Խորհրդարանական ոչ իշխանական խմբակցութիւնները` ՀՅԴ-ն, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը (ԲՀԿ), Հայ ազգային քոնկրեսը (ՀԱՔ) եւ Ժառանգութիւնը, երէկ հրաւիրեցին խորհրդակցութիւն` որոշելու համար ելեկտրականութեան հոսանքի սակի բարձրացման դէմ իրականացուող գործողութիւնները: Նշենք, որ Օրինաց երկիր կուսակցութիւնը «թեքնիք պատճառներով» չմասնակցեցաւ խորհրդակցութեան, սակայն մտադիր է միանալու նախաձեռնութեան: Նախորդ շաբաթ ՀԱՔ խմբակցութիւնը յայտարարած էր, որ կը նախաձեռնէ ելեկտրական հոսանքի սակի բարձրացումը ուսումնասիրող ժամանակաւոր յանձնախումբի ստեղծման: Ոչ իշխանական խմբակցութիւններու խորհրդակցութենէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին ԲՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Նայիրա Զոհրապեան երէկ նշեց, որ աւելի նպատակայարմար նկատած են նախաձեռնել խորհրդարանական լսումներու, որովհետեւ ատիկա աւելի գործնականօրէն կ՛անդրադառնայ հարցին, որմէ ետք կարելի է անդրադառնան նաեւ ժամանակաւոր յանձնախումբի ստեղծման: Պատգամաւորը նշեց, որ խորհրդարանական լսումներուն պիտի հրաւիրեն ՀԾԿՀ-ի նախագահ Ռոպերթ Նազարեանը, ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Երուանդ Զախարեան եւ, որ ամէնէն կարեւորն է, Հայաստանի ելեկտրականութեան ցանցերու տնօրէնը եւ ելեկտրականութեան սակի դիմում ներկայացուցած բոլոր կազմակերպութիւնները, որպէսզի կարենան բոլոր շահագրգռուած կողմերուն հետ քննարկումներ ծաւալել` պարզելու համար, թէ ինչո՞ւ պէտք է քաղաքացին վճարէ օտարերկրեայ սեփական կազմակերպութեան վատ տնօրինման, վատ կառավարման պատճառով: «Թերեւս իրենք ունի՞ն հիմնաւորումներ, ես կ՛ուզեմ հասկնալ. երբ Հայաստանի ելեկտրականութեան ցանցերու տնօրէնը կ՛ըսէ, որ 3,5 միլիոն տոլարի բարեգործութիւն ըրած են, կ՛ուզեմ հասկնալ` կորուստներու հաշուո՞յն ըրած են, թէ՞ իրենց շահոյթներու հաշուոյն ըրած են: Եւ հիմա կ՛ուզեն այդ բարեգործութիւնը քաղաքացիներէն հանել: ԲՀԿ-ն, ՀՅԴ-ն, Ժառանգութիւնը եւ ՀԱՔ-ը կ՛ըսեն, որ նախ պէտք է օր առաջ խորհրդարանական լսումներ հրաւիրել: Իսկ ժամանակաւոր յանձնախումբի խնդիրին կարելի է անդրադառնալ լսումներէն ետք, քանի որ ժամանակաւոր յանձնախումբը քանի մը ամիս կրնայ ուսումնասիրել հարցը, մինչ` ելեկտրական հոսանքի սակի բարձրացումը պիտի ըլլայ յունիսին կամ յուլիսին», ըսաւ Նայիրա Զոհրապեան: Լրագրողներու դիտարկման, որ փորձը ցոյց կու տայ, որ լսումները էականօրէն ոչինչ կը փոխեն, ան հակադարձեց ըսելով, որ այդպէս եթէ դատելու ըլլանք, կրնանք ըսել, որ ժամանակաւոր յանձնախումբերն ալ ոչ մէկ բան կը փոխեն: