Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (23 Մայիս 1965)

May 23, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խօսեցաւ Նաեւ
Իրենց Նախագահը…

Գրեթէ ամբողջ աշխարհի մէջ Եղեռնի յիսնամեակին առթիւ ստեղծուած հետաքրքրութիւնը եւ հայոց վրայ թուրքերու գործադրած անարգ ցեղասպանութեան դէմ բողոքը ի վերջոյ հասան նաեւ թուրք պաշտօնական շրջանակներուն եւ ծերակոյտի թէ խորհրդարանին մէջ ուշադրութեան նիւթ դարձան:

Հայ ժողովուրդին կազմակերպած յիշատակի արտայայտութեանց գլխաւոր նպատակներէն էր նաեւ ասիկա. յիշեցնել ոճրագործ Թուրքիոյ, թէ իր հրէշային արարքները մոռցուած չեն, եւ թէ` ժողովուրդ մը կայ, որ տակաւին այն նո՛յն արդար ոգիով իր դէմ կանգնած է, ինչպէս կանգնեցաւ  Վանի, Շապին Գարահիսարի, Ուրֆայի, Տարօնի, Այնթապի մէջ եւ այլուր` յանուն ինքնապաշտպանութեան:

Կը փափաքէինք զգացնել թուրքին, թէ «անցուկը մոռցուկ» չէ՛, եւ մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակը «լքեալ գոյք»-ի չի կրնար վերածել, այդ նուիրական յիշատակներն ալ կողոպտելով մեզմէ, ինչպէս կողոպտեց մեր հարազատները եւ հարազատ հողը…

Կը փափաքէինք յայտարարել, թէ աշխարհի վրայ մէ՛կ հայ իսկ եթէ մնայ, պիտի չհրաժարի բողոքելէ եւ իր արդար իրաւունքը պահանջել Թուրքիայէն:

Բարեբախտաբար ո՛չ թէ մէկ, այլ չորս ու կէս միլիոն հայեր կ՛ապրին այսօր, որոնք հանգիստ պիտի չձգեն Թուրքիոյ ղեկավարները, մինչեւ որ անոնք քաւեն իրենց ժողովուրդին ու պետութեան ահաւոր մեղքերը` արդարութեան հատուցմամբ:

Թուրքիոյ ղեկավարները այսօր կը զգան անխուսափելի արդարութեան ճնշումը իրենց վրայ եւ ամբաստանեալի ինքնարդարացումը փորձելով` բացատրութիւննե՜ր կու տան…

Նախագահ Կիւրսել, առանց ամչնալու իր բարձր դիրքէն, ամէնէն հասարակ եւ ամէնէն մեղապարտ ստախօսութիւնը կատարած է` ըսելով.

– «ՊԷտք է գիտնալ, թէ հայկական ջարդ մը գոյութիւն չունի: Հայերը անսպասելի վայրկեանի մը մեր բանակը կռնակէն զարկին, ճամբաները կտրեցին, դժուարացուցին հաղորդակցութիւնը եւ բանակին պարենաւորումը: Ո՛չ թէ թուրք բանակը, այլ որեւէ բանակ այս պայմաններուն տակ ստիպուած էր դիմադրել»:

Որո՞նց դիմադրել, եւ ինչպէ՛ս, թո՛ւրք նախագահ: Կիները, մանուկները, ծերերը կոտորելո՛վ: Եւ ո՛ր «հայերը ձեր բանակը կռնակէն զարկին»: Անո՞նք, որոնք «աշխատաւոր վաշտերու» մէջ տարապարհակ աշխատանքով կոտորեցինք, թէ՞ այն հազարաւորները, որոնք տակաւին իրենց բնակարաններէն դուրս հազիւ հանած, ձեռքերը կապելով առաջնորդեցիք ձեր նախապատրաստած սպանդանոցները…

Կիւրսել կամ Իւրկիւրլիւ, իրենց յայտարարութիւններով ու «լուսաբանութիւններով», պարզապէս իրենք զիրենք կը դնեն այն «բարոյական» պատուանդանին վրայ, ուր կեցած էին թալէաթներն ու էնվերները: Ո՛չ մէկ տարբերութիւնը: Մէկը ցեղասպան, միւսը` ցեղասպանութիւնը հերքողի գարշելի դերին մէջ:

Մեզ չէ, որ պիտի զարմացնէին Կիւրսելի եւ իր վարչապետին «յայտարարութիւնները»: Դարաւոր փորձառութեամբ գիտենք, թէ թուրքը ընդունակ չէ խղճահարութեան, եւ իր անմարդկային նկարագիրն է, որ դարերու ընթացքին «սոսկալի թուրք» որակումին արժանացուցած է բոլոր սերունդներու թուրքերը, ինչպէս կը յիշատակէր «Քրիսչըն Սայընս Մոնիթըր», մօտ երկու շաբաթ առաջ: Արդեօք թուրքը իր առաքինութիւններո՞ւն համար ստացած է «սոսկալի» տիտղոսը…

Հաւանաբար, այդպէս կ՛ենթադրէ Թուրքիոյ նախագահը…

Թուրքերը իրենց ամբողջ պատմութեան ընթացքին, դժբախտաբար, մենաշնորհը ունեցած են իրենց ենթակայ քրիստոնեայ կամ ոչ ժողովուրդներուն հանդէպ ամէն վայրագութիւն գործադրելու: Կը մնայ սակայն բան մը, որուն մենաշնորհը անոնց չի պատկանիր: Այդ է` պատմութի՛ւնը այդ ոճիրներուն, որոնց համար բազմաթիւ վկայութիւններ կան, Թոյնպիներէն, Մորկընթաու, մինչեւ Կիպրիանու… Առանց յիշելու հայ ականատեսնե՛րը նոյնիսկ` այդ գազանութեանց:

Ամերիկեան Քոնկրեսը պաշտօնապէս ճշդած է թուրք ցեղասպանութիւնը, եւ արձանագրութիւնը կը մնայ նաեւ իր պաշտօնաթերթին մէջ: Եւ բազմաթիւ ժամանակակից պատմագէտներ դառն հեգնանքով միայն լսեցին անշուշտ Թուրքիոյ նախագահին «յայտարարութիւնը» հայկական Եղեռնի մասին:

Թուրք վարչապետը Իւրկիւպլիւ ծերակոյտին մէջ յայտարարած է, թէ` «հայկական ցոյցերը յուսացուած շահագրգռութիւնը չեն ապահոված, որով գրգռիչները իրենց նպատակին չեն հասած»:

Թուրք վարչապետը գիտէ սակայն, որ եթէ այդ ցոյցերը իրօք «շահագրգռութիւն ապահոված չըլլային», եթէ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ներու, «Քրիսչըն Սայընս Մոնիթըր»-ներու, «Լը Մոնտ»-ի, «Լ՛Օրիան»-ի եւ այլ բազմաթիւ լուրջ օրաթերթերու մէջ արձագանգ գտած չըլլային, ինք ապահովաբար ձանձրոյթը յանձն պիտի չառնէր պաշտօնական բեմէ խօսելու այդ` «շահագրգռութիւն չապահովա՜ծ» ցոյցերու մասին:

Մենք գոհ ենք, որ գրեթէ աշխարհի ամէնէն կարեւոր երկիրներու մէջ յիշուեցաւ ու դատապարտուեցաւ Ցեղասպանութիւնը: Եթէ Կիւրսել եւ Իւրկիւպլիւ կը հերքեն, ամէն մարդ գիտէ սակայն, թէ ամբաստանեալներու վկայութիւնը, իրե՛նք իրենց մասին, անարժէք ու փուճ խօսք է միայն… Մանաւանդ Թուրքիո՛յ պարագային:

«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»

 

Տիկ. Սոֆիա Յակոբեան
90,000 Տոլար Կը Նուիրէ
Հայկ. Ծերանոցի Մը Կառուցման

«Մայրերու Օրուան» Տօնակատարութիւնը

Երէկ` կիրակի, 23 մայիս 1965, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Ամերիկեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Նշան եկեղեցւոյ Եկեղեցասէր տիկնանց միութեան վարչութեան կազմակերպած Մայրերու օրուան շքեղ տօնակատարութիւնը` բարձր հովանաւորութեամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսի եւ նախագահութեամբ լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսի:

Գործադրուեցաւ ճոխ յայտագիր մը: Բանախօսեց տոքթ. Եղիկ Գոնիալեան:

Տօնակատարութեան վերջաւորութեան վեհափառ հայրապետը, իր օրհնութեան խօսքէն ետք, յայտնեց, թէ ամերիկահայ ազգային բարերարուհի տիկ. Սոֆիա Յակոբեան, ընդառաջելով իր առաջարկին 90,000 տոլար կը նուիրէ ծերանոցի մը կառուցման համար, որ պիտի դառնայ ազնուասիրտ բարերարուհիին անունը յաւերժացնող Ազգային տուն մը:

Տիկ. Սոֆիա Յակոբեանի այս նոր նուիրատուութիւնը խանդավառ ծափերով գնահատուեցաւ:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Բազէներուն Հիւանդանոցը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.