Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաշնակցական Ակումբին Պահապանը. (Զաւէն Աղազարեանի Քառասունքին Առիթով)

Մայիս 1, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Զաւէն Աղազարեան
Զաւէն Աղազարեան

Հաւանաբար հարց տրուի, թէ դաշնակցական ակումբը ե՞րբ ապաւէն պահակներ չէ ունեցած, որ այս հանգրուանին ատոր վրայ շեշտը կը դրուի: Եւ կամ միթէ հազուադէպ երեւո՞յթ է ունենալ ակումբի պահապաններ, այդ ալ համակիրներու հոծ բազմութեան շնորհիւ:

Ո՛չ, մատնանշուածը բացառաբար կը վերաբերի ոգեշնչող այն իրականութեան, թէ կեանքի մէջ գոյութիւն ունին եզակի տիպարներ, որոնք կը յատկանշուին իրենց խոնարհ եւ ծառայասէրի նկարագրային բարեմասնութեամբ, եւ որոնց շարքին պէտք է դասել անպայման այս մեր տղան` Զաւէն Աղազարեանը, որ քառասուն օրեր առաջ զոհ կ՛երթար, Արագած-Սիսի շրջանին մէջ ծագած միջադէպի մը:

Կարեւոր է լոյսին բերել ճշմարտութիւն մը անսեթեւեթ, թէ գաղութահայ կեանքի եւ առօրեայ մեր կեանքին մէջ հայաշունչ ակումբներն ու միութենական կառոյցները որքան տիպական եւ հրաշալի դերակատարութիւն են ունեցած սերունդներու դաստիարակութեան ու պաշտպանութեան սուրբ առաքելութեան մէջ:

Այլապէս ինչպէ՛ս բացատրել տիպար հայորդի, քաջ ու ծառայասէր Զաւէն Աղազարեանի մօտիկութիւնը, կապուածութիւնը, սէրն ու յարգանքը հանդէպ դաշնակցական ակումբին: Այն ակումբին, որուն Արագածի շրջանին «Դրօ» կոմիտէութեան երդիկին տակ հայրիկի պարտականութիւն է ստանձներ երկար ժամանակ:

Այո՛, ընտանեկան բոյն կազմած Զաւէնին համար, ակումբը հանդիսացած է իր երկրորդ տուն, ուր, գրեթէ ամէնօրեայ ներկայութեամբ եւ մատակարարի պատասխանատուութեամբ կապի մէջ էր պատանիին , երիտասարդին, չափահասին ու տարեցին հետ:

Ճիշդ է, որ Զաւէն երդուեալ կուսակցական մը չէր, սակայն իր քաջութեան աղբիւրը վստահաբար դաշնակցական պատմութիւնն էր իր անցեալով եւ ներկայով: Փաստօրէն, ան ականատես էր շրջանի հայ երիտասարդներուն երբեմն ծագող պոռթկումներուն, ընդվզումներուն եւ ինքնապաշտպան կեցուածքներուն, որոնց մէջ նաեւ իր կարգին դերակատար եղած էր մեր ակումբի հայրիկը` ազնիւ ու բարի հոգի ունեցող Զաւէնը:

Կը պատմուի նաեւ, թէ Զաւէնի քաջութիւնն ու համարձակութիւնը իսկապէս որ եզակի էին: Չէ պատահած, որ ինք ներկայ չըլլայ  պատահած, հարցի թէ միջադէպի մը, եւ յանդուգն դերակատարութիւն չունենայ տուեալ պահուն: Ան միշտ ու բոլոր պարագաներուն թեւ եւ թիկունք եղած է շրջանի տղոց:

Իրեն մօտիկներ հաստատապէս շեշտը կը դնեն Զաւէնի ազգային շունչին եւ արժանապատուութեան գիտակցութեան վրայ: Համեստ այս մեր տղուն ներաշխարհին մէջ վաղուց արմատացած է այն խոր ըմբռնումը, թէ հայու արժանապատուութիւնը միշտ բարձր պէտք է պահել:

Ընկեր մը յուզիչ կերպով կը պատմէ, թէ տարիներ առաջ` Հալէպ գտնուած ատեն, Զաւէն ընտանիքին հետ փողոցէ մը անցած ժամանակ` ականատես կ՛ըլլայ միջադէպի մը, ուր երկու տեղացիներ ուժգին կը հարուածեն հայորդի մը: Ան առանց վարանումի կը յարձակի խուլիկաններու վրայ եւ հայ երիտասարդը կ՛ազատէ անոնց ճիրաններէն: Եւ դառնալով իր շուրջը գտնուող հայերու երես ի վեր կը գոռայ. «Ամօ՛թ ձեզի, միթէ վայե՞լ է անպաշտպան թողուլ հայու զաւակ մը, վախկոտ եւ աւազակ տեղացիներու քմայքին»:

Նոյն այս հասկացողութենէն թելադրուած, այս անգամ կէս գիշերին, Զաւէն երբ կը լսէր, թէ շրջանի տղաքը բախումի մէջ են խուլիկաններու հետ, կրկին առանց վարանումի, եւ անտեսելով իր սրտանօթային հիւանդ վիճակն անգամ, կը նետուի փողոց, օգնութեան ձեռք երկարելու ընկերներուն: Եւ բախումի թէժ վայրկեաններուն, ստանալով հարուածներ, կը հասնի Սիսի «Ազիրեան» ակումբին դրան դիմաց եւ կ՛իյնայ գետին: Զաւէնը փրկելու փորձերը չեն յաջողիր: Ան հոգին կ՛աւանդէ հպարտութեամբ եւ քաջութեամբ լիացած:

Ըսինք եզակի ու համեստ տիպար էր Զաւէն, այն առումով, որ ան շարքին է այն հայորդիներուն, որոնք հակառակ իրենց ընտանեկան ծանր ու դժուարին պարտաւորութիւններու, յանձն կ՛առնեն թողնել ամէն հանգիստ եւ նուազագոյն չափով  օգտակարութիւն ունենալ իրենց շրջապատին:

Սիրելի՛ Զաւէն, լիբանանահայութիւնը իր արժանաւորներու տարեգրութեան մէջ արձանագրած է բազում նահատակներու եւ զոհերու անուններ, որոնք ինկան իրենց ժողովուրդի պաշտպանութեան եւ բարօրութեան համար, եւ արժանաւորապէս վաստկեցան խոնարհ հերոսի կոչումը:

Դուն ալ քու կարգիդ գիտակցաբար արժանացար այս վսեմ եւ հայավայել անուանումին, եւ մանաւանդ` նորահաս սերունդին մօտ դարձար դաշնակցական ակումբի պահապանն ու համակիր ընկերը:

Վարձքդ կատար, արժանապատիւ թաղեցի եւ ազնիւ բարեկամ:

Խունկ ու մոմ անթառամ յիշատակիդ:

 

 

Նախորդը

«Քնար» Պարախումբը «Կամուրջներ»-ով Կը Ներկայանայ Լիբանանահայ Հանդիսատեսին

Յաջորդը

Մայիս Մէկ. Աշխատաւորական Շարժումէն Ի՞նչ Մնացած Է

RelatedPosts

Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան Յոբելեանին Առթիւ
Անդրադարձ

Համազգայինի 95-Ամեակ. Մարտահրաւէրներ

Մարտ 23, 2023
Շրջափակման Պատճառով Արցախի Տնտեսութեան Հասած Է 190 Միլիոն Տոլարի Վնաս, 9800 Անձեր Անգործ Մնացած Են
Անդրադարձ

Շրջափակման Պատճառով Արցախի Տնտեսութեան Հասած Է 190 Միլիոն Տոլարի Վնաս, 9800 Անձեր Անգործ Մնացած Են

Մարտ 23, 2023
«Ապառաժ»-ի Խմբագրական.  Արցախը Առանցք Դարձնելը` Անշրջելի Հրամայական
Անդրադարձ

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Արցախը Առանցք Դարձնելը` Անշրջելի Հրամայական

Մարտ 23, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In