Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան Դարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Լաւագոյն Հրապարակախօսը

Ապրիլ 30, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Վերջին տարիներուն, երբ աշխարհասփիւռ հայերը սկսան ծրագրել Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչումը, անոնք երկու հիմնական մտահոգութիւն ունէին` ինչպիսի՞ միջոցառումներ ձեռնարկել, որոնք առաւելագոյնս պատշաճ ըլլան այս մեծաշուք առիթին, եւ ինչպէ՞ս թաքցնել իրենց ծրագիրները թրքական կառավարութենէն, որպէսզի ան չկարենայ խափանել կամ ձախողեցնել զանոնք:

Մենք չէինք գիտեր, որ թուրք ղեկավարները ի վերջոյ ակամայ պիտի դառնան մեր լաւագոյն «դաշնակիցները», եւ հարիւրամեակի ծրագիրները ձախողեցնելու փոխարէն` այնպիսի անհեթեթ յայտարարութիւններ պիտի ընեն, որ ամբողջ աշխարհի մէջ քարոզչութիւնը պիտի կատարեն Հայոց ցեղասպանութեան` գերազանցելով մեր բոլոր ակնկալիքները:

Հոլիվուտեան ոեւէ բեմագիր չէր կրնար աւելի լաւ գործ ընել, քան Էրտողանը` որպէս վարչապետ, իսկ այնուհետեւ նախագահ` ապահովելով աշխարհի մէջ ամենամեծ հնարաւոր լսարանը 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման համար:

Հարիւրամեակի տարեսկիզբէն շատ առաջ Էրտողան պարարտ հող պատրաստեց իր տարօրինակ յայտարարութիւններով` փճացնելով իր եւ իր երկրին հեղինակութիւնը. ան յայտարարեց, որ մահմետականները յայտնաբերած են Ամերիկան Քոլոմպոսէն առաջ. որ` մահմետականներու համար անհնար էր ցեղասպանութիւն գործելը. եւ ըսաւ հեռուստահաղորդավար Չարլի Ռոզին, թէ քանի որ Պոլսոյ մէջ դեռ հայեր կան, ապա հնարաւոր չէր, որ ցեղասպանութիւն եղած ըլլար:

Այնուհետեւ Էրտողան փակեց «Եութուպ»-ն ու «Թուիթըր»-ը, քանի որ անոնց բովանդակութենէն որոշ բաներէ չէր ախորժեր. ձերբակալեց պատանի ուսանող մը` շարադրութիւն գրելուն համար, որ չէր արժանացած ժամանակակից սուլթանի հաւանութեան. բանտարկեց լրագրողներ եւ ծաղրանկարիչներ` իր քաղաքականութիւնը քննադատելու համար. հետապնդեց մահմետականներու կրօնական առաջնորդ Ֆեթուլլահ Կիւլենի հետեւորդները եւ բարձրաստիճան զինուորականներ` նորին մեծութեան դէմ անոնց կազմակերպած դաւադրութեան պատրուակով. հրամայեց կրակել խաղաղ ցուցարարներու վրայ Պոլսոյ Կեզի զբօսայգիին մէջ եւ գաղտնալսուած հեռախօսազրոյցին մէջ յանձնարարեց որդիին` ինչպէ՛ս թաքցնել տասնեակ միլիոնաւոր կանխիկ տոլարները…

Էրտողան իր կոշտ յայտարարութիւններով եւ կոպիտ պոռթկումներով կրցաւ թշնամացնել բազմաթիւ երկիրներու ղեկավարներ, որոնց հետ կը գործակցէր, ներառեալ` Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա, Գերմանիա, Իրան, Իրաք, Եգիպտոս, Յունաստան, Ռուսիա եւ Սուրիա: Ըստ էութեան, ան իր «զերօ խնդիրներ հարեւաններու հետ» արտաքին քաղաքականութիւնը վերածեց` «զերօ հարեւաններ` առանց խնդիրներու»…

