Հարցազրոյցը վարեց` Ն. ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
Հայրենի պարուսոյցներ Կարէն եւ Ժաքլին Մակինեանները այս տարեշրջանին Լիբանան հրաւիրուեցան Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան «Գայեանէ» պարարուեստի դպրոցի աշակերտներուն պարարուեստ ուսուցանելու միտումով: «Ազդակ»-ի հետ անոնց ունեցած զրոյցին ընդմէջէն պարուսոյցները հաստատեցին, որ շուրջ 7 ամսուան դասաւանդութիւններուն ընթացքին իրենց կարելին ըրին, իսկ արդիւնքի արժեւորումը կը մնայ հանրութեան, որ առիթ պիտի ունենայ այս շաբաթավերջին վայելելու մանուկներուն ու պատանիներուն պարերն ու անոնց սորվածներուն մարմնաւորումը:
«Գայեանէ»-ի 230 աշակերտները բեմ պիտի բարձրանան եւ տարուած ճիգին դրսեւորումը հանրութեան պիտի ներկայացնեն ուրբաթ, 22 եւ շաբաթ, 23 մայիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Էմիլ Լահուտ» կեդրոնին մէջ` նախագահութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոնի:
«Գայեանէ»-ի հետ ունեցած փորձառութեան մասին խօսելով` Կարէն Մակինեան ըսաւ, որ խորքին մէջ դասաւանդման ժամանակաշրջանը կարճ է, իսկ դասապահերը քիչ են: «Բայց եւ այնպէս փորձած ենք երեխաներուն տալ կարելի եղածին չափ շատ, եւ յոյսով եմ, որ այս ելոյթներուն արձագանգներէն կ՛երեւի արդիւնքը, որովհետեւ հրապարակային ելոյթներուն ընթացքին տարուած աշխատանքը կը յանձնենք ժողովուրդին դատին»:
Ժաքլին Մակինեանի համաձայն, սկզբնական հանգրուանին աշակերտներուն հետ աշխատանքը բաւական բարդ էր, որովհետեւ իրարու ծանօթանալու, իրար վարժուելու եւ սորվելու հանգրուան մը կար: Ան դիտել տուաւ, որ Հայաստանի մէջ երեխաները քիչ մը աւելի պատրաստուած են իրենց մատուցուածը ընկալելու, որովհետեւ հոն պարի դասեր կը տրուին շաբաթը երեք անգամ, իսկ Լիբանանի մէջ` մէկ: Այս կը նշանակէ, որ մէկ փորձէն միւսը շաբաթ մը կ՛անցնի, երեխաները երբեմն կը մոռնան նախորդ շաբաթ դասաւանդուածը, պարուսոյցները կը ստիպուին կրկնել զայն, ապա նոր դասի սկսիլ: «Փորձեցինք անոնց հետ ընկերանալ, որպէսզի կարենանք ջերմութեան եւ սիրոյ միջոցով փոխանցել այն, ինչ որ կարելի է: Առաջին երկու ամիսը շատ բարդ էր, բայց հետագային, երբ վարժուեցան մեզի, իրենք ալ սկսան հասկնալ, թէ մենք ի՛նչ ձեւով կ՛աշխատինք», ըսաւ Ժաքլին Մակինեան:
Ըստ Կարէն Մակինեանի, երեխաներուն համար հիմնական դժուարութիւններէն է նաեւ այն, որ յաճախ պարուսոյց կը փոխեն, իսկ իւրաքանչիւր ուսուցիչ իր «ձեռագիրը», ոճը եւ մարդկային մօտեցումը ունի, աշակերտները կը ստիպուին նախ վարժուիլ նորին, անոր աշխատելաձեւին, ապա սկսիլ լուրջ աշխատանքի, ինչ որ ժամանակ կ՛ենթադրէ, իսկ դասաւանդութեան ժամկէտը, ինչպէս քիչ առաջ յիշեցինք, կարճ է արդէն: Ան դիտել տուաւ, որ նոյնիսկ կայ բառապաշարի հարց, օգտագործուած եզրերուն ծանօթանալը, երկուստեք, արդէն որոշ ժամանակի կը կարօտէր:
«Ընդհանուր առումով երեխաները կեցցե՛ն, որովհետեւ կու գան փորձերու, կ՛աշխատին, թերեւս ոչ բոլորը, սակայն 90 տոկոսը, լրջութեամբ կը մօտենան դասերուն, կը հետեւին ցուցմունքներուն: Իսկ այս բոլորէն ծնունդ կ՛առնէ արդիւնքը, երբ անոնք բեմ կը բարձրանար», ըսած է Կարէն Մակինեան` շեշտելով, որ հանրութեան ներկայանալը շատ կարեւոր է աշակերտներուն համար, որովհետեւ անոնք գնահատուած կը զգան, իրենց սորվածը կը հրամցնեն իրենց ծնողներուն եւ սիրելիներուն:
Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային եւ «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» կեդրոններուն մէջ դասերու հետեւող խումբը նաեւ հանդէս պիտի գան միացեալ պարերով, որոնց համար աշակերտները յաւելեալ դասեր կատարած են ուրախութեամբ, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ իրենք սիրելով կը պարեն ու կը հետեւին դասընթացքներու:
Այս տարի «Գայեանէ»-ին հետ քանի մը պարով հանդէս պիտի գայ նաեւ Ժաքլին Մակինեանի մարզած պալէի խումբը, որ կը բաղկանայ 5-9 տարեկան 30 աշակերտներէ: Պարուսոյցները որոշած են անոնց եւս առիթ տալ բեմ բարձրանալու, որովհետեւ կը հաւատան, թէ ատիկա մեծ քաջալերանք եւ մղիչ ուժ պիտի ըլլայ անոնց, որովհետեւ տարուած աշխատանքով բեմին վրայ հրամցնելը շատ կարեւոր է պարողին համար: Ժ. Մակինեան դիտել տուաւ, որ 7 ամսուան ընթացքին բարձր մակարդակով պալէ կարելի չէր ուսուցանել, սակայն աշակերտները իրենց ծնողներուն եւ լիբանանահայ արուեստասէր հանրութեան պիտի ներկայացնեն ինչ որ իրենք կրցան սորվիլ:
Կարէն եւ Ժաքլին Մակինեաններ դիտել տուին, որ ընդհանրապէս պարախումբերու մաս կազմողները անպայման մասնագէտ պարողներ չեն ըլլար, այլ անոնցմէ ոմանք այդ ուղին կը շարունակեն, սակայն կարեւորը այն է, որ միւս պարողները կը դառնան լաւ մանկավարժ, լաւ հանդիսատես, մշակոյթէն ու պարէն գիտակ անհատներ, որոնք կրնան ճշդել, թէ ի՛նչ է լաւը եւ ի՛նչը վատ, ի՛նչ է բարձր արուեստը եւ ինչո՛վ կը տարբերի միւսներէն, այլ խօսքով` առողջ դատողութեամբ կ՛օժտուի: Ըստ Կարէն Մակինեանի, պարը նաեւ բարոյագիտութիւն կը սորվեցնէ, խմբային աշխատանքի մէջ ներառուիլ, հետեւողական ըլլալ, որպէսզի կարելի ըլլայ հաւաքաբար յաջողութեան հասնիլ: Ժաքլին Մակինեան աւելցուց, որ մանուկներուն եւ պատանիներուն մօտ շատ բան կը փոխէ պարը. փաստն ալ ժամանակի ընթացքին եղած բարեփոխումներն էինք, օրէ օր անոնք դարձան աւելի լուրջ, կոկիկ, ճշդապահ եւ այլն:
Պարուսոյցները յայտնեցին, որ 230 աշակերտները բաժնուած են տարիքային 6 խումբերու, թէկուզ ոմանք նոր աշակերտ են, իսկ ուրիշներ` հին: Անոնք հաստատեցին, որ կարելի չէ տարիքի տարբերութիւն ունեցողներ նոյն խումբին մէջ դնել, որովհետեւ բոլորը նոր սկսած են դպրոց յաճախել կամ հակառակը, անոնք քանի մը տարուան փորձառութիւն ունին: Կարէն Մակինեանի համաձայն, իւրաքանչիւր տարիք իրեն յատուկ պարեր ունի, յատուկ շարժուձեւերը, պարային ոճը, որ երբեք յարմար չ՛ըլլար աւելի մեծ պատանիին համար:
Ելոյթներուն յայտագիրին մասին խօսելով` Կարէն Մակինեան յայտնեց, որ կէսը պիտի ըլլան հայկական պարեր, իսկ մնացեալը տարբեր ազգերու ժողովրդային պարեր: Անոր համաձայն, շեշտը դրուած է հայկական պարերուն վրայ, որպէսզի նոյնիսկ եթէ մանուկներն ու երեխաները սկզբնական շրջանին սէր չցուցաբերեն անոնց նկատմամբ, քիչ քիչ մօտենալով հայկականին, ինքնաբերաբար պիտի սիրեն եւ ընկալեն զայն: Ոչ հայկական պարերուն մասին խօսելով` Ժաքլին Մակինեան դիտել տուաւ, որ ատիկա նաեւ դաստիարակութիւն է: «Ինչո՞ւ դուն պիտի չգիտնաս Ուքրանիոյ ժողովրդային պարերը, գնչուական, հնդկական պարերը: Այս ալ հետաքրքրական է, որովհետեւ քեզ կը տանի տարբեր աշխարհներ, կը ծանօթացնէ ժողովուրդին ու անոր պատմութեան, այդ ալ շատ կարեւոր է: Օտար պարերու միջոցով եւս կարելի է հայ աշակերտներ դաստիարակել, զանոնք մղելով հետաքրքրուելու այլ ժողովուրդներու արուեստով: Մենք միայն պարը չենք սորվեցներ, այլ նախ կը խօսինք տուեալ ժողովուրդին մասին, կ՛անդրադառնանք անոր պատմութեան, կը բացատրենք, թէ ինչո՞ւ պարի տուեալ ձեւերը եւ քայլերը որդեգրուած են իբրեւ ազգային պարի ոճ: Ասիկա տարիներու մշակոյթ է, հարստութիւն է: Պարի լեզուով կարելի է ամէն ինչ ըսել, որովհետեւ անիկա չունի որեւէ տեսակի խտրականութիւնը: Անիկա միակ համատեղող բանն է, նոյնն է նաեւ մշակոյթը», յայտնեց Ժ. Մակինեան:
Նկատի ունենալով, որ այս տարի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակն է, ծրագիրի վերջին մասը` 7-10 վայրկեան, նուիրուած պիտի ըլլայ մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներու յիշատակին:
Պարի միջոցով հայապահպանման աշխատանք տանելու մասին «Ազդակ»-ի հարցումին պատասխանելով` Ժաքլին Մակինեան դիտել տուաւ, որ, թէկուզ հայ աշակերտներ միասնաբար օտար ժողովուրդներու պարեր սորվին, ատիկա նոյնիսկ կը նպաստէ հայապահպանման, որովհետեւ քով քովի կու գան հայ մանուկներն ու պատանիները, կ՛ապրի հայկական մթնոլորտի մէջ:
Կարէն Մակինեան անդրադառնալով այս առումով Համազգայինի ունեցած մեծ ներդրումին մասին ըսաւ. «Համազգայինը շատ կարեւոր ու մեծ աշխատանք կը տանի: Չեմ խօսիր միայն պարարուեստին մասին, այլ մշակութային տարբեր ճիւղերու: Մշակութային մեծ օճախին մէջ այդքան բացառիկ թիւով երեխայ հաւաքելը արդէն բացառիկ աշխատանք է: Երբ «Լեւոն Շանթ» կեդրոն մտնես, ամէն ինչ հայկական է, մէկ յարկէն կը լսուի հայկական նուագ, միւսէն երգ, միւսին վրայ հայկական պար կը բռնեն երեխաները եւ այլն: Կը զգաս, որ հայկական կեանք կայ այդ պատերէն ներս, փոքր հայկական տունն է ատիկա: Կան մանուկներ ու պատանիներ, որոնք ամբողջ օր մը կ՛անցընեն այդ կեդրոնին մէջ, կը հետեւին տարբեր դասերու, պարէն ետք կամ առաջ երաժշտութիւն կամ երգ կը սորվին եւ այլն: Մէկ խօսքով, հայ աշակերտները իրենց օրը կ՛անցընեն այդ հայկական տան մէջ, ինչ որ շատ դրական եւ կարեւոր երեւոյթ է, կամայ-ակամայ երեխան արդէն կ՛ապրի հայկականով, ներաշխարհը կը հարստանայ հայկականով: Երբեմն զարմանքով կը տեսնեմ, որ ես դասերս աւարտած դուրս կու գամ կեդրոնէն, մինչ պարի դասի հետեւողները երկար ատեն տակաւին հոն են: Ասիկա շատ հիմնական առաքելութիւն է, զոր կը կատարէ Համազգայինը»:
Ընդհանրապէս մարդուն համար պարի կարեւորութեան մասին խօսելով` Կարէն Մակինեան դիտել տուաւ, որ պարի հետեւողը կը փոխուի արտաքնապէս ու ներքուստ, թէ՛ անոր կեցուածքը, թէ՛ մարմինը, եւ թէ հոգին կը փոխուին:
Ան դիտել տուաւ, որ իրենք կը փորձեն աշխատիլ հարիւրյիսուն առ հարիւր տոկոսով, որովհետեւ երբ բեմ բարձրանան մանուկներն ու պատանիները, արդէն 50 առ հարիւրը ինքնին կ՛անհետանայ:
«Քնար»-ի ելոյթներուն «Գայեանէ»-էն խումբի մը մասնակցութեան մասին խօսելով` Կարէն Մակինեան դիտել տուաւ, որ «Քնար»-ի պարուսոյցը ընտրած է տուեալ խումբը` իր յայտագիրին համապատասխան: Անոր համաձայն, շատ կարեւոր էր «Գայեանէ»-ի այս մասնակցութիւնը, որովհետեւ ատիկա փորձառութիւն կու տայ աշակերտներուն, անոնք աւելի ինքնավստահ կը դառնան: «Թէեւ իւրաքանչիւր բեմ բարձրանալուդ յուզում ու որոշ վախ կ՛ունենան երեխաները, սակայն առաջին անգամ ելոյթ ունենալու այդ սոսկումը արդէն շրջանցեցին: Իրենք բաւական հանգիստ են, նաեւ` մենք», յայտնեց Կ. Մակինեան:
Ժաքլին Մակինեան եւս կարեւոր կը նկատէ նման փորձառութիւն` դիտել տալով, որ երբ տարազը կը հագնին, բեմին լոյսերը իրենց վրայ կը կեդրոնանան, ինքնաբերաբար երեխաները կը շուարին, նոր աշխարհ կը բացուի անոնց առջեւ, այդ պատճառով ալ մեղադրելի չէ անոնց սխալները, սակայն երբ արդէն ապրեցան այդ պահը, երկրորդ անգամ աւելի վարժ կը դառնան եւ ծանօթ այդ բոլորին: Ըստ անոր, որքան շատ բեմ բարձրանան խումբերը, այդքան աւելի կը յառաջդիմեն: Ուստի պարուսոյցները նկատել տուին, որ շատ կարեւոր է գաղութին մէջ կազմակերպուող ձեռնարկներուն քանի մը պարով ներառուին նաեւ «Գայեանէ»-էն խումբեր:
Պատասխանելով «Ազդակ»-ի այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ պարը սովորաբար աւելի կը հետաքրքրէ մանուկներն ու պատանիները` Կարէն Մակինեան ըսաւ, որ անոնց մօտ մեծ ներուժ կայ, ինչ որ բնականաբար դուրս կու գայ պարի միջոցով:
Ժաքլին Մակինեան հաստատեց, որ հայ ազգը պարող ազգ է, ծնողներն ալ մեծ հպարտութիւն կ՛ապրին, երբ տեսնեն, թէ իրենց զաւակները բեմ բարձրացած են եւ հայկական պար կը պարեն: Ասիկա նաեւ կեանքի մէջ կարեւոր է, կու տայ յաւելեալ ինքնավստահութիւն, տարբեր առիթներով պարը միշտ ներկայ է:
Կարէն Մակինեան յայտնեց, որ այս տարի աշխատասէր աշակերտները խրախուսելու համար որոշուած է իւրաքանչիւր դասարանի ամէնէն աշխատասէր աշակերտին քաջալերական եւ խորհրդանշական պատուոյ գիր տալ: Այդ աշակերտը անպայման այդ խումբին լաւագոյն պարողներէն կրնայ չըլլալ, սակայն պիտի ըլլայ ամէնէն աշխատասէրը: Այսպիսով նաեւ աշխատող, հետեւող աշակերտները, որոնք թերեւս այդքան ալ մեծ ու բնածին տաղանդով օժտուած չեն, կը զգան, որ իրենց ի գործ դրած ճիգը իմաստ ունի եւ կ՛արժեւորուի:
Ժաքլին Մակինեան յայտնեց նաեւ, որ «Քնար»-ի ելոյթներուն իր եւ Կարէն Մակինեանին մասնակցութիւնը քաջալերական եւ ոգեւորիչ եղաւ «Գայեանէ»-ի աշակերտներուն համար, որոնք տեսան մեծ արուեստը, իբրեւ կենդանի օրինակ ունեցան իրենց ուսուցիչները ու ներքուստ իրենք ալ փափաք ունեցան այդ մակարդակին հասնելու:
Պարուսոյցները տեղեկացուցին, որ «Գայեանէ»-ի այս ելոյթին բեմին վրայ պիտի ներկայացուի «Բաց դաս», որուն պիտի մասնակցին նաեւ իրենք. բաց դասը պարզ դաս է, սակայն անոր կրնան ներկայ ըլլալ նաեւ ծնողներն ու բարեկամները: Անոր ընթացքին պիտի ներկայացուի դասարանը «մեր աչքերով». պաստառին վրայ պիտի ներկայացուի կանոնաւոր դասապահ մը, իսկ բեմին վրայ իրականութիւնը պիտի բեմադրուի ինչպէս որ է… «Բեմը դասարան պիտի ըլլայ, մենք ալ իբրեւ պարուսոյց մեր դերերով հանդէս պիտի գանք», յայտնեց Կ. Մակինեան:
Աւարտին Կարէն եւ Ժաքլին Մակինեանները յայտնեցին, որ անհամբեր կը սպասեն ելոյթներուն, որպէսզի կարելի ըլլայ տեսնել շօշափելի արդիւնքը: