Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի Հետ Աւելի Սերտ Յարաբերութիւններու Կը Ձգտի» Կ՛ըսէ Հան

May 21, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Եոհաննես Հան
Եոհաննես Հան

Եւրոպական Միութեան Եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութեան եւ ընդլայնման բանակցութիւններու հարցերով յանձնակատար Եոհաննես Հան Եւրոպական Միութեան «Տը Փոլիթիքս Փարլըմընթ» թերթին մէջ իր յօդուածին մէջ կը գրէ, թէ իր կառոյցին համար կարեւոր է զարգացնել յարաբերութիւնները արեւելեան գործընկերներուն հետ:

Ան կը նշէ, որ շատերու համար Եւրոպական Միութեան արեւելեան սահմաններուն վրայ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները Եւրոպայի միասնականութեան եւ վճռականութեան համար քննութիւն են: Այդ առումով Հան այսօր ընթացք առնող Ռիկայի մէջ «Արեւելեան գործընկերութեան» երկօրեայ վեհաժողովը կը նկատէ Եւրոպական Միութեան համար կարելիութիւն մը` «Արեւելեան գործընկերութեան» ռազմավարական կարեւորութիւնը վերահաստատելու համար:

«Մենք կ՛ուզենք ցոյց տալ մեր վեց գործընկերներուն` Հայաստանի, Ազրպէյճանի, Պիելոռուսիոյ, Վրաստանի, Մոլտովայի եւ Ուքրանիոյ հետ առաւել սերտ եւ անհատական մօտեցումով կապեր պահպանելու մեր վճռականութիւնը, ինչ ալ ըլլայ Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններուն վերաբերեալ անոնց ցանկութիւններուն աստիճանը: Հիմնուելով գործընկերներու սեփական ցանկութիւններուն եւ շահերուն վրայ` մեր արեւելեան համագործակցութիւնը ներառական ծրագիր է` մեր ապագայ համագործակցութեան հիմքին մէջ ունենալով տարբերակումը», կը գրէ ան` նշելով, որ արեւելեան քաղաքականութեան վերատեսութիւնը աւելի մեծ ուշադրութիւն պիտի դարձնէ եւրոպական շահերուն:

Հան նշեց, որ վեհաժողովը Եւրոպական Միութեան եւ իր վեց գործընկերներուն միջեւ յարաբերութիւններուն պիտի անդրադառնայ եւ ուղղուած չէ որեւէ երրորդ կողմի դէմ:

Եւրոպական Միութեան յանձնակատարը ընդգծած է նաեւ, որ Ռիկայի հանդիպումը պիտի չըլլայ պարզապէս արեւելքի մէջ Եւրոպական Միութեան ներգրաւուածութեան քաղաքական ցուցադրութիւն: Վեհաժողովի ընթացքին պիտի քննարկուին եւ համաձայնութիւն ձեռք պիտի բերուի նաեւ շարք մը գործնական քայլերու եւ միջոցներու շուրջ: Վեհաժողովի նպատակներէն մէկը պիտի ըլլայ Եւրոպական Միութեան եւ իր արեւելեան գործընկերներուն միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ յառաջընթացի գնահատումը:

Ալիեւ Պիտի Չմասնակցի «Արեւելեան
Գործընկերութեան» Վեհաժողովին

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահի հասարակական-քաղաքական հարցերով օգնական Ալի Հասանով յայտնած է, թէ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ պիտի չկարենայ մասնակցիլ «Արեւելեան գործընկերութեան» վեհաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ 21-22 մայիսին` Ռիկայի մէջ:

«Մինչեւ Եւրոպական խաղերու սկիզբը քիչ ժամանակ մնացած է, եւ ատով պայմանաւորուած` այժմ վերջին նախապատրաստական աշխատանքներ տեղի կ՛ունենան, եւ Ազրպէյճանի նախագահը խիստ յագեցած օրակարգ ունի: Այդ պատճառով պետութեան ղեկավարը պիտի չկարենայ մասնակցիլ վեհաժողովին», ըսած է Հասանով:

Նախագահի օգնականը յայտարարած է, որ Ռիկայի վեհաժողովին պիտի մասնակցին Ազրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ, արտաքին կապերու բաժինի ղեկավար Նովրուզ Մամետովն ու երկրի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովը:

«Արեւելեան գործընկերութեան» ծրագիրը կը նախատեսէ քաղաքական ընկերակցութիւն ու տնտեսական համարկում Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի, Ազրպէյճանի, Պիելոռուսիոյ, Վրաստանի, Մոլտովայի եւ Ուքրանիոյ միջեւ:

Վերջին երեք երկիրները այս տարուան ընթացքին Եւրոպական Միութեան հետ ընկերակցութեան համաձայնագիրներ կնքած են:

 

Նախորդը

Արցախի Նախագահը Հանդիպումներ Ունեցաւ Ֆրանսայի Ծերակոյտին Մէջ

Յաջորդը

Խորհրդարանը Ընդունեց «Հանրաքուէի Մասին» ՀՅԴ-ի Նախագիծը

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.