Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՄԵՏՎԵՏԵՒ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ ՍԱՐԳՍԵԱՆՆ ՈՒ ԱԼԻԵՒԸ, ՍԱԿԱՅՆ ԱՒԵԼԻ ՇԱՏ` ԱԶՐՊԷՅՃԱՆՑԻ ՂԵԿԱՎԱՐԸ» ԿԸ ԳՐԷ «ԶԵՐՔԱԼՕ»

August 8, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Տմիթրի Մետվետեւ

Ազրպէյճանական «Զերքալօ» օրաթերթը` մեկնաբանելով Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի ռուսական եւ վրացական լրատուամիջոցներուն տուած հարցազրոյցին ընթացքին ղարաբաղեան տագնապի լուծման  մասին արտասանած խօսքերը, կը գրէ, որ Ռուսիոյ նախագահը կը զգուշացնէ Սերժ Սարգսեանն ու Իլհամ Ալիեւը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պատերազմական գործողութիւններու վերսկսման առնչութեամբ: «Սակայն կ՛երեւի` Մետվետեւ այդ հարցին մէջ աւելի շատ կը զգուշացնէ ազրպէյճանցի ղեկավարը», կը նշէ «Զերքալօ»:

Ռուսիոյ նախագահը վերոնշեալ հարցազրոյցին մէջ ըսած էր, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները օգոստոս 2008-ի ռուս-վրացական պատերազմէն դասեր քաղած էին:

«Հարցազրոյցի ընթացքին Ռուսիոյ նախագահը յիշեցնելով Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի ռուս-վրացական հնգօրեայ պատերազմին առնչութեամբ իրեն ըսուած խօսքերը` առանց որեւէ հեգնանքի աւելցուց. «Եթէ քիչ մը խելք ունենար մեր վրացի գործընկերը, կարելի է, որ մենք նոյն ձեւով հանդիպումներ կատարէինք Սոչիի, Քազանի կամ որեւէ այլ վայրի մէջ եւ մտածէինք խնդիրը ինչպէս լուծելու մասին»: Ըստ Մետվետեւի, ատիկա պիտի ըլլար անյայտ հեռանկարներով քաղաքական հոլովոյթ», կը գրէ ազրպէյճանական օրաթերթը` ընդգծելով, որ պատահական չէր, որ Մետվետեւ յիշեցուց Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի ռուս-վրացական պատերազմի արձագանգին մասին:

«Մետվետեւ կարծես կը զգուշացնէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահները պատերազմական գործողութիւններու վերսկսման անթոյլատրելիութեան մասին, յատկապէս ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ իր անձնական առաքելութեան ձախողութեան ենթահողին վրայ: Մետվետեւ հիանալի կերպով կը գիտակցի, որ ոչ ոք պատմութեան դասերէն երկարաժամկէտ հեռանկարի մէջ եզրակացութիւններ կ՛ընէ: Առաւել եւս, որ կողմերը, գոնէ ազրպէյճանականը, վախցած էին ոչ թէ այն բանէն, որ Վրաստան ուժային ձեւով փորձած էր վերականգնել իր տարածքային ամբողջականութիւնը, այլ` Թիֆլիսի գործողութիւններուն Ռուսիոյ անպատշաճ արձագանգէն: Այդ պատճառով Մետվետեւ յստակ կը հասկցնէ, որ զինուորական գործողութիւններու վերսկսման պարագային Ռուսիան պիտի միջամտէ», կը գրէ «Զերքալօ»` նշելով, որ եթէ 2008-ին ստեղծուած իրավիճակին մէջ Մետվետեւ յստակ կերպով Փութինի կամքը կը կատարէր, ապա այսօր իրավիճակը բոլորովին այլ է, եւ Ռուսիոյ նախագահը ղարաբաղեան հիմնախնդիրին շուրջ անհրաժեշտութեան պարագային ստիպուած պիտի ըլլայ ինքնուրոյն որոշումներ տալ:

«Եթէ Ղարաբաղի շուրջ որեւէ ճակատագրական բան տեղի ունենայ, Տմիթրի Մետվետեւ ստիպուած պիտի ըլլայ ինքնուրոյն որոշումներ տալ, եւ ոչ միայն այն պատճառով, որ Ռուսիան Հայաստանի նկատմամբ որոշ պարտաւորութիւններ ունի: Այստեղ նոյնիսկ որեւէ նշանակութիւն չունին նաեւ գերպետութիւններու աշխարհաքաղաքական շահերը: Ատիկա պիտի պահանջեն Տմիթրի Մետվետեւի անձնական շահերը: Ռուսիոյ նախագահը` հաշուի առնելով հասարակական կարծիքը, չի կրնար ոչինչ ընել յատկապէս նախաշեմին ընտրական հոլովոյթներու, որոնք վճռորոշ պիտի ըլլան անոր անձնական քաղաքական ապագային համար», կը գրէ ազրպէյճանական օրաթերթը` աւելցնելով. «Սակայն ամէնէն ահաւորը այն է, որ Ռուսիոյ նախագահը անուղղակի կերպով կը խոստովանի, թէ նոյնիսկ իր անձնական միջնորդութեան պարագային չի կրնար խոստանալ նման տագնապներու արագ լուծում»:

 

Նախորդը

ՄԻՆՉ ՍՈՒՐԻՈՅ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆՑ ՎՐԱՅ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՃՆՇՈՒՄԸ ԿԸ ՍԱՍՏԿԱՆԱՅ. ԹՈՒՐՔԻԱ-ՍՈՒՐԻԱ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱԳԼՑՈՒՄ Կ՛ԱՐՁԱՆԱԳՐԷ

Յաջորդը

«ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՔՈՆԿՐԵՍԸ ՊԱՏՐԱՆՔ ԿԸ ՍՏԵՂԾԷ» Կ՛ԸՍԷ ԳԱԼՈՒՍՏ ՍԱՀԱԿԵԱՆ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.