Լիւքսամպուրկի խորհրդարանը Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ նախագիծը պիտի քննարկէ 5 մայիսին, «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրած է Լիւքսամպուրկի խորհրդարանի պատգամաւոր Լորան Մոզար, կը հաղորդէ «Նուվել տ՛Արմէնի»-ն:
Լիւքսամպուրկի Քրիստոնեայ ընկերվարական ժողովրդական կուսակցութիւնը ներկայացուցած է բանաձեւի նախագիծ, որով կ՛առաջարկուի 1915-ի հայոց կոտորածները նկատել ցեղասպանութիւն` հետեւելով Ֆրանսայի խորհրդարանի եւ Եւրոպական խորհրդարանի օրինակներուն:
Լորան Մոզար ըսած է, որ նախագիծին մէջ կը նշուի, որ 1915-ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերուն նկատմամբ կատարուած բարբարոսութիւններն ու ոճիրները «ցեղասպանութիւն են»: