
Երէկ գիշեր, «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ Եուվենթուս – Ռէալ Մատրիտ կիսաւարտականի երթի մրցումը` Իտալիոյ մէջ:
Նախքան մանրամասնութիւններուն անցնիլը, նշենք, որ այսօր, երեկոյեան ժամը 21:45-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), տեղի պիտի ունենայ կիսաւարտականի երկրորդ մրցումը, որուն ընթացքին Պարսելոնա բաւական կարեւոր մրցում մը ունի կատարելիք, երբ հիւրընկալէ Պայէրն Միւնիխը:
Ինչ կը վերաբերի երէկուան մրցումին, անիկա աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ` Եուվենթուսի յաղթանակով` 2-1 արդիւնքով:
Մրցումին հաշիւը 9-րդ վայրկեանին բացաւ Եուվէի մարզիկ Ալվարօ Մորաթա: Սակայն 27-րդ վայրկեանին գլխու հարուածով մը Քրիսթիանօ Ռոնալտօ հաւասարեցուց արդիւնքը:
Սակայն 58-րդ վայրկեանին Քարլոս Թեւեզ, հաւասարեցուց արդիւնքը` իր նշանակած փենալթիով պարտութեան մատնելով Իքեր Քասիասը եւ իր կազմին ապահովելով վերջնական յաղթանակը` 2-1 արդիւնքով:
Սակայն հակառակ արձանագրած այս յաղթանակին, եթէ Ռէալ Մատրիտ դարձին իր դաշտին վրայ միայն կոլ մը նշանակէ, Եուվենթուս դուրս պիտի մնայ մրցաշարքէն: