Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը կազմ ու պատրաստ է եւ անիկա կը գտնուի այնպիսի հանգրուանի մը մէջ, որ կրնայ զուգահեռաբար պայքարիլ իսրայէլեան եւ հաւատադրժողական ծրագիրներուն դէմ:
Ֆայեատ հաստատեց, որ Իսրայէլ, Միացեալ Նահանգներ եւ եւրոպական երկիրներ ՏԱՀԵՇ-ը եւ Ժապհաթ Նուսրան ստեղծած են, որպէսզի թշնամի Իսրայէլը մնայ գերիշխող:
Ֆայեատ շեշտեց, որ Դիմադրութեան հաւատացող ժողովուրդն է, որ արաբական պատմութեան փայլուն էջերը գրած է:
Ան աւելցուց, որ ներկայիս հաւատադրժողական վտանգին պարտադրած վտանգները լուրջ են` ռազմավարական եւ գոյութենական առումով, «հետեւաբար Դիմադրութիւնը ձեռնածալ չի կրնար մնալ այդ բոլորին առընթեր», ըսաւ Ֆայեատ: