Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Նախագահը Հանդիպումներ Ունեցաւ Ֆրանսայի Ծերակոյտին Մէջ

Մայիս 21, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-20-15_PagoԱրցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ  Սահակեան երէկ այցելեց Ֆրանսայի Հանրապետութեան Ծերակոյտ, ուր տեսակցեցաւ խումբ մը ծերակուտականներու հետ:

Նախագահը ներկայացուց Արցախի պետականաշինութեան, ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, ղարաբաղեան-ազրպէյճանական տագնապի լուծման, շրջանային հոլովոյթներուն վերաբերող տեղեկութիւններ եւ պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:

Նախագահը ընդգծեց, որ պաշտօնական Ստեփանակերտը կարեւոր կը նկատէ Ֆրանսայի հետ յարաբերութիւններու զարգացումը` վերջինս դիտարկելով իբրեւ բարեկամ երկիր եւ ժողովրդավարութեան բնօրրաններէն մէկը, երկիր, որ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք դարձած է հարիւր հազարաւոր հայերու երկրորդ հայրենիքը:

Նախագահ Սահակեան բարձր գնահատեց Ֆրանսայի դերակատարութիւնը նաեւ ղարաբաղեան-ազրպէյճանական տագնապի լուծման, շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանման գործին մէջ:

Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վիգէն Չիթեչեան:

Մարսէյի Եւ Մարտակերտի Միջեւ
Գործակցութեան Համաձայնագիր

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ այցելեց Ֆրանսայի Մարսէյ քաղաքը, ուր տեսակցեցաւ քաղաքային իշխանութիւններուն հետ` քաղաքապետ Ֆրանսուա Փուփոնիի գլխաւորութեամբ:

Տեսակցութեան ընթացքին Մարսէյ եւ Մարտակերտ քաղաքներուն միջեւ ստորագրուեցաւ  համագործակցութեան համաձայնագիր:

Սահակեան ընդգծեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ  յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնեն Ֆրանսայի տարբեր քաղաքներուն հետ համագործակցութեան հաստատման` ատիկա նկատելով իբրեւ կարեւոր կարելիութիւն Ղարաբաղի քաղաքներու բարգաւաճման եւ ղարաբաղեան – ֆրանսական յարաբերութիւններու խորացման համար:

Միւս կողմէ, Ազրպէյճան բողոքագիր յղեց  Ֆրանսայի` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի` Ֆրանսա այցելութեան  կապակցութեամբ: Այդ մասին յայտնեց  Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 19 մայիսին Ֆրանսայի Ազգային ժողովին մէջ հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանի խումբ մը երեսփոխաններու հետ:

 

 

 

 

Նախորդը

Շարմազանով. «Պէտք Է Բացառել Նոր Թալէաթներու, Քեմալներու Եւ Հիթլերներու Ծնունդը»

Յաջորդը

«Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի Հետ Աւելի Սերտ Յարաբերութիւններու Կը Ձգտի» Կ՛ըսէ Հան

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 17, 2025
Բրիտանիան Ամբողջութեամբ Կը Ջնջէ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Զէնքի Մատակարարման Արգելքը
Հայկական

Բրիտանիան Ամբողջութեամբ Կը Ջնջէ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Զէնքի Մատակարարման Արգելքը

Հոկտեմբեր 17, 2025
Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Կալանաւորուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Կալանաւորուեցաւ

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?