Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ ընդունեց խորհրդարանական ընտրութեան ընթացքին դիտորդական առաքելութիւն իրականացնելու նպատակով Աբխազիայէն եւ Մերձտնեսթրէն հասած դէտեր:
Ըստ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնական կայքին, Սահակեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ Արցախի մէջ յատուկ տեղ կը յատկացնեն Աբխազիոյ եւ Մերձտնեսթրի հետ յարաբերութիւններու շարունակական զարգացման եւ խորացման` ատիկա կարեւոր նկատելով պատմական, քաղաքական եւ բարոյական տեսանկիւններէ: