Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԻՆՉ ՍՈՒՐԻՈՅ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆՑ ՎՐԱՅ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՃՆՇՈՒՄԸ ԿԸ ՍԱՍՏԿԱՆԱՅ. ԹՈՒՐՔԻԱ-ՍՈՒՐԻԱ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱԳԼՑՈՒՄ Կ՛ԱՐՁԱՆԱԳՐԷ

August 8, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պուսայնա Շաապան

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին կողմէ ցուցարարներու արիւնալի ճնշման նկատմամբ Թուրքիոյ համբերութիւնը սպառած է»` աւելցնելով, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու երեքշաբթի օր Դամասկոս պիտի այցելէ եւ այդ ուղղութեամբ «խիստ» պատգամ մը պիտի ուղղէ:

Էրտողան շեշտեց, որ իր երկիրը տեղի ունեցող բռնարարքներուն դիմաց դիտողի վիճակին մէջ չի կրնար մնալ, որովհետեւ Սուրիոյ հետ 850 քիլոմեթր երկարութեամբ սահման ունի, ինչպէս նաեւ ազգականական, պատմական, մշակութային եւ ընտանեկան կապեր կան երկու երկիրներուն միջեւ: «Մենք Սուրիոյ խնդիրները արտաքին քաղաքական հարց չենք նկատեր, այլ` ներքին հարցեր», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «պէտք է ականջ տանք հոնկէ եկող ձայներուն, եւ մենք ականջ կու տանք եւ պէտք եղածը կ՛ընենք»:

Սուրիոյ նախագահի քաղաքական եւ մամլոյ խորհրդական Պուսայնա Շաապան հակազդելով Էրտողանի յայտարարութեան յայտնեց, որ «եթէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Սուրիա կու գայ խիստ պատգամ մը ուղղելու, ապա ան աւելի խիստ խօսք պիտի լսէ թրքական կեցուածքին նկատմամբ, որ մինչեւ հիմա չդատապարտեց զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ քաղաքայիններուն, զինուորականներուն եւ ոստիկանութեան դէմ գործուած վայրագ սպանութիւնները»:

Շաապան ըսաւ, որ «եթէ թրքական կառավարութիւնը Սուրիոյ հարցը ազգականական, պատմական եւ մշակութային կապերու պատճառով արտաքին հարց մը չի նկատեր, ապա Սուրիա միշտ ողջունած է բարեկամներու հետ երկխօսութիւնը, սակայն իր պատմութեան ամբողջ ընթացքին կտրուկ կերպով մերժած է իր ներքին գործերուն որեւէ միջամտութիւն շրջանային կամ միջազգային ո՛ր երկրին կողմէ ալ ըլլայ անիկա»:

Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդը Սուրիոյ իրադարձութեանց նկատմամբ իր առաջին հակազդեցութեան մէջ կոչ ուղղեց անմիջապէս դադրեցնելու արիւնահեղութիւնը: Սուրիական պաշտօնական աղբիւր մը «Սանա» լրատու գործակալութեան ճամբով ցաւ յայտնեց խորհուրդին հրապարակած հաղորդագրութեան առնչութեամբ, որ «ամբողջովին անտեսեց սուրիական կառավարութեան ներկայացուցած տեղեկութիւններն ու փաստերը»: Ան Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդէն պահանջեց «սուրիական հայրենիքին բարիք չցանկացող խմբաւորումներուն» կոչ ուղղել` դադրեցնելու բռնարարքները:

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրի հետ Դամասկոսի մէջ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը կը շարունակէ տոկուն քայլերով բարեփոխման ուղիով ընթանալ: Ան նշեց, որ «օրինազանցները» զսպելով` քաղաքացիներուն ապահովութիւնն ու կեանքը պաշտպանելը պետութեան պարտաւորութիւնն է:

Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարը իր կարգին յայտնեց, որ Պէյրութ կը մերժէ Սուրիոյ ներքին հարցերուն միջամտելու փորձերը` վստահեցնելով, որ Լիբանանի կայունութիւնը Սուրիոյ կայունութենէն կը բխի:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի սուրիական իշխանութեանց կոչ ուղղեց` քաղաքայիններուն դէմ բոլոր բռնարարքներն ու ապահովական արշաւները անմիջապէս դադրեցնելու եւ բարեփոխման քայլերը գործադրելու: Ան Սուրիոյ նախագահին վստահեցուց, որ արտաքին միջամտութիւնները կանխարգիլելու համար բարեփոխումներ կատարելու առիթ գոյութիւն ունի տակաւին:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն նախագահ Ասատի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին Սուրիոյ մէջ վերջին օրերուն արձանագրուած բռնարարքներուն եւ զոհերու թիւին բարձրանալուն նկատմամբ իր եւ միջազգային ընտանիքին խոր մտահոգութիւնը յայտնեց անոր` կոչ ուղղելով դադրեցնելու քաղաքայիններուն դէմ ուժի կիրարկումը: Անդրադառնալով Ասատի այն ակնարկին, թէ ապահովական ուժերու եւ ոստիկանութեան բազմաթիւ անդամներ սպաննուած են, Քի Մուն վստահեցուց, որ ինք կը դատապարտէ թէ՛ քաղաքայիններու եւ թէ՛ ապահովական ուժերու անդամներուն սպանութիւնները:

Պենետիկտոս ԺԶ. պապը սուրիական իշխանութիւններէն պահանջեց ընդառաջել սուրիացի ժողովուրդի օրինական պահանջներուն, իսկ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց, որ Ասատի քաղաքական ապագան  այսուհետեւ անոր ետին է:

Նախորդը

ՍԱՀԱԿԱՇՎԻԼԻ ՄԱՄԼՈՅ ԻՐ ԲԱՆԲԵՐԻՆ ՃԱՄԲՈՎ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ՄԵՏՎԵՏԵՒԻՆ

Յաջորդը

«ՄԵՏՎԵՏԵՒ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ ՍԱՐԳՍԵԱՆՆ ՈՒ ԱԼԻԵՒԸ, ՍԱԿԱՅՆ ԱՒԵԼԻ ՇԱՏ` ԱԶՐՊԷՅՃԱՆՑԻ ՂԵԿԱՎԱՐԸ» ԿԸ ԳՐԷ «ԶԵՐՔԱԼՕ»

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.