Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիրօ Մանոյեան. «Եթէ Գերմանացիները Զղջացած Ըլլային, Հոլովոյթը Պարզապէս Կը Կասեցնէին»

Ապրիլ 29, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-28-15_GiroՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան «Երկիր»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին, անդրադառնալով Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարան ներկայացնելիք հայցին եւ Հայաստանի նախագահին յայտարարութեան, թէ մենք Թուրքիայէն հողային պահանջներ չունինք, ըսած է. «Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանը այս պարագային տարածքային պահանջ չէ ներկայացուցած եւ չի ալ կրնար ներկայացնել: Պահանջը միայն մէկ փաստաթուղթի մասին է: Սեփականութեան վկայագիր կը պահանջեն: Սերժ Սարգսեան ըսած է, որ մինչեւ հիմա չենք ներկայացուցած հողային պահանջներ, եւ ներկայիս քաղաքական օրակարգին մէջ չկայ այդպիսի պահանջ: Ըսածին  էութիւնը ասիկա է»:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը, անդրադառնալով Գերմանիոյ խորհրդարանի (պունտեսթակի)` Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւի քուէարկութեան յետաձգման, նշած է, որ յետաձգումը զուտ հոլովոյթ է: Այն դիտարկման, թէ գերմանական կողմը  գուցէ զղջացած է, եւ այդ է պատճառը, որ բանաձեւի քուէարկութիւնը յետաձգուած է, Մանոյեան պատասխանած է. «Եթէ զղջացած ըլլային, հոլովոյթը պարզապէս կը կասեցնէին»:

Հակառակ անոր որ Գերմանիոյ նախագահը Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախօրեակին իր ելոյթին մէջ օգտագործեց «ցեղասպանութիւն» եզրը, սակայն տակաւին յստակ չէ, թէ այդ երկրին խորհրդարանը ե՛րբ կ՛ընդունի Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւը:

«24 ապրիլին խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցան միայն լսումներ եւ քննարկումներ Հայոց ցեղասպանութեան նիւթով: Նիստը պաշտօնապէս կը կոչուէր «Քննարկումներ հայերու տեղահանութեան եւ բնաջնջման վերաբերեալ»: Այն տեղեկութիւնները, թէ Գերմանիոյ խորհրդարանը 24 ապրիլին ճնշող մեծամասնութեամբ հաւանութիւն տուաւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին բանաձեւին, թիւրիմացութիւն է: Այլ հարց է, որ պատգամաւորները իրենց ելոյթներուն մէջ 1915 թուականի դէպքերը անուանեցին ցեղասպանութիւն», ըսաւ Պերլինի մէջ հայ լրագրող Տիգրան Պետրոսեան` աւելցնելով, որ նախագիծերը քննարկումէն ետք տակաւին պէտք է ուղարկուին արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբ, քննարկուին նաեւ մարդու իրաւունքներու եւ Եւրոպայի հարցերով յանձնախումբերուն մէջ: Յստակ ժամկէտ չէ նշուած, թէ ե՛րբ կրնայ ընդունուիլ վերջնական բանաձեւը:

Գերմանիոյ համար, որ 1915-ին Թուրքիոյ դաշնակիցն էր եւ այսօր ալ Թուրքիոյ համար կարեւոր առեւտրական գործընկեր է Եւրոպական Միութեան մէջ, ուր կ՛ապրի թրքական մեծ համայնք, նման դիրքորոշում յայտնելը թէեւ այդքան ալ դիւրին չէ` հաշուի առնելով թրքական կողմի ճնշումները, սակայն ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան վստահ է, որ բանաձեւը պիտի ընդունուի:

«Քննարկումներուն ընթացքին բոլոր կուսակցութիւններն ալ նշած են, որ պէտք է ցեղասպանութիւն որակումը տալ: Գերմանիա տակաւին 2005-ին ընդունած բանաձեւին մէջ ցեղասպանութիւն որակումը վերագրած էր մասնագէտներուն` այդպիսով խուսափելով ցեղասպանութեան որակումը իրենց կողմէ տալէն: Սակայն տակաւին այն ժամանակ ընդունուած էր, որ նաեւ իրենք ունին պատասխանատուութեան բաժին, ու կը կարծեմ, որ այս նոր բանաձեւը պիտի ըլլայ աւելի յստակ ու ճիշդ», «ԱրմենիաՆաուին» կ՛ըսէ Մանոյեան:

Ըստ Մանոյեանի, թէեւ տեղւոյն հայ համայնքի տասնամեակներու աշխատանքը իր դրական ազդեցութիւնը ունեցաւ, սակայն Գերմանիոյ նման կեցուածքը այնտեղ տիրող ընդհանուր մթնոլորտին դրսեւորումն է, ինչ որ մէկ հոգիի աշխատանքի արդիւնք չէ:

«Գերմանիոյ բողոքական եկեղեցւոյ կեցուածքը, Գերմանիոյ տեղւոյն հայ համայնքին կեցուածքը` բոլորն ալ ի նպաստ էին, որ Գերմանիա ճիշդ որակումը տայ եւ չխուսափի: Նոյնիսկ երկու կուսակցութիւններէն բաղկացած իշխող համաձայնական դաշինքին մէջ շատերը կ՛ըսէին, որ խայտառակութիւն պիտի ըլլայ, եթէ մենք որեւէ պատճառով խուսափինք դէպքերը իրենց անուններով կոչելէն: Ասիկա ընդհանուր երեւոյթ էր` վայել Գերմանիոյ, ի վերջոյ, Գերմանիան ընդունած է իր մեղքն ու վերցուցած է պատասխանատուութիւնը հրեաներու Ողջակիզման համար, եւ Գերմանիայէն այլ կեցուածք ակնկալել ճիշդ չէր ըլլար», կ՛ըսէ Մանոյեան:

Նախորդը

Պուլկարիոյ Դեսպանը Կանչուած Է Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն` Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Որոշումին Պատճառով

Յաջորդը

Սերժ Սարգսեան. «Թուրքիայէն Կը Պահանջենք Ճանաչում»

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը
Հայկական

Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»
Հայկական

Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?