Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ Բարձր Գնահատեց Հետագայ Ցեղասպանութիւնները Կանխելու Գործին Մէջ Հայաստանի Ջանքերը

Ապրիլ 25, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-24-15_basil_hovig_aprahamianՎարչապետ Յովիկ Աբրահամեան երէկ ընդունեց Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու նախարար Ժըպրան Պասիլը, որ կը գլխաւորէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման ձեռնարկներուն մասնակցող Լիբանանի պատուիրակութիւնը: Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն նաեւ Լիբանանի ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթուր Նազարեան,  կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ:

Ողջունելով հիւրերը` վարչապետ Աբրահամեան կարեւոր նկատեց Լիբանանի կառավարական պատուիրակութեան մասնակցութիւնը Ցեղասպանութեան ձեռնարկներուն, ինչ որ կը վկայէ երկու ժողովուրդներու դարաւոր ու ամուր բարեկամութեան մասին: Վարչապետը բարձր գնահատեց Լիբանանի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման փաստը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանահայերու նկատմամբ երկրին իշխանութիւններուն ջերմ վերաբերմունքին համար:

Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար եւ Հայաստանի վարչապետին փոխանցեց Լիբանանի վարչապետին ողջոյնները: Ժըպրան Պասիլ նշեց, որ իր երկրին համար պատիւ է մասնակցիլ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներուն` բարեկամ հայ ժողովուրդին զօրակցելու եւ անմեղ զոհերու յիշատակը ոգեկոչելու նպատակով: Նախարար Պասիլ բարձր գնահատեց Հայաստանի ջանքերը հետագայ ցեղասպանութիւնները կանխելու գործին մէջ եւ ընդգծեց, որ այդ պայքարին մէջ Լիբանան միշտ Հայաստանի կողքին է, որպէսզի այսպիսի սարսափելի ոճիրներ այլեւս երբեք չկրկնուին: Պասիլ նշեց, որ այսօր իրենք Հայաստան կը գտնուին իբրեւ լիբանանեան կառավարութիւն ոչ միայն աջակցութիւն յայտնելու ջարդուած ժողովուրդի մը, այլեւ աջակցելու իրենք իրենց: Ըստ անոր, նոյնը պատահեցաւ Լիբանանի հետ, երբ ան ենթարկուեցաւ ցեղասպանութեան, եւ այսօր ցեղասպանութիւնները, ջարդերը, ահաբեկչական գործողութիւնները կը շարունակուին, որովհետեւ 100 տարի առաջ լռութիւնը տիրեց: Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու նախարարը աւելցուց, որ ոճիրը չդատապարտելը կը յառաջացնէ նոր ոճիրներ, եւ ոչ միայն հայ ժողովուրդին կամ լիբանանցի ժողովուրդին հանդէպ, այլ բոլոր ժողովուրդներուն հանդէպ: Պասիլ նշեց, որ աշխարհը կը հաւատայ, թէ միջազգային արդարութիւնը կը դիտէ միայն մարդկութեան դէմ կատարուող ցեղասպանութիւնները, եւ միջազգային դատարաններն ու միջազգային արդարութիւնը չեն կատարեր իրենց դերը: Ան աւելցուց, որ կարծելով, թէ կարելի է մնալ առանց այս դատարանները աշխուժացնելու, կը նշանակէ տեղի տալ յաւելեալ ոճիրներու: «Հայաստան մեր այցելութիւնը եւ հայ ժողովուրդին նկատմամբ մեր ցուցաբերած աջակցութիւնը համազօր է մեր ինքնապաշտպանութեան, այլազանութեան, շրջանին եւ իւրաքանչիւր մարդու խղճի ազատութեան», ընդգծեց Պասիլ:

Պասիլ առանձնայատուկ կերպով ընդգծեց լիբանանահայ համայնքի աշխուժ դերակատարութիւնը երկրին քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային կեանքին մէջ: Իր կարգին Լիբանանի կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ տեղեկացուց, որ Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով 24 ապրիլը լիբանանեան կրթօճախներուն մէջ ոչ աշխատանքային օր յայտարարուած է:

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկեցին երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները: Բարձր գնահատելով Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ քաղաքական երկխօսութեան մակարդակը` կողմերը կարեւոր նկատեցին նաեւ առեւտրական-տնտեսական մարզին մէջ առկայ ներուժի լիարժէք օգտագործումը եւ այդ ուղղութեամբ գործնական քայլերու ձեռնարկումը: Արծարծուեցան մասնաւորապէս տնտեսական կապերու աշխուժացման եւ առեւտրաշրջանառութեան ծաւալի աճին միտուած ծրագիրներու իրականացման վերաբերող հարցեր: Այս առումով կարեւոր նկատուեցաւ հայ-լիբանանեան միջկառավարական միացեալ յանձնախումբի գործունէութեան աշխուժացումը:

Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան Լիբանանի վարչապետ Թամմամ Սալամի փոխանցեց իր ողջոյնները եւ Հայաստան այցելելու հրաւէրը` նշելով, որ իր այցելութիւնը կարելիութիւն պիտի տայ քննարկել երկկողմ տնտեսական համագործակցութեան խթանման եւ ընդլայնման ուղիները: Իր կարգին, Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարը Հայաստանի վարչապետին փոխանցեց Լիբանանի վարչապետին` Լիբանան այցելելու հրաւէրը:

 

 

Նախորդը

«Այդ Ողբերգութեան Ճանաչումը Կարեւոր Է Ատելութիւնը Եւ Այլատեացութիւնը Արմատախիլ Ընելու Համար» Ըսաւ Ռումանիոյ Նախագահը

Յաջորդը

Երեւանէն Ծիծեռնակաբերդ` Հազարաւորներու Խորհրդաւոր Ջահերթ

RelatedPosts

Ֆրենժիէ Մեկնեցաւ Ֆրանսա, Իսկ Պետական Պաշտօնեաները 60 Հազար Լ. Ոսկիի Հիման Վրայ Սկսան Գանձել Իրենց Աշխատավարձերը
Լիբանանեան

Ֆրենժիէ Մեկնեցաւ Ֆրանսա, Իսկ Պետական Պաշտօնեաները 60 Հազար Լ. Ոսկիի Հիման Վրայ Սկսան Գանձել Իրենց Աշխատավարձերը

Ապրիլ 1, 2023
Յ. Բագրատունի Այցելեց Պըրրիի
Գլխաւոր լուրեր

Յ. Բագրատունի Այցելեց Պըրրիի

Ապրիլ 1, 2023
Ըսթֆեն Տուէյհի Պատրիարքը Կը Գտնուի  Երանացման Ուղիին Վրայ
Լիբանանեան

Ըսթֆեն Տուէյհի Պատրիարքը Կը Գտնուի Երանացման Ուղիին Վրայ

Ապրիլ 1, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In