Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Այդ Ողբերգութեան Ճանաչումը Կարեւոր Է Ատելութիւնը Եւ Այլատեացութիւնը Արմատախիլ Ընելու Համար» Ըսաւ Ռումանիոյ Նախագահը

Ապրիլ 25, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-24-15_JohannesՌումանիոյ նախագահ Քլաուս Եոհաննիս Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով  առաջին անգամ ըլլալով ուղերձ յղելով ըսած է. «Հայ ժողովուրդի ողբերգութեան ճանաչումը կարեւոր եւ անհրաժեշտ ազդակ է ատելութիւնը, անհանդուրժողականութիւնը, ցեղապաշտութիւնը եւ այլատեացութիւնը արմատախիլ ընելու համար», ըսած է Եոհաննիս` աւելցնելով. «1915-ին ողբերգական իրադարձութիւններէն մէկ դար ետք իմ խոնարհ յարգանքս կը յայտնեմ հայ ժողովուրդի զոհերուն, որոնք անցեալ դարու սկիզբէն տասնամեակներով դիմադրած են պատմական աղէտներուն եւ դժուար փորձութիւններուն: Հարիւր հազարաւոր անմեղ հոգիներ զոհուեցան այդ սարսափելի յանցագործութեան ընթացքին, որ կը ստուերէ մարդկութիւնը եւ որ մեզի կը ստիպէ այսօր ճանաչման եւ հաշտեցման»:

Ըստ նախագահին, հայ ժողովուրդի վերապրած ողբերգութեան յիշատակումը եւ իրազեկումը պարտադիր քայլ է աշխարհի համար, որպէսզի դասեր քաղուին անցեալէն:

«100 տարի առաջ տեղի ունեցած ողբերգութեան պատմական ծաւալին ճանաչումը կարեւոր եւ անհրաժեշտ ազդակ է` ատելութիւնը, անհանդուրժողականութիւնը, ցեղապաշտութիւնը եւ այլատեացութիւնը արմատախիլ ընելու համար: Թող որ զոհերու յիշատակը յաւերժ մնայ մեր սրտերուն մէջ», կը նշէ նախագահ Եոհաննիս:

Երէկ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին վերաբերեալ յայտարարութիւն հրապարակած է նաեւ Ռումանիոյ խորհրդարանի մարդու իրաւունքներու յանձնախումբը:

«Ապրիլ 24-ին կ՛ամբողջանայ 1915-ին Թուրքիոյ արեւելեան շրջաններուն մէջ հայերու դէմ կոտորածի 100-ամեակը, որ պատճառեց 1 միլիոն 200 հազար մարդկային զոհեր: Մարդկութեան դէմ այդ յանցագործութիւնը պիտի չմոռցուի, ինչպէս կ՛ըսէ Ֆրանչիսկոս պապը, որովհետեւ անիկա «20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնն է, եւ նախորդած է նացիներու եւ Ստալինի կողմէ իրագործուած այլ ցեղասպանութիւնները», կ՛ըսուի  յայտարարութեան մէջ:

«Պատճառը, որ ամէն տարի պէտք է ոգեկոչենք այս արգահատելի արարքը, ճիշդ այն է, որ «չարիքի թաքցուիլը կամ ժխտումը վէրք է, որ կը շարունակէ արիւնահոսիլ, եթէ չես վիրակապեր», ինչպէս յայտարարեց Հռոմի պապը 12 ապրիլին:

«Թէեւ Թուրքիան մինչեւ այժմ չէ ճանչցած ցեղասպանութիւնը, սակայն թրքական կառավարութեան անդամները` Թալէաթ փաշայի գլխաւորութեամբ,  այդ ժամանակ գաղտնի կերպով գործի լծած են հայերու ոչնչացման ծրագիրը: 15 ապրիլին, Եւրոպական խորհրդարանը եւրոպական բոլոր մեծ կուսակցութիւններուն աջակցութեամբ որդեգրեց ոգեկոչման վերաբերեալ որոշումը, որ կոչ կ՛ուղղէ Թուրքիոյ` Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու միջոցով Հայաստանի հետ հաշտութեան ուղի բանալու: Առաջին անգամ Եւրոպական խորհրդարանի որոշման միջոցով 1915-1917-ին Օսմանեան կայսրութեան հայերուն դէմ տեղի ունեցած ողբերգական իրադարձութիւնները կը բնորոշուին իբրեւ ցեղասպանութիւն:

«Կը գտնենք, թէ ինչպէս որ Ռումանիոյ մէջ կը յիշատակուի Համաշխարհային Բ. պատերազմի ընթացքին հրեաներու եւ գնչուներու ողջակիզումը, եկած է ժամանակը Ռումանիոյ մէջ նշելու նաեւ հայերու ցեղասպանութիւնը, ներառեալ` օրէնսդրական նախաձեռնութեան ձեւով Ապրիլ 24-ը «Մարդկութեան դէմ ցեղասպանութեան յիշողութեան օր յայտարարելու միջոցով», կ՛առաջարկէ յանձնախումբը:

 

 

Նախորդը

«Զանգուածային Սպանութիւնները Չեն Կրնար Արդարացուած Ըլլալ» Ըսաւ Փութին

Յաջորդը

Պասիլ Բարձր Գնահատեց Հետագայ Ցեղասպանութիւնները Կանխելու Գործին Մէջ Հայաստանի Ջանքերը

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Ռուսիա Պատրաստ Է Իր Ներդրումը Ունենալու Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցին Մէջ»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?