Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական Հայրենիք-ի. Թօթափեցի՛նք Հարիւր Տարուան Միայնութիւնը…

May 1, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-01-15_p13Հանրահռչակ քոլոմպիացի գրագէտ Կապրիէլ Կարսիա Մարքեսի «Հարիւր տարուան միայնութիւն» գիրքէն ներշնչուած է վերոյիշեալ հաստատումը:

Այլաբանութի՞ւն, զուգադիպութի՞ւն, թէ՞ պարզապէս յիշողութիւն:

Ի վերջոյ մարդկային իրաւունքներուն համար պայքարած, էջեր մրոտած հեղինակաւոր անձնաւորութիւն մըն էր Կարսիա Մարքես, որուն մահուան տարելիցն ալ դեռ վերջերս, հարիւրամեակի սեմին` ապրիլ 17-ին նշուեցաւ:

Այո՛… Թօթափեցինք հարիւր տարուան մոռացութեան, միայնութեան եւ ժխտողականութեան բարդոյթն ու արհաւիրքը:

Տարբեր տեսակի ճակատամարտ մը մղուեցաւ հարիւր տարի ետք… 24 ապրիլ, 2015-ին: Քաղաքական բնոյթ ունեցող ճակատամարտ մըն էր մղուածը, եւ այդ ալ երկու տարբեր ճակատներու վրայ` Ծիծեռնակաբերդի եւ Կալիփոլիի մէջ:

Այդպէս որոշած էր Անգարան, եւ այդ գծով ալ թրքական լոպին գործի լծուած էր «ծածկելու» եւ շուքի մէջ պահելու Ծիծեռնակաբերդի արդարութեան ձայնը:

Եթէ բաղդատութիւն մը կատարենք այդ միեւնոյն օրուան կատարուած ձեռնարկներուն, յստակօրէն կարելի է նկատել, թէ քաղաքական գետնի վրայ ո՛ր կողմն էր յաղթականը: Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի ջղագրգիռ վիճակն ու այլանդակ եւ մտահոգութիւն սփռող դէմքը այդ օր ցոյց տուաւ, թէ Կալիփոլիի ճակատամարտը հարիւր տարի առաջ կերտած էր արդի օրերու Թուրքիան, իսկ այսօր… հարիւր տարի ետք այդ յաղթանակի նշումը հարցադրումներու դուռ բացած էր Թուրքիոյ ներկայ կացութեան մասին` թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին բնագաւառներէն ներս:

Քանի մը տասնեակ նախագահներ ներկայ էին Կալիփոլիի հաւաքին: Անոնք մեծամասնութեամբ Երրորդ Աշխարհի երկիրներու ղեկավարներն էին, որոնց հրաւէր ընդառաջելը կամ «դասաւորել»-ը շատ աւելի դիւրին է, քան` այլ «մեծ» պետութիւններու ղեկավարներ համոզելը, մանաւանդ որ ներկայացած բազմաթիւ ղեկավարներ կը նկատուին միակուսակցական, ծաւալողապաշտ եւ սակաւապետական զեղծարարութիւններով ճանչցուած պետութիւններ: Հետեւաբար, Մեծն Բրիտանիոյ Չարլզ իշխանին ներկայութիւնը միակ գոյութիւն ունեցող «ծանրութիւն»-ն էր` համեմատած անոր կողքին գտնուող Ճիպութիի, Նիկերի կամ Մալիի նախագահներուն: Ասոր կողքին, սպասելի էր Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի բարձր մակարդակով մասնակցութիւնը, պարզապէս այն պատճառով, որ այս երկիրներէն ժամանած, Դաշինքին մաս կազմող զինուորներ եղած էին զոհուածներուն մեծամասնութիւնը:

Համեմատած Կալիփոլիի գեղեցկութիւնը վայելած այս տասնեակ մը զբօսաշրջիկ նախագահներուն Ծիծեռնակաբերդ ժամանած էին ընդամէնը չորս նախագահներ` Ֆրանսուա Հոլանտ (Ֆրանսա), Վլատիմիր Փութին (Ռուսիա), Թոմիսլաւ Նիքոլիչ (Սերպիա) եւ  Նիքոս Անասթասիատիս (Կիպրոս), սակայն «ծանրութեան» իմաստով յստակ էր, թէ նժարը ո՞ր ուղղութեամբ կը թեքէր:

Հոլանտի եւ Փութինի ներկայութիւնը կը փաստէր,  թէ, երկու տարբեր բեւեռներ ներկայ էին յարգելու մէկուկէս միլիոն անմեղներու յիշատակը` ա`շխարհի պատմութեան անդրանիկ Ցեղասպանութեան` ՀԱՅԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ յիշատակը:

Առ այդ, Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի խօսքը`«Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը նուիրուած է խաղաղութեան` Հայաստանի, շրջանի, ամբողջ աշխարհի համար: Հարիւրամեակը կոչ է խաղաղութեան, հաշտեցման…»: Կ՛արտացոլացնէ օրուան ոգեկոչումը:

Այսպէս, թօթափեցի՛նք հարիւր տարուան միայնութիւնը… Եւ դեռ շատ բան կայ իրագործելիք պահանջատիրութեան եւ հատուցման ճամբուն վրայ:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (1 Մայիս 1965)

Յաջորդը

Շատախցի Ազատ

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.