Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Սիսէն Անթիլիաս

Մայիս 4, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆՇԱՆ ԱԲՂ. ԼԱԽՈՅԵԱՆ

11127896_1052531911427177_1199778802_n5-04-15_1Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդի զաւակներուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը Արամ Ա. կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ, Երեքշաբթի, 28 ապրիլ 2015-ին, դատ բացաւ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ` պահանջելու Սիսի իր պատմական կաթողիկոսարանի վերադարձը: Այս առիթով շահեկան կը նկատենք ընդհանուր ակնարկով մը կաթողիկոսարանի պատմականը ներկայացնել մեր ժողովուրդին:

Բագրատունեաց թագաւորութեան անկումէն ետք, երբ սելճուքեան արշաւանքներու պատճառով մեծ թիւով հայեր կը գաղթեն  Կիլիկիա, անոնց հետ գաղթի ճամբան կը բռնէ նաեւ հայոց կաթողիկոսութիւնը եւ առաջին անգամ կը հաստատուի Սիւաս նահանգին մէջ, 1058-ին: Այնուհետեւ, քաղաքական պայմաններու բերումով, կաթողիկոսական աթոռը կը տեղափոխուի Կիլիկիոյ զանազան շրջաններ, ինչպէս Թաւբլուր (1062), ապա` Ծամնթաւ (1066), Ծովք (1116), Հռոմկլա (1149) եւ 1293-ին վերջնականապէս կը հաստատուի Կիլիկիոյ թագաւորութեան մայրաքաղաք Սիսի մէջ, որ կը գտնուի արդի Թուրքիոյ հարաւը, Ատանա նահանգի Քոզան աւանին մօտ:

Պատմական այս քաղաքի բարձունքին կը հանգչէր Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանը: Ո՞վ պիտի ըսէր, թէ օր մը այդ սէգ կառոյցը, որ դարեր շարունակ, 52 կաթողիկոսներու հովուական մականով պահպանուած էր, պիտի գար վերահաստատուելու, Անթիլիասի ափերուն վրայ:

Սիսի կաթողիկոսարանի ընդարձակ ու հոյակապ շինութիւնները իրականացած էին Ղուկաս Ա. եւ Կիրակոս Ա. Աջապահեան կաթողիկոսներու ջանքերով: Ութ խորաններ ունեցող մայր տաճարը` Ս. Սոֆիան (ապա` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ), Ռուբինեան թագաւորութեան աւերակ պալատներու քարերով շինուած Կիրակոսի վանքը` շրջապատուած եռանկիւնաձեւ պարիսպներով, Ս. Աստուածածին վանքը, Արմաշու դպրեվանքը, Վահկայի ամարանոցը, սրահներ ու ժողովատեղիներ` այս բոլորը իրենց հողատարածքներով մէկ օրէն միւսը, մանուկի մը ձեռքէն պատառ մը հացը խլելու պարզութեամբ,  յափշտակուեցան հայ ժողովուրդի ծոցէն, երբ օսմանեան պետութիւնը, հրամանագիրով մը պահանջեց օրուան կաթողիկոս Սահակ Բ. Խապայեանէն` պարպելու Սիսի պատմական կաթողիկոսարանը:

Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ո՛չ միայն վերապրող ու գաղթական հայ ժողովուրդի զաւակներուն խնամքի ծանր աշխատանքին լծուած էր,այս անգամ ի՛նք թիրախ դարձաւ տարագրութեան սեւ ճակատագրին: Մինչ Սահակ կաթողիկոս Կիլիկիոյ հայ գաղթականներուն խնամատարութեան էր լծուած Հալէպի, Դամասկոսի ու Երուսաղէմի մէջ, անդին ցեղասպանը Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի մշակութային գանձերով շլացած` կողոպուտի էր անցած:

1914-1918 ժամանակաշրջանի հարուածը մեծ եղաւ Կիլիկիոյ հայութեան համար: Վերապրող, բայց գաղթական ու աստանդական ժողովուրդին հայրենիք վերադարձի յոյսերը վաղուց ի դերեւ ելած էին արդէն: 1918-էն ետք, սակայն, տարագիր ժողովուրդը խթանող ծերունազարդ կաթողիկոսին բազուկը յաջողեցաւ մեծ թիւով աքսորեալ հայեր վերադարձնել Կիլիկեան աշխարհ, որ այդ օրերուն, այլեւս ֆրանսական ու անգլիական «ապահով» ձեռքերու մէջ կը գտնուէր: Աւա՜ղ սակայն, կարճ եղան օրերը վերահաստատման ու վերաշինութեան յուսալի աշխատանքներուն: Յաղթանակին հետեւող ողբերգութիւնը անգամ մը եւս հարուածեց կիլիկեցի ժողովուրդը, երբ 1920-1923 թուականներու քեմալական արշաւանքներու, ինչպէս նաեւ «հոգատար» պետութիւններու գաղտնի համաձայնութիւններու պատճառով, ջարդ ու զանգուածային արտագաղթեր տեղի ունեցան:

Կարելի չէ չյիշել Խադ եպս. Աջապահեանի նամակին մէջ արձանագրուած «Վանքին կարաւանը» խորագրուած նկարագրութիւնը, թէ ինչպէ՛ս Սիսի կաթողիկոսարանի հարստութեան գէթ մէկ մասը փոխադրուեցաւ Հալէպ:

3 սեպտեմբեր 1915-ին, Սիսի կառավարիչին ձեռքով Պոլիսէն հասած հրամանագիրի գոյժէն ետք, Կիլիկիան միաբանութիւնը գիշեր-ցերեկ տաժանագին աշխատանքի լծուեցաւ վերջնականապէս Հալէպ փոխադրուելու համար: Ութդարեայ Աթոռին պատկանող թանկարժէք իրեր, ծիսական սպասներ, հնատիպներ, զգեստներ, ինչպէս նաեւ սրբալոյս միւռոնի կաթսան, մասնաւոր պատրաստուած սնտուկներու մէջ տեղաւորուելով` սայլերու վրայ բեռցուեցան: Տասը օր ետք կարաւանը ճամբայ ելաւ դէպի Հալէպ եւ հազիւ Սիսէն հեռացած` արկածով մը միւռոնի կաթսան կոտրեցաւ ու վերջին անգամ ըլլալով Սսոյ նուիրական հողը այդ սուրբ իւղով օծուեցաւ…Կիլիկիան դաշտին մէջ լճացած երեք լիթր միւռոնը փոսի մը մէջ թաղելէ ետք, միաբանները շարունակեցին իրենց ճամբան: Յաջորդ օրը Ճիհուն գետին եզերքը սայլերէն մէկուն երկաթաթելը փրթաւ եւ ջուրի հոսանքէն տարուած լաստը հեռացաւ եզերքէն: Այդ սայլին մէջ էր, որ զգուշութեամբ զետեղուած էին Գրիգոր Լուսաւորիչ, Նիկաղայոս Սքանչելագործ եւ Սեղբեստրոս հայրապետներուն աջերը: Նոյն պահուն հաճնցի եւ վահկացի երիտասարդներ նետուեցան գետ եւ մէկ առ մէկ բոլոր սնտուկները կորուստէ փրկելով` ցամաք հանեցին:

Կարաւանը յաջորդաբար կտրեց Օսմանիէ եւ Հասանպէյլի շրջանները, սակայն Էնթելլիի զառիվայրին վրայ սայլերէն երկուքին անիւները կոտրեցան: Միւս կառապանները շարունակեցին իրենց ճամբան, իսկ այդ երկուքը գիշեր մը մնացին այնտեղ` սպասելով արտաքին օգնութեան: Ժամեր ետք, կէս գիշերին երկու չերքեզ կառապաններ օգնութեան հասան: Արշալոյսին երկու սայլերը ճամբայ ելան դէպի Իսլահիյէ, ուրկէ աւելի հանգստաւէտ պայմաններու մէջ ուղեւորուեցան դէպի Հալէպ:

Այս քանի մը հատուածներուն մէջ ամփոփուած տողերը քսաներեք օրերու ճամբորդութեան ճգնաժամը կը նկարագրեն: Ահա թէ ի՛նչ դժուարին պայմաններու տակ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը Սիսէն փոխադրուեցաւ Հալէպ, բայց ոչ ոք գիտէր, թէ հետագային այդ ուղեւորութիւնը պիտի շարունակուէր դէպի Լիբանան, եւ կաթողիկոսարանը վերջնականապէս կայք պիտի հաստատէր Անթիլիասի ծովափին:

Երջանկայիշատակ Սահակ Բ. կաթողիկոսի օրերը փաստօրէն նմանօրինակ էին իրմէ ինը դարեր առաջ Անիի կործանումին պատճառով Հայոց կաթողիկոսութեան Կիլիկիա փոխադրումին եւ ահա, 900 տարիներ ետք, Կիլիկիոյ Աթոռը դարձեալ կը փոխադրուէր դէպի արաբական աշխարհ, Սուրիա եւ ապա` Լիբանան:

Այնուհետեւ ինը տարիներ, 1921-1930, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը «շրջուն կաթողիկոսութիւն» մը վարեց: Գաղթակայանէ գաղթակայան, Հալէպէն Պէյրութ, Պէյրութէն Դամասկոս, Ալեքսանդրատրէթ եւ Կիպրոս, տարիներ շարունակ աստանդական կեանքի ենթակայ ծերունազարդ Սահակ հայրապետը եղաւ արիասիրտ այն հովիւը, որուն ձայնը հարազատ հնչեց սփիւռք դարձած հայ ժողովուրդի ականջներուն մէջ: Ան իր յոյսի անմար ջահով լուսաւորեց հայ ժողովուրդին հոգիին մէջ մարած յոյսերը, վերանորոգեց անոր հաւատքը եւ գօտեպնդեց  գոյապայքար մղելու անոր տկարացած կամքը: Արդարեւ, հետզհետէ կ՛աւելնար մնայուն ու հաստատուն կայք մը ունենալու պահանջը:

1922-էն ի վեր Ամերիկեան «Մերձաւոր արեւելքի օգնութիւն» (Near East Relief) բարեսիրական հաստատութեան կողմէ կառուցուած Անթիլիասի որբանոցը հայկականացնելու իրատեսութեամբ Սահակ կաթողիկոս առաւ իր առաջին քայլը: Շնորհիւ տուեալ հաստատութեան Նիւ Եորքի կեդրոնին հետ իր ունեցած յաճախակի թղթակցութիւններուն, բանակցութիւններուն եւ տեսակցութիւններուն, 7 ապրիլ 1930-ին վեհափառը յաջողեցաւ նախ ձեռք ձգել Անթիլիասի կալուածի հինգ տարուան համար փորձառական շրջանի վարձակալման համաձայնագիրը եւ ապա յառաջիկայ տարիներուն վերջնականապէս տէրը դարձաւ այդ կալուածին` վերջ դնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան աստանդական թափառումներուն:

Այսօր, շնորհիւ իր վեհափառ հայրապետներու հաւատքին ու վճռակամութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը դարձած է կրօնական, մշակութային ու ազգային իմաստով ճառագայթող կեդրոն հայ կեանքէն ներս: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը նաեւ հայ ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարի դրօշակիրն է: Այս ուղղութեամբ անցնող տասնամեակներուն իր կատարած աշխատանքը ու յատկապէս Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ իր բացած դատը` պահանջելու իր դարաւոր կեդրոնատեղիին վերադարձը, պերճախօս վկայութիւններ են հայ ժողովուրդի իրաւունքներու ձեռքբերման գծով մեր կաթողիկոսութեան գործօն յանձնառութեան:

 

 

Նախորդը

Մաշեցնող Պատերազմի Այլընտրանքը

Յաջորդը

Խոստովանութիւն…

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?