Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաշեցնող Պատերազմի Այլընտրանքը

May 4, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներէն ետք նոր որակ եւ մակարդակ ստացան ընդհանրապէս Հայ դատի հետապնդման աշխատանքները:

Փաստօրէն ազգովին միացած եւ նոյն հրամայականներու շուրջ համախմբուած Հայաստան-սփիւռք կապը քիչ մը աւելի ամրացաւ եւ գօտեպնդուեցաւ:

Սակայն, այս բոլորէն անդին, մենք այսօր ազգովին կը դիմագրաւենք մաշեցնող պատերազմի մը իրավիճակը: Ազերիները այս պատերազմի ոճէն եւ վիճակէն գոհ են: Հակառակ մարտական եւ զինուորական հակադարձութիւններուն`, մեր մօտ վնասը կը մնայ վնաս: Ամէն շաբաթ մէկ, երկու, երբեմն երեք նահատակ կու տանք, եւ մեր ժողովուրդի հոգեկան եւ բարոյական վայրէջքը կամաց կամաց սահմաններէն անդին կ՛անցնի:

Այս իրավիճակին դիմաց պէտք է այս կացութիւնը շրջենք ի նպաստ մեզի: Պէտք է կռիւը փոխադրենք ուրիշ դաշտ: Պէտք է միջազգային եւ քաղաքական ճնշումները թափ առնեն, որպէսզի ազրպէյճանական քաղաքականութիւնը բացայայտուի, եւ կացութեան իրական պատկերը լուսարձակներու տակ առնուի:

Այսօր քարոզչական կազմակերպուած արշաւը անպայման որ ճնշող դեր կրնայ խաղալ: Փաստօրէն օգոստոսէն ի վեր ստեղծուած կացութիւնը ի նպաստ Ազրպէյճանին է: Մենք մնայուն ձեւով  զոհ կ՛արձանագրենք:

Մեր իւրաքանչիւր նահատակ զինուորը իր տեղն ու կշիռը ունի, բնականաբար նաեւ բարոյական ժխտական անդրադարձը մեծապէս կ՛ազդէ երկրի ընդհանուր մթնոլորտին վրայ:

Քաղաքական ճնշումները բոլոր մակարդակներու իրենց ճնշիչ դերը կրնան խաղալ: Լուսարձակները պէտք է կեդրոնանան ազերիներու հակայարձակողական, զինադադարը խախտողի եւ առհասարակ հայկական սահմանամերձ գիւղերու դէմ նախայարձակ ըլլալու շեշտով:

Չբաւարարուինք միայն Թուրքիան մեղադրելով: Ազերիներու ոտնձգութիւններուն եւ անմարդկային եւ յարձակողական ըլլալու դէմ քարոզչական արշաւը պէտք է կազմակերպուած եւ մնայուն բնոյթ ստանայ: Բնականաբար հարիւրամեակէն ետք Թուրքիան ալ իր ազդեցութիւններով պիտի փորձէ մէկ անգամ ընդմիշտ հակադարձութեան նոր ձեւեր որոնել: Մեր ակնկալիքը պէտք է ըլլայ անսպասելին:

Այս պայմաններուն մէջ Ցեղասպանութեան ոգեկոչման տարին անգամ մը եւս թող ամպրապնդէ մեր կամքը` որոնելու եւ նոր ձեւեր գտնելու համար: Փաստօրէն տասը ամիսներուն ընթացքին մենք ունեցանք բաւական ծանր կորուստներ, սակայն մեր քաջարի բանակը իր բոլոր զօրամասերով միշտ ալ պատրաստ եւ արթուն վիճակի մէջ դիմագրաւուած է եւ պիտի դիմագրաւէ դժուարութիւնները:

Հիմնականը ոճի եւ տեղի փոփոխութիւնն է:

Ազերիները ուրախ եւ գոհ են իրենց որդեգրած ոճէն եւ վայրէն. պէտք է անպայման այս ուղղութեամբ աշխատինք:

 

 

Նախորդը

Արդարութեան Քայլարշաւ

Յաջորդը

Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Սիսէն Անթիլիաս

RelatedPosts

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Կողմէ 125.000 Եւրոյի Յատկացում` Լիբանանի Հայկական Վարժարաններուն
Անդրադարձ

Հրակ Պագարեան Կը Նուիրաբերէ Ուսանողական Կրթաթոշակի Ծրագիրին

February 12, 2026
Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը.  Ընդունի՞լ, Թէ՞ Մերժել Վարդան Մամիկոնեանի Պատգամը (Աւարայր, 1575-Ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Ընդունի՞լ, Թէ՞ Մերժել Վարդան Մամիկոնեանի Պատգամը (Աւարայր, 1575-Ամեակ)

February 12, 2026
Կտակ
Անդրադարձ

Կտակ

February 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.