Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան կիսաւարտական մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան Ժիպէյլի մէջ տեղի ունեցաւ Պիպլոս – Սաժես 4-րդ ճակատումը:
Պիպլոս, որ առաջին երեք մրցումներուն բոլորին ալ յաղթանակ արձանագրած էր (76-67, 84-65 եւ 86-81), անգամ մը եւս յաղթանակ արձանագրելով 4-0 արդիւնքով գերազանցեց իր մրցակիցը եւ բնականաբար մրցաշարքէն դուրս ձգեց Սաժեսը:
Երէկուան այս մրցումը աւարտեցաւ 84-80 արդիւնքով (19-24, 44-40, 65-66 եւ 84-80):
Պիպլոսի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ճեսմըն Եանկպլատ (29 կէտ), ապա անոր խմբակից Ռաթքօ Վարտա (22 կէտ, 16 ռիպաունտ):
Սաժեսէն Թերենս Լիթըր նշանակեց 19 կէտ եւ 11 ռիպաունտ, ապա անոր խմբակից Հայկ Կէօքճեան (16 կէտ, 10 ռիպաունտ):
Այսպիսով, Պիպլոս ապահովեց աւարտականի իր տոմսը` իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով:
Աւարտականին անիկա իր դէմ պիտի ունենայ Ռիատի – Շանվիլ մրցումին յաղթականը:
Այժմ Ռիատի 2-1 արդիւնքով կը գերազանցէ Շանվիլը:
Անոնց միջեւ 4-րդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` չորեքշաբթի, 6 մայիսին, երեկոյեան ժամը 17:30-ին, Տիք Մըհտիի մէջ: