
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան կիսաւարտական հանգրուանին ծիրին մէջ, Լուէյզի (Զուք Մոսպեհ) 1-0 արդիւնքով գերազանցեց իր մրցակիցը` Ֆէյթրունը, 74-62 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով (11-15, 32-31, 52-44 եւ 74-62):
Օրուան իրաւարարներն էին Ռապպահ Նըժէյմ, Ատել Խուէյրի եւ Հալիմ Մանսուր:
Անոնց միջեւ երկրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` չորեքշաբթի 6 մայիսին, երեկոյեան ժամը 21:30-ին, Ժունիէի «Ֆուատ Շեհապ» մարզադաշտին վրայ:
Նշենք, որ երկու յաղթանակ արձանագրող խումբը կ՛ապահովէ աւարտականի իր տոմսը:
Կիսաւարտականի երկրորդ մրցումը, որ կը սկսի շաբաթ, 9 մայիսին, իրարու դէմ պիտի հանէ Անդրանիկ Պէյրութը եւ ԱմալՊիքֆայան:
Այս առաջին մրցումը տեղի պիտի ունենայ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ):