Մեծ Եղեռնի Յիսնամեակին Առթիւ
Սուրբ Եփրատին Քով
Հայրենիքէն հեռու, պանդխտութեան դառն տարիներէն յետոյ, եկած ու կանգնած եմ Եփրատին քով, փոքրիկ կղզեակի մը աւազներուն վրայ, վշտին, դառնութեան եւ ցասումի սրտով ու հազար մտածումներով.
Եօթը տարուան կարօտն ունէի, հայրենիքէս հոսող այս գետին, որ բախտը ունեցայ իր մօտը ըլլալու: Այրող եւ մրրկող մտածումներուս հետ, մխիթարանքի ապաւէնս էր կողքիս կախուած սուրը եւ հրացանը: Հայ ազատագրութեան ուխտեալ զինուոր-կամաւոր` այդ ճամբուն վրայ կը գտնուէի: Այս գետը խորհուրդն էր քրիստոնեաներու մկրտութեան: Դարեր առաջ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ս. միւռոնով հազարաւորներ մկրտած է Եփրատի մէջ:
Դարեր յետոյ, 1915 ապրիլ 24-էն յետոյ, ամիսներ շարունակ, հայ նահատակներու կարմիր արիւնով ներկուեցաւ Եփրատը: Այդ սեւ օրերուն թուրք ճիւաղները անխնայ եւ անմարդկային ոճիրներու շարանով միայն զարհուրանք կը տարածէին:
Եփրատի վրայէն անցնող մեծ կամուրջին ճիշդ քովէն, սանդուխներ ունեցող անցքէն, նոր ուխտաւոր ընկերներս կ՛ուզեն զիս սթափեցնել մտածումներուս տանջանքէն: Անոնք տեսան տխրութիւնս: Յուզումի այդ պահուն, քանի մը խօսակցութենէ ետք, ընկերներս զիս մինակ թողեցին, իմ խոհերուս եւ մտածումներուս հետ, ու իրենք` անձնազոհ ֆետայիներ, գացին իրենց հանգիստին, կղզեակի փոքրիկ տնակին մէջ, ցուրտէն եւ խոնաւութենէն տաքնալու համար:
Ես մտածումներուս հետ եղբայրացած` անշարժ կը դիտէի Եփրատի հոսանքը: Լուսնի լոյսին տակ ուշադրութիւնս գրաւեց աղօտ փայլ մը, որ աւազէն դուրս կը մնար: Դողահար մատներով չորս կողմը փորեցի, եւ ահա մարդկային գանկ մըն էր, որ կը կենար դէմս: Բերնին լման ակռաները կը փաստէին, թէ երիտասարդի մը գանկն էր: Ո՞վ գիտէ, թէ Հայաստանի ո՞ր շրջանէն խառնուած է ջուրին եւ հոն աւազին մէջ կորսուած մնացած: Գուրգուրանքով կը վերցնեմ այս գանկը, կը մօտենամ ընկերներուս: Ամէն մէկը իր պատմութիւնը ունի: Անոնք եւս տարուած են Եփրատի տեսքէն:
Խօսողը մեր Յովհաննէսն է.
– Կամաւո՛ր ընկերներ, լսեցէք զիս: Ես աչքերով տեսած ու ապրած եմ այն զարհուրելի կեանքը, որ ապրեցաւ մեր տառապած եւ տանջուած ազգը: Մենք անոր մնացորդացին համար կամաւոր արձանագրուած ենք: Խաչ է մեր բաժինը: Ձեզմէ ոմանք Ամերիկա, արտասահման եւ այլ վայրեր կը գտնուէիք, երբ աղէտը պայթեցաւ մեր գլխուն: Գիտէք, թէ այս սեւ օրերէն առաջ բոլորս ալ խաղաղ ու հանդարտ կեանք մը կ՛ապրէինք ու մեր գործին կ՛երթայինք:
Եկաւ զարհուրանքը: Զինուորական տարիքի մէջ է: Խուսափում չկար: Ո՛չ փրկագին կ՛ընդունէր թուրք կառավարութիւնը եւ ո՛չ ալ բարեխօսութիւն: Միակ արու զաւակն էի տան: Հետեւաբար` պարտադիր զինուոր: Լսած էինք, որ մեր երկիրն ալ պատերազմի մէջ մտած էր: Լսած էինք, թէ թուրք փառամոլ եւ արկածախնդիր ղեկավարներ, հայրենիքի շահէն աւելի, դիւային ծրագիրներ պատրաստած էին, որ ժամանակ մը յետոյ բոլորիս յայտնի եղաւ: Տխուր օր մը մօրմէս եւ ընտանիքէս բաժնուելու դժբախտութիւնը ունեցայ լացով եւ կսկիծով:
Զիս մօրմէս բաժնող նենգամիտ թուրքը կը համոզէր մայրս, թէ մեր քաջարի բանակը, ձեր տղան ալ մէջը ըլլալով, առաւելագոյնը մէկ ամիսէն պիտի ջախջախեն թշնամին եւ ուրախ զուարթ պիտի վերադառնան իրենց տուները: Խաբկանք, սուտ, կեղծիք, շողոքորթութիւն եւ անմիտ մխիթարանք:
Այդ հասուն տարիքիս երբեք չէի բաժնուեր հայրենի տունէս եւ ընտանիքէս: Երկրագործ էի: Առաւօտ կանուխ գործի կ՛երթայի, արտերուս եւ այգիներուս ծառայող, ուրախ եւ զուարթ: Աստուծոյ բարիքներով լեցուն էր մեր տունը: Գործ չունեցած օրերս առաւօտ եւ երեկոյեան` եկեղեցի: Լաւ ձայն ունէի: Դպիր եղած եմ:
Այս մտածումներուս մէջ, կը հետեւէի ինձ տանող թուրքին` անցնելով անծանօթ վայրերէ, ու հասանք զօրանոց: Տխուր նախազգացումներ պաշարեցին զիս: Ի՜նչ կրնայինք ընել: Օրէնքով զինուոր էինք: Բախտակիցներ գտայ, ինձ նման մտածող: Մեր կեանքի տառապալի օրերը սկսան: Օրէ օր` գէշ լուրեր: Ժամանակ մը աշխարհէն կտրուած մնացինք: Նոր եկողներ սկսան պատմել աւելի գէշ լուրեր` օր ցերեկով բանտարկութիւն, բռնութիւն, կողոպուտ:
Ամէն ինչ բանակի անունով կը բռնագրաւուէին: Սպանութիւններ: Գիւղեր եւ քաղաքներ` իրարմէ կտրուած: Խումբ խումբ հայեր անծանօթ ուղղութեամբ կը տարուին: Մեր կացութիւնն ալ ծանրացաւ: Սկսանք տարապայման աշխատանքի: Ջարդի եւ տեղահանութեան լուրեր: Գիւղեր եւ քաղաքներ` պարպուած: Խստութիւն, անարգանք եւ սպառնալիքներ: Թուրքերը կը խնդային մեր մարդկային միամտութեան վրայ: Կարճ ժամանակ յետոյ յայտնի եղաւ, որ Եփրատի ուղղութեամբ կը տանին: Սկսան մեզ տասը տասը կապել` անհնար դարձնելով մեր փախուստը: Խօսուածները եւ ըսուածները իրականութիւն սկսան դառնալ: Ոչ մէկ տեղեկութիւն` հայրենի տունէս մեր գրած նամակներէն:
Հեռուէն` հրացանի ձայներ: Աճապարանք: Ետ մնացողներ` ծեծի եւ կշտամբանքի առարկայ: Հասանք փոքր բլուր մը, որուն ետին հաւաքուած գտանք խումբեր: Զինուած մարդիկ, աղմուկ, իրարանցում: Քիչ յետոյ լսելի եղաւ լացի եւ ողբի ձայներ: Դժոխք էր, որ կ՛երթայինք: Եփրատի ալիքներուն վրայ տեսանք մարդկային դիակներ: Փոքրիկներ նախ կը սպաննուէին եւ յետոյ կը նետուէին գետի յորձանքին: Տարակոյս չկար, թէ նոյն ճակատագիրը նաեւ մեզի վիճակուած էր: Պահ մը իրարու երես նայեցանք: Որոշեցինք փախչիլ: Յաջողեցանք աննկատ կերպով քակուիլ մեր կապերէն: Կարգը մեզի չեկած` մօտակայ փոսի մը մէջ կրցայ իյնալ: Վերը` հրացանի համազարկ: Յաջողած էինք հինգ հոգի ազատիլ: Մէկը` թեւէն վիրաւոր: Սողալով կարողացանք աւելի ապահով բոյն մը մտնել: Վրայ հասաւ գիշերը: Ա՛լ ազատ էինք հետապնդումէ: Տեղի եւ վայրի ճշդումէ ետք, ուղղուեցանք դէպի Տէրսիմ: Ցերեկները պահուըտելով խոտ եւ բոյսեր ուտելով, գիշերները տառապալի ճամբորդութիւններով հասանք Տէրսիմ:
Քիւրտերը ստուգելով մեր ինքնութիւնները, տարին ու յանձնեցին իրենց մեծաւորներուն, որոնք մարդկայնօրէն պահեցին մեզ: Երբեմն կռիւներու կը մասնակցէինք: Տակաւին աչքերուս առջեւ կը պատկերանայ Եփրատը իր ամբողջ զարհուրանքով: Կը մտածէի, թէ կոտորածը կը շարունակուէր անխնայօրէն, ու մարդակերպ գազանները կը գլխատէին, կը կացինահարէին…
Ահա Եփրատը, իմ ցեղիս կարմիր արիւնով: Ահա դիակներ շարան-շարան, ալիքներէն կը քշուին, ու ահա անոնցմէ գանկ մը, հարիւր հազարաւորներէն մէկը, որ հոս պատին վրայ կը տեսնենք:
Արցունքները կը խեղդէին մեզ: Այս սարսռազդեցիկ պատմութիւնը մտիկ ընելով եւ դիտելով գանկը անխօս, որ Յովհաննէսին պատմութիւն պիտի ըսէր, ինչպէս լսեցինք, վերապրողի պատմութիւնը:
***
Եթէ մոռնանք այս բոլորը, քարերը պիտի աղաղակեն: Մեր նահատակները իրենց գերեզմանէն (եթէ ունին) մեզ պիտի անիծեն: Մեր անմեղ մանուկներուն ձայները մեզ պիտի հալածեն: Նահատակներու թափած արիւնը մեզ պիտի խեղդէ: Վերապրողներու անէծքը պիտի լսենք:
Ինչպէ՜ս մոռնալ անմեղ մանուկներու զամբիւղով ծով թափուիլը կամ գետերուն յանձնուիլը: Ինչպէ՜ս մոռնալ գանկերով շինուած խաչանիշները` նախատելու համար նաեւ Քրիստոսը: Ինչպէ՜ս մոռնալ տեղահանուածներու աղբիւրներէ եւ գետերէ հեռու պահուիլը, որպէսզի ծարաւէ մեռնին: Ինչպէ՜ս մոռնալ ճեղքուած արգանդներէ մանուկներու դուրս բերուիլը, սուիններու ծայրերը անցուիլը, որպէսզի հրէշներ ուրախանան եւ ծիծաղին, ծափ զարնեն ու հրճուին: Ինչպէ՜ս մոռնալ կախաղանները անմեղներու, մտաւորականներու եւ ուսուցիչներու: Ինչպէ՜ս մոռնալ անպատւուած կոյսերու եւ կիներու վրայ գործադրուած անմարդկային եւ հրէշային արարքները: Ինչպէ՜ս մոռնալ ողջ-ողջ այրուածները: Ինչպէս մոռնալ անոնց ճիչերն ու աղաղակները, որոնց արձագանգն այսօր ալ կը լսենք: Ինչպէս մոռնալ մեր բիւրաւոր վանքերը, եկեղեցիները եւ սրբատեղիները, անոնցմէ դուրս բերուած եւ անարգուած մասունքները:
Ապրիլի այս օրերուն, հայութիւնը, իր ուխտին արցունքներ խառնելով, կանգուն է: Լեցուցած է իր պակասները: Շինած է դպրոց ու եկեղեցի: Մեր աչքին առջեւ են մեր նահատակներու նշխարները Անթիլիասի մէջ: Հոն, իւրաքանչիւր գանկ յիշեցումն է մեր սրբազան կտակին:
Ոգեկոչելով անոնց անմահ յիշատակը` զիրենք չմոռնալու ուխտը կը կրկնենք նաեւ այսօր:
Յարգա՜նք ու օրհնութի՜ւն մեր բիւրաւոր նահատակներուն:
ԽՈՐԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՃԷՄԵԱՆ
Ապրիլ 1965, Պէյրութ
Հաղորդագրութիւն
Երէկ, 21 ապրիլ 1965, հետեւեալ հաղորդագրութիւնը երեք հայ համայնքներու հոգեւոր պետերուն կողմէ ղրկուեցաւ օտար մամուլին` արաբերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով:
Յառաջիկայ կիրակի, 25 ապրիլ 1965, հայ համայնքները միասնաբար պիտի ոգեկոչեն Թուրքիոյ հայոց տեղահանութեանց եւ ջարդերուն յիսնամեակը:
Լիբանանի մէջ չկայ հայ ընտանիք մը, որ չողբայ հայր մը, մայր մը, ամուսին մը կամ մերձաւոր ազգականներ, որոնք սպաննուեցան կամ անհետացան 1915-ի աննախընթաց ցեղասպանութեան միջոցին:
Որով, մէկուկէս միլիոն հայեր, խաղաղակեաց եւ աշխատունականներ, ի սպառ կորսուեցան բռնութեամբ, տեղահանութեամբ եւ ջարդով:
Այս առիթով ոգեկոչման հանդիսութիւն մը կազմակերպուած է Մարզական աւանին մէջ, որ տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 25 ապրիլին, կէսօրէ առաջ ժամը 10:00-ին, որուն ընթացքին աղօթքներ պիտի մատուցուին ի յիշատակ նահատակներուն, եւ զոհերուն անմոռաց յիշատակը պիտի պանծացուի:
Ծրագրած էինք, արարողութեան աւարտին թափօր կազմելով եւ կարգապահութեամբ, արժանավայել լրջութեամբ եւ երկիւղածութեամբ մեր հաւատացեալները առաջնորդել դէպի լիբանանեան նահատակներու յուշարձանը` հոն զետեղելու համար ծաղկեպսակ մը: Բայց, նկատի առնելով ներկայի պարագաները, հարկ եղաւ մեր այս ծրագիրը փոփոխութեան ենթարկել:
Ուստի, Մարզական աւանի հանդիսութեան աւարտին, հոգեւոր պետերէ եւ ազգայիններէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը պիտի երթայ Պուրճի հրապարակը հոն զետեղելու համար ծաղկեպսակ մը` յուշարձանին լիբանանեան նահատակներուն, որոնք իրենց կեանքի ողջակիզումով անքակտելիօրէն միացած են մէկուկէս միլիոն հայ նահատակներուն հետ:
ԽՈՐԷՆ Ա.
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ԻԳՆԱՏԻՈՍ-ՊԵՏՐՈՍ ԺԶ. ՊԱԹԱՆԵԱՆ
ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ
ՎԵՐ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ
ՆԱԽԱԳԱՀ ՄԵՐՁ. ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՅ
ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
21 ապրիլ 1965
Համազգային Միասնական Ոգեկոչում
Ապրիլեան Եղեռնի Յիսնամեակին
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Այսու կը ծանուցանենք մեր պատուական լիբանանահայ ժողովուրդին, որ յառաջիկայ ապրիլ 24-ին եւ 25-ին ապրիլեան նահատակներու յիշատակը պիտի ոգեկոչուի Լիբանանի մէջ մեծաշուք եւ բացառիկ հանդիսութեամբ, 1915-ի Եղեռնի յիսնամեակին առիթով:
Ապրիլ 24-ին, շաբաթ օր, իւրաքանչիւր հայ համայնք իր եկեղեցական կեդրոններուն մէջ հոգեւոր արարողութիւններով, Ս. պատարագներով եւ հոգեհանգստեան պաշտօններով պիտի փառաւորէ հաւատքի եւ ազգութեան համար զոհուած մէկուկէս միլիոն մեր նահատակներու խնկելի եւ յաւէտ անմոռանալի յիշատակը:
Ապրիլ 25-ին, կիրակի առաւօտ, ժամը 10:00-ին քաղաքիս մեծագոյն հաւաքավայրին` Մարզական աւանին մէջ պիտի կատարուի համազգային փառաշուք հանդիսութիւն մը` նախագահութեամբ երեք հայ հոգեւոր պետերուն եւ մասնակցութեամբ երեք հայ կուսակցութիւններուն: Ներկայ պիտի գտնուին նաեւ պետական եւ եկեղեցական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ եւ ներկայացուցիչներ:
Մեր ժողովուրդը խուռներամ բազմութեամբ պէտք է լեցնէ մարզադաշտը առաւօտ կանուխէն, որպէսզի հանդիսութիւնը սկսի ճիշդ ժամը 10:00-ին:
Անհատական եւ հանրային փոխադրական միջոցներով, անձնական ինքնաշարժներով եւ օթոպիւսներով մեր ժողովուրդը պէտք է երթայ Մարզական աւան: Վստահ ենք, որ մեր պաշտելի նահատակներուն սուրբ յիշատակին արժանավայել լրջութեամբ եւ օրինակելի կարգապահութեամբ մեր ժողովուրդը պիտի հաւաքուի մարզադաշտ եւ լուռ, զուսպ եւ երկիւղած կեցուածքով մասնակցի հանդիսութեան:
Տօնակատարութեան վերջաւորութեան ներկայ եղողները նոյն կարգապահութեան ոգիով եւ ինքնաշարժներու միջոցով պէտք է վերադառնան իրենց բնակարանները` տալով փաստը իրենց լուրջ, գիտակից եւ կարգապահ քաղաքացիութեան, որ մեր պատուաբեր վարկն է լիբանանեան հայրենիքին մէջ:
Փոխադրութեան միջոցներու մասին յաջորդ հաղորդագրութեամբ պիտի տրուին աւելի մանրամասն ցուցմունքներ:
ՔԱՐՏՈՒՂԱՐՈՒԹԻՒՆ
ԱՊՐԻԼԵԱՆ ԵՂԵՌՆԻ ՅԻՍՆԱՄԵԱԿԻ
ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐ. ԳՈՐԾԱԴԻՐ
ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ
21 ապրիլ 1965