Այս տարեսկիզբին, Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ, Էրտողան հասաւ իր գործունէութեան գագաթնակէտին: Ան «փայլուն» միտք մը յղացաւ` Կալիփոլիի տօնակատարութեան օրը տեղափոխելով ապրիլ 24-ին եւ աւելի քան 100 երկիրներու ղեկավարներ հրաւիրելով Թուրքիա` համայն աշխարհի ուշադրութիւնը շեղելու համար այդ նոյն օրը Երեւանի մէջ կայանալիք Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման արարողութիւններէն: Թուրքիոյ նախագահը փորձեց վերաշարադրել պատմութիւնը` մեղադրելով Հայաստանը Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ամսաթիւը ապրիլ 24-ին փոխելուն համար…

Նման մանկամիտ խորամանկութիւնները չէին կրնար վրիպիլ միջազգային հանրութեան ուշադրութենէն: Էրտողանի կեղտոտ հնարքները բացայայտող բազում յօդուածներ գրուեցան: Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման արարողութիւնները ձախողեցնելու փոխարէն` թուրք ղեկավարները յաջողեցան կատարել քարոզչութիւնը Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին` նախքան հայերուն որեւէ ձեռնարկ կազմակերպելը…

Իսկ յետոյ եկաւ Հռոմի Ֆրանչեսկոս պապի ապրիլ 12-ի յիշարժան քարոզը` մեղադրելով Թուրքիան  հայ ժողովուրդին դէմ «20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը» գործելուն համար… Ի պատասխան` Էրտողան ետ կանչեց Թուրքիոյ դեսպանը Վատիկանէն, իսկ յետոյ սովորաբար իր սառն դատող վարչապետ Տաւութօղլուի եւ թուրք պետական պաշտօնեաներու ամբողջ անձնակազմին հետ միասին սկսաւ վիրաւորել Հռոմի պապը, Կաթոլիկ եկեղեցին եւ նոյնիսկ` պապի ծննդավայր Արժանթինը… Այսպիսով, քանի մը օրուան ընթացքին Թուրքիոյ ղեկավարները կրցան իրենց դէմ հանել աւելի քան մէկ միլիառ կաթոլիկներ ամբողջ աշխարհի մէջ:

Էրտողան զգուշացուց Հռոմի պապը, որ լրացուցիչ գործողութիւններու պիտի ձեռնարկէ ընդդէմ Կաթոլիկ եկեղեցիին` նկատի ունենալով, որ կրնայ Պոլսոյ հին յունական Սուրբ Սոֆիա տաճարը վերածել մզկիթի: Եթէ ան երթայ նման ծայրայեղ քայլի, ապա Թուրքիոյ դէմ պիտի հանէ մնացած քրիստոնեայ աշխարհը:

Հռոմի պապին պատմական քարոզէն քանի մը օր ետք Եւրոխորհրդարանը դարձեալ բանաձեւ ընդունեց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ: Այդ ընթացքին Էրտողան կը շարունակէր իր հակաեւրոպական եւ հակաքրիստոնէական խիստ քննադատութիւնը` մեղադրելով եւրոպացիները հակաթրքական եւ հակաիսլամական կեցուածքի համար: Բնականաբար եւրոպացիներուն մօտ հարց յառաջացաւ, թէ ինչպէ՛ս կրնայ նման խելագար ղեկավարը երբեւէ միանալ եւրոպական ընտանիքին…

Հազարաւոր թերթեր, հեռուստաընկերութիւններ եւ կայքէջեր կը հաղորդէին թուրք ղեկավարներուն կատաղի արձագանգին մասին եւ կը քննադատէին անոնց կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը: Աշխարհի ուշադրութիւնը սեւեռած էր հայերուն վրայ` Քարտաշեաններուն Հայաստան կատարած այցին, Հռոմի պապի ուշագրաւ քարոզին եւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ Եւրոխորհրդարանի բանաձեւին լայնօրէն լուսաբանման շնորհիւ: Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախօրէին հայերը չէին կրնար հասնիլ նման լայն  հրապարակայնութեան, եթէ նոյնիսկ մէկ միլիառ տոլար ծախսէին եւ 100 ծանուցման ընկերութիւն վարձէին…

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը

 

Նախորդը

Ակնարկ. Քաղաքական Երկու Կարեւոր Քայլ

Յաջորդը

Գաղութէ Գաղութ

RelatedPosts

Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
Ծառը
Անդրադարձ

Յուշդ… Երբեք Չի՛ Մահանար…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?