Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շարմազանով. «Պէտք Է Բացառել Նոր Թալէաթներու, Քեմալներու Եւ Հիթլերներու Ծնունդը»

Մայիս 21, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-20-15_SharmazanovՀայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով Աթէնքի մէջ մասնակցեցաւ «Ցեղասպանութիւններու եռամիասնութիւն. հայեր, յոյներ, ասորիներ» միջազգային համաժողովին:

Ազգային ժողովի փոխնախագահը իր խօսքին մէջ  մասնաւորապէս նշեց.

«Հայաստանի Ազգային ժողովը 24 մարտին միաձայնութեամբ ընդունած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ դատապարտած է Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութիւնը: Այս յայտարարութեամբ մենք վերահաստատած ենք մեր դիրքորոշումը` պայքարելու ցեղասպանութիւն երեւոյթի ճանաչման եւ դատապարտման ուղղութեամբ:

«Դժբախտաբար, ցեղասպանութիւնները ճանչնալու եւ ծանր բեռը թօթափելու փոխարէն Թուրքիոյ  իշխանութիւնը կ՛ընթանայ ժխտման ուղիով` մեղսակից դառնալով դար մը առաջ իրականացուած յանցագործութեան, կը բռնագրաւէ Կիպրոսի մէկ մասը, ապօրինի կերպով կը շրջափակէ Հայաստանը, սահմանադրութեան թիւ 301 յօդուածը կը պահէ, կալիփոլիներ կը կազմակերպէ` փորձելով թիւրիմացութեան մէջ ձգել միջազգային հանրութիւնը, կը  յոխորտայ Հռոմի պապին եւ այն երկիրներու առաջնորդներուն, որոնք կը ճանչնան եւ կը դատապարտեն Ցեղասպանութիւնը: Մենք` երեք ժողովուրդներու ներկայացուցիչներս, պէտք է միացնենք մեր ամբողջ ներուժը` յանուն մարդկային  իրաւունքներու պաշտպանութեան, պատմական արդարութեան վերականգնման եւ ընդդէմ թրքական ժխտողականութեան: Այլեւս բաւարար չէ պայքարիլ միայն Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ քրիստոնեայ ժողովուրդներու ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման համար. անհրաժեշտ է հասնիլ թրքական ժխտողականութեան քրէականացման: Ցեղասպանութիւններու մասին լռելը կրնայ նոր ցեղասպանութիւններ ծնիլ, որուն վառ վկայութիւնն են Ողջակիզումը, Քամպոտիոյ, Ռուանտայի, Տարֆուրի ցեղասպանութիւնները:

«Մենք բոլոր ատեաններուն մէջ պէտք է միասնաբար յայտարարենք ցեղասպանութիւն երեւոյթի դատապարտման անհրաժեշտութեան մասին, պէտք է պայքարինք Թուրքիոյ մերժողական քաղաքականութեան դէմ` բացառելու նոր էնվերներու, նոր թալէաթներու, նոր քեմալներու եւ ի վերջոյ նոր հիթլերներու ծնունդը»:

Տեսակցութիւն` Յունաստանի
Խորհրդարանի Նախագահին Հետ

Յունաստանի խորհրդարանի նախագահ Զոյի Քոնսթանթոփուլուի հրաւէրով պաշտօնական այցելութեամբ ԱթԷնք գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով տեսակցեցաւ Յունաստանի խորհրդարանի նախագահին հետ: Դռնփակ հանդիպումէն ետք Շարմազանով եւ  Քոնսթանթոփուլու տուին միացեալ մամլոյ ասուլիս մը,որուն ընթացքին Ազգային ժողովի փոխնախագահը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Յունաստանի խորհրդարանի նախագահին` 22-23 ապրիլին Երեւանի մէջ կայացած «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» համաշխարհային խորհրդաժողովին մասնակցելու եւ խօսք ուղղելու համար:

Ան  Քոնսթանթոփուլուին տեղեկացուց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը  յառաջիկային պիտի ստեղծէ «Խորհրդարանները  ընդդէմ ցեղասպանութիւններու» յանձնախումբը, եւ Յունաստանի խորհրդարանի նախագահին առաջարկեց նման յանձնախումբ ձեւաւորել նաեւ Յունաստանի խորհրդարանին մէջ` նշելով, որ Հայաստանի Ազգային ժողովը յառաջիկային նման կոչով պիտի դիմէ այլ երկիրներու  խորհրդարաններուն եւս:

Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի  տագնապի լուծման հոլովոյթին` Էդուարդ Շարմազանով դրական գնահատեց հիմնախնդիրին շուրջ Յունաստանի հաւասարակշռուած դիրքորոշումը: Ան ընդգծեց, որ Հայաստան տագնապին բացառապէս խաղաղ լուծման կողմնակից է: Ազգային ժողովի փոխնախագահը անթոյլատրելի եւ դատապարտելի նկատեց տագնապը զինուորական ճամբով լուծելու որեւէ փորձ` նշելով, որ ժողովուրդներու  ինքնորոշման իրաւունքի հաստատման այլընտրանք չկայ: Յունաստանի խորհրդարանի նախագահը իր կարգին վերահաստատեց, որ Յունաստան կողմ է Լեռնային Ղարաբաղի  տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման:

Զոյի Քոնսթանթոփուլու իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Հայաստանի խորհրդարանին եւ մասնաւորապէս Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանովին 24 մարտին Հայաստանի Ազգային ժողովի կողմէ միաձայնութեամբ  ընդունուած Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ յոյներու եւ  ասորիներու ցեղասպանութիւնը դատապարտող յայտարարութեան կապակցութեամբ: Ան ընդգծեց, որ Յունաստանի խորհրդարանը ցեղասպանութիւններու միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման պայքարին մէջ Հայաստանի կողքին է:

 

 

Նախորդը

Սիւնիքի Մարզպետ Սուրիկ Խաչատրեան Փրկուեցաւ Մահափորձէ Մը

Յաջորդը

Արցախի Նախագահը Հանդիպումներ Ունեցաւ Ֆրանսայի Ծերակոյտին Մէջ

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը
Հայկական

Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»
Հայկական

Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?