Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկական Հարցի «Տեղայնացման» Մասին Մահճուբեանի Յօդուածը

Մայիս 4, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Էթիեն Մահճուբեան
Էթիեն Մահճուբեան

Թուրքիոյ վարչապետի նախկին խորհրդական Էթիեն Մահճուբեան իր հերթական յօդուածին մէջ անդրադարձած է Թուրքիոյ մէջ հայկական հարցի քննարկման խնդիրին:

Ան կը գրէ. «Հայերու` մեծ յոյսերով, իսկ թուրքերու` մեծ մտահոգութեամբ սպասուած Ապրիլ 24¬ը բաւական մեղմ մթնոլորտի մէջ անցաւ: Սակայն100-ամեակի խորհրդանշական իմաստը ենթադրել կու տար, որ ատիկա աւելի ծայրայեղական մթնոլորտի մէջ պիտի անցնի:

«Թուրքիոյ պաշտօնատարներուն կողմէ Հռոմի պապի, Վլատիմիր Փութինի կամ Գերմանիոյ նախագահ Կաուքի հասցէին հնչեցուցած կարծր պատասխանները թող չշփոթեցնեն ոեւէ մէկը:

«Թուրքիոյ` վերջին երկու տարիներուն ընթացքին յղած ցաւակցական ուղերձները ռազմավարութեան մէկ մասն են, եւ անոնց խորքին մէջ երկխօսութեան կոչ կայ:

«Ինչպէս կ’երեւի` կառավարութիւնը կը փափաքի Հայկական հարցը վերածել հայերու, թուրքերու եւ քիւրտերու համար «երկխօսութիւն կատարելու» բնորդի:

«Կը նախատեսուի, որ ատով հայերու տեսակէտը աւելի պիտի ընդլայնի, միեւնոյն ժամանակ` թուրք ժողովուրդը աւելի շատ բան պիտի իմանայ, պիտի ազատի անցեալի եւ ինքնութեան վերաբերեալ նախապաշարումներէն եւ հոգեբանական մթնոլորտը պիտի հանդարտի:

«Սակայն քննարկման եւ կարգաւորման օգուտը ատով պիտի չսահմանափակուի: Հայկական հարցին շուրջ խօսիլը «Իթթիհատ վէ Թերաքի»¬ի ժամանակաշրջանը իր բոլոր կողմերով դարձեալ ուսումնասիրելու կարելիութիւն պիտի տայ:

«Իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը կը մտահոգէ այն, որ Հայկական հարցը աշխարհի օրակարգին վրայ է եւ կ’օգտագործուի Թուրքիոյ դէմ:

«Սակայն բոլորովին ալ դէմ չէ, որ հարցը ըլլայ Թուրքիոյ օրակարգին վրայ եւ օգտագործուի իթթիհատականներուն դէմ:

«Նոր սահմանադրութեան պատրաստման ու «Նոր Թուրքիա»-ի ձեւաւորման այս շրջանին այդպիսի քննարկման ենթահողը իշխանութեան օգտին պիտի ըլլայ…

«Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը կը փափաքի հանրապետութիւնը աւելի բազմակարծիք եւ օրինական հիմքի վրայ դնել: Հայկական հարցի «տեղայնացումը» այդ ճամբան աւելի պիտի արագացնէ»:

 

Նախորդը

Լիւքսամպուրկի Խորհրդարանը Ցեղասպանութեան Բանաձեւ Պիտի Քննարկէ 5 Մայիսին

Յաջորդը

Թուրք Քաղաքապետը Կ՛ընդդիմանայ Սիսի Կաթողիկոսարանի Վերադարձին

RelatedPosts

Միրզոյեան. «Հայաստան-Թուրքիա Երկխօսութիւնը Յառաջիկային Շատ Շօշափելի Արդիւնքներ Պիտի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան. «Հայաստան-Թուրքիա Երկխօսութիւնը Յառաջիկային Շատ Շօշափելի Արդիւնքներ Պիտի Ունենայ»

Հոկտեմբեր 28, 2025
Ալիեւն Ու Էրտողանը Հրաւիրուած Են` Երեւանի Մէջ Գումարուելիք Վեհաժողովին
Հայկական

Ալիեւն Ու Էրտողանը Հրաւիրուած Են` Երեւանի Մէջ Գումարուելիք Վեհաժողովին

Հոկտեմբեր 28, 2025
Ազրպէյճան Եւ Վրաստան Պիտի Չմասնակցին Երեւանի Մէջ «Եւրոնեսթ» Խորհրդարանական Վեհաժողովի Լիագումար Նիստին
Հայկական

Ազրպէյճան Եւ Վրաստան Պիտի Չմասնակցին Երեւանի Մէջ «Եւրոնեսթ» Խորհրդարանական Վեհաժողովի Լիագումար Նիստին

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?