրի
Մուքպել եւ Պըրրի

Հարաւային Լիբանանի ազատագրման 15-ամեակին եւ Դիմադրութեան տօնին առիթով, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շնորհաւորեց լիբանանցիները, յատկապէս հարաւի եւ արեւմտեան Պեքաայի բնակիչները, որոնք 1948-2000 թուականներուն տանջուեցան` իսրայէլեան բռնագրաւումին եւ իսրայէլեան ուժերուն գործած բռնարարքներուն պատճառով:

Պըրրի հաստատեց, որ Դիմադրութիւնը բնական արտայայտութիւն մըն է եւ պատասխան` բռնագրաւումին, ինչպէս նաեւ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ արձանագրուած պաշտօնական բացթողումին:

Պըրրի շնորհաւորեց նաեւ բանակը եւ ապահովութեան ուժերը, որոնք մնայուն կերպով կը պայքարին ահաբեկչութեան դէմ` պահպանելով երկրին սահմանները:

Ան ողջունեց նաեւ հարաւի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը, որոնք իսրայէլեան ոտնձգութիւններուն եւ յարձակումներուն միջազգային վկաներն են ու ականատեսները եւ որոնք մնայուն կերպով կը շօշափեն ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան առումով Իսրայէլի պարտադրած խոչընդոտները:

Այս առումով Պըրրի ընդգծեց «Ժողովուրդ, բանակ, դիմադրութիւն` ոսկեայ երրորդութեան» անհրաժեշտութիւնը` տապալելու համար երկրին սպառնացող որեւէ վտանգ, շեշտելով նաեւ, որ անհրաժեշտ է գործադրել ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը, ինչպէս նաեւ ազատագրել Մազարեհ Շեպաան եւ Ղաժար գիւղաքաղաքի հիւսիսային բաժինը:

Միւս կողմէ, Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս` ապահովական առումով:

Հանդիպումէն ետք Մուքպել շեշտեց, որ բանակը կազմ ու պատրաստ վիճակի մէջ է եւ ան կը գտնուի Արսալի եւ Ռաս Պաալպեքի ռազմավարական բարձունքներուն վրայ, ուր անհրաժեշտ ապահովական բոլոր միջոցառումները որդեգրուած են` դէմ դնելու համար լիբանանեան հողերուն դէմ հաւանական որեւէ յարձակումի:

Մուքպել հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ բանակը անկարող է պաշտպանելու սահմանները:

 

Նախորդը

«Սուրիոյ Մէջ Ահաբեկիչներուն Գոյութիւնը Կը Վայելէ Թրքական, Սէուտական Եւ Քաթարեան Հովանաւորութիւն» Ըսաւ Նայիմ Քասեմ

Յաջորդը

Զօր. Քահուաժի Օրուան Հրամանին Մէջ Հաստատեց Լիբանանեան Բոլոր Հողերը Ազատագրելու Յանձնառութիւնը

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Որոշեց Ոչ Զինուորական  Հանգստեան Կոչուածներուն Ամսական  12 Միլիոն Ոսկիի Դրամաշնորհ Տրամադրել
Լիբանանեան

Կառավարութիւնը Որոշեց Ոչ Զինուորական Հանգստեան Կոչուածներուն Ամսական 12 Միլիոն Ոսկիի Դրամաշնորհ Տրամադրել

January 14, 2026
Լիբանան Ճերմակ Հագաւ
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանան Ճերմակ Հագաւ

January 14, 2026
Եգիպտոսի Մէջ.  Պայրագտարեան Հանդիպում Ունեցաւ Եգիպտոսի Եւ Յորդանանի Իր Պաշտօնակիցներուն Հետ
Լիբանանեան

Եգիպտոսի Մէջ. Պայրագտարեան Հանդիպում Ունեցաւ Եգիպտոսի Եւ Յորդանանի Իր Պաշտօնակիցներուն Հետ

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.