Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեւանէն Ծիծեռնակաբերդ` Հազարաւորներու Խորհրդաւոր Ջահերթ

April 25, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-24-15_chahert3Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ջահերով աւանդական երթը, որ ամէն տարի կ՛իրականանար 23 ապրիլին, այս տարի` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, տեղի ունեցաւ ապրիլ 24-ին:  Դէպի Ծիծեռնակաբերդ երթը ընթացք առաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հրապարակէն: Երթին մասնակցեցան բազմահազար երիտասարդներ, տարբեր կուսակցութիւններու, հասարակական կազմակերպութիւններու, ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչներ:

Երթէն առաջ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար` Կիրօ Մանոյեան, երիտասարդներուն կոչ ուղղեց` չդադրեցնելու պայքարը: «Այսօր աշխարհին ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Հայաստանի վրայ, մասնաւորապէս ձեր` երիտասարդներուն: Մենք ոչ ոք թշնամի կը նկատենք, բայց նաեւ թոյլ չենք տար որեւէ պետութեան, որ մեր իրաւունքներուն հաշուոյն յառաջդիմէ: Թուրքիան ընդունելու է իր պատասխանատուութիւնը, եւ մենք վերականգնելու ենք մեր իրաւունքները: Պէտք է պարզապէս շարունակել պայքարը` յանուն աւելի լաւ Հայաստանի», ըսաւ Մանոյեան եւ վառելով առաջին ջահը` փոխանցեց երիտասարդներուն:

Մասնակիցները մէկ վայրկեան լռութենէն ետք որպէս բողոքի նշան այրեցին Թուրքիոյ պետական դրօշակը` իրենց զայրոյթը յայտնելով այդ երկրի ժխտողական քաղաքականութեան հանդէպ: Անոնք իրենց միասնութիւնն ու իրաւունքներուն տէր ըլլալու վճռական կամքը արտայայտեցին` պահանջելով, որ Թուրքիան եւ միջազգային հանրութիւնը 1915 թուականին Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները ճանչնան որպէս Հայոց ցեղասպանութիւն:

Լուսաշող եւ ապագայի յոյսով լեցուն ջահերով երիտասարդները ուղղուեցան դէպի Ծիծեռնակաբերդ:

Մասնակիցները Ծիծեռնակաբերդի անմար կրակին շուրջ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին Ցեղասպանութեան անմեղ Ս. զոհերու յիշատակին: Անոնք միասնաբար աղօթեցին, ապա կրակին շուրջ խոնարհեցին Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիրներուն դրօշակները:

Այս տարի 16-րդ անգամն է, որ Երեւանի մէջ ջահերով երթ տեղի կ՛ունենայ:

 

Նախորդը

Պասիլ Բարձր Գնահատեց Հետագայ Ցեղասպանութիւնները Կանխելու Գործին Մէջ Հայաստանի Ջանքերը

Յաջորդը

Արցախի Մէջ Յարգանքի Տուրք Մատուցեցին Ցեղասպանութեան Անմեղ Զոհերու Յիշատակին

RelatedPosts

«Հայաստանի` ՀԱՊԿ- էն Դուրս Գալու Հարցը  Կրնայ Քննարկուիլ 11 Նոյեմբերին»  Կ՛ըսէ ՀԱՊԿ- ի Ընդհանուր Քարտուղարը
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստանի` ՀԱՊԿ- էն Դուրս Գալու Հարցը Կրնայ Քննարկուիլ 11 Նոյեմբերին» Կ՛ըսէ ՀԱՊԿ- ի Ընդհանուր Քարտուղարը

October 24, 2026
Հայաստանն Ու Միացեալ Նահանգները  Քննարկած Են Նոր Հիւլէական Կայանի Կառուցման  Եւ Այդ Գործընթացին Մէջ Ամերիկեան  Ընկերութիւններու Հետ Համագործակցութեան Հարցերը
Հայկական

Հայաստանն Ու Միացեալ Նահանգները Քննարկած Են Նոր Հիւլէական Կայանի Կառուցման Եւ Այդ Գործընթացին Մէջ Ամերիկեան Ընկերութիւններու Հետ Համագործակցութեան Հարցերը

October 24, 2026
Ճայշանքար. «Հնդկաստանը Գոհ Է Ազրպէյճանի  Եւ Հայաստանի Միջեւ  Ձեռք Բերուած Յառաջընթացին Համար»
Հայկական

Ճայշանքար. «Հնդկաստանը Գոհ Է Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Ձեռք Բերուած Յառաջընթացին Համար»

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.