Զրոյցը վարեց ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ
«Քնար» պարախումբը արդէն պատրաստ է իր ելոյթներով հանդէս գալու լիբանանահայ արուեստասէր հասարակութեան: Այս առիթով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ «Քնար» պարախումբի գեղարուեստական ղեկավարներ, հայրենի վաստակաւոր պարուսոյցներ Յովհաննէս եւ Կարիկ Խաչիկեաններուն հետ: Պարախումբի առաջին ելոյթը տեղի պիտի ունենայ 1 մայիս 2015-ին եւ կը կրէ «Կը յիշենք ու կը պահանջենք» խորագիրը:
Յովհաննէս եւ Կարիկ Խաչիկեաններ յայտնեցին, թէ ինչպէ՛ս որ համայն հայ ժողովուրդը կը նշէ Հայոց Եղեռնի 100-ամեակը, պարախումբն ալ կը պատրաստուի 100-ամեակի թեմայով հանդէս գալու հանդիսատեսին: Անոնք ըսին, թէ այս տարուան ծրագիրը բաղկացած է երկու մասերէ. մէկը նուիրուած է Եղեռնի 100-ամեակին, իսկ միւս բաժինով ալ պիտի ներկայացուի համերգային նոր ծրագիր` նոր պարերով: Ապա նշեցին, թէ անցեալ տարի խումբը ներկայացուցած է «Անուշ»-ը, բայց այս տարուան թեման մարդու յիշողութեան մէջ երկար ատեն դրոշուած պիտի մնայ:
Յովհաննէս Խաչիկեան նշեց, որ այս տարուան ձեռնարկին երկու պարով ելոյթ պիտի ունենայ «Գայիանէ» պարախումբը, որուն պարուսոյցներն ալ երկու պարով իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն ձեռնարկին:
Անոնք հաստատեցին, որ սփիւռքի մէջ արուեստի վերաբերող աշխատանքը ունի որոշ դժուարութիւններ, որովհետեւ պարախումբը ընդհանրապէս սիրողական բնոյթ կը կրէ եւ ոչ արհեստավարժ: Շաբաթական հերթականութեամբ մասնակիցները պարտաւոր են հետեւելու պարերու փորձերուն եւ յարմարացնել իրենց ժամանակները անձնական աշխատանքին հետ, որ անձնական գործը չտուժէ եւ պարախումբի աշխատանքը եւս ընթանայ յաջող կերպով: Դժուարութիւններ բոլոր ժամանակներուն եղած են, բայց յաղթահարուած ու միշտ ալ յաղթահարելու են, ըսին Խաչիկեանները:
Իսկ ինչ կը վերաբերի ներկայացման ընդհանուր նիւթին, անոնք ըսին, որ 100-ամեակի թեման, որպէս պարային ներկայացում շատ նորութիւն է: Ծրագիրը կը ներառէ ասմունք, ժապաւէն ցուցադրութիւն, գաղթի պատկերներ, որմէ ետք յաջորդաբար կը ներկայացուին հայ հերոսները, նուիրեալները, տաղանդաշատ մարդիկ, ապա յաղթական պարով ու գովերգով պիտի աւարտի ծրագիրը, որովհետեւ ազգը գոյութիւն ունէր, ունի եւ պիտի շարունակէ ունենալ:
Յովհաննէս Խաչիկեան նշեց, թէ Կարիկ Խաչիկնեանի «Քնար» պարախումբին հետ 4 ամիսէ աշխատանքը կը տանի բեմադրական, լուաւորութեան , բեմականացման եւ այլ գետնի վրայ:
Անոնք հաստատեցին, որ փորձերուն ընթացքին Եղեռնի թեման իր տխուր եւ յուզիչ ազդեցութիւնը ունեցած է պարողներուն վրայ, ինչ որ ազգային բնորոշ երեւոյթ է, հետեւաբար, համոզուած են, որ նոյնպէս մեծ ազդեցութիւն պիտի ունենայ հանդիսատեսին վրայ: «Մեզի կը թուի, թէ մեծ գործ ըրած եղաւ «Քնար» պարախումբը այս ներկայացումով», ըսաւ Կարիկ Խաչիկեանը:
Խաչիկեանները` անդրադառնալով նաեւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան նեցուկին, աշխատանքի ընթացքի հետամուտ ըլլալուն` շնորհակալութիւն յայտնեցին Շրջ. վարչութեան :
Իսկ ինչ կը վերաբերի մարդու ներաշխարհին վրայ, պարի ազդեցութեան անոնք ըսին, թէ պարարուեստը ընդհանրապէս կ՛ազդէ մարդու հոգեկան աշխարհին, ձիրքերուն, տեսքին եւ մտածողութեան վրայ: Պարով ցոյց կը տրուի կեանքը: Պարը, թէ՛ թատրոն է, թէ՛ պար է, թէ՛ երաժշտութեան ունկնդրութիւն: Պարը նաեւ օգտակար է առողջութեան: Մէկ խօսքով պարարուեստը շատ մեծ աշխարհ է, թէ՛ հոգեկան, թէ՛ մարմնական:
Յովհաննէս եւ Կարիկ Խաչիկեաններ այն կարծիքին էին, եւ համոզուած, որ եթէ չըլլային մեր պարարուեստը, երաժշտութիւնը, թատրոնը, մշակոյթը, թերեւս հայ ազգը գոյութիւն չէր ունենար, որովհետեւ մշակոյթն է, որ ապրեցուցած է եւ պիտի շարունակէ ապրեցնել ազգը:
Անոնք ընդգծեցին, թէ առանց մշակոյթի ազգեր ու երկիրներ իրենց գոյութիւնը չեն կրնար պահել: Մշակոյթն է, որ կը պահէ ազգը:
Իսկ հայկական ժողովրդական պարերը մարդու հոգիէն կու գան: Բոլոր ազգերը կը զգան իրենց պարերը, հետեւաբար հայերն ալ իրենց պարը կը զգան, որովհետեւ անիկա հոգեկան անփոխարինելի աշխարհ մըն :
Երգէն, երաժշտութենէն կու գայ հոգիին եւ կը յուզէ մարդու ներաշխարհը: Ժողովրդական պարը անհրաժեշտ է մեր ազգին համար: Մարդիկ կը պարեն թէ՛ տխրութեան, եւ թէ՛ ուրախութեան համար:
Հարցազրոյցի աւարտին գեղարուեստական ղեկավարն ու օգնական պարուսոյցը ըսին, թէ վստահ են, որ «Քնար» պարախումբի ելոյթները մեծ արձագանք պիտի ձգեն հանդիսատեսին վրայ: Շնորհակալութիւն յայտնեցին «Ազդակ»-ին եւ հրաւիրեցին բոլորը ներկայ ըլլալու ու քաջալերելու պարախումբը